Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանանց Նուիրուած Հանդիսութիւն

February 26, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

IMG_4029-reԵրեքշաբթի, 10  փետրուար 2015-ին, Մեսրոպեան վարժարանի երկրորդական բաժնի աշակերտները առանձին հանդիսութեամբ մը նշեցին Վարդանանց տօնը: Հանդիսութեան ներկայ եղան` Լիբանանի հայ կաթողիկէ վարժարաններու տնօրէններու խորհուրդի նախագահ Գէորգ ծ. վրդ. Եղիայեան, Սուրբ Փրկիչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Պերճ. վրդ. Պահէ եւ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ – Սուրբ Եղիա եկեղեցւոյ փոխժողովրդապետ  Րաֆֆի քհն. Յովհաննէսեան:

Օրուան պատգամախօսն էր Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան: Ան ժամանակակից արհեստագիտութեան եզրաբանութիւն օգտագործելով` աշակերտներուն ներկայացուց Վարդանանց եւ Ղեւոնդեանց սերունդի աւանդն ու հանգանակը, զոր խտացուց երեք հասկացողութիւններու մէջ` ինքնութիւն, պատկանելիութիւն եւ սրբազան խենթութիւն: Քահանայ հայրը Ղեւոնդ Երէցի կերպարը ներկայացուց իբրեւ պատկանելիութեան, իսկ Վարդան Մամիկոնեանինը` իբրեւ ինքնութեան խորհրդանիշ, շեշտելով, որ ինչպէս անցեալին, նոյնպէս եւ այսօր սրբազան խենթութիւնը այդ երկու յատկանիշները միատեղ ապրիլն է: «Խենթը մեր նահատակներն են, որոնք փոխանակ իրենց գլուխները կակուղ բարձի վրայ հանգչեցնելու` նախընտրեցին անապատի սովը եւ լեռներու ժայռաբարձը: Խենթը այն է, որ փոխանակ ապրելով մեռնելու` կը նախընտրէ մեռնիլ` յաւերժ ապրելու համար», ըսաւ Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեան: Քահանային պատգամը յատկանշուեցաւ սրութեամբ, շեշտակիութեամբ եւ հայ ազգային ներկայ կեանքին վերաբերեալ հատու դիտողութիւններով, աշակերտներուն ուղղուած գօտեպնդող հաստատումներով:

Հանդիսութեան փակման խօսքին մէջ վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ շեշտեց Վարդանանց աւանդին ու կտակին հաւատարիմ մնալու կարեւորութիւնը` որպէս հիմնաքար հայ ազգային եւ հոգեւոր ինքնութեան եւ որպէս ամենավառ օրինակ` յանուն խղճի եւ ազգային մշակոյթի պաշտպանութեան հայ ժողովուրդի դարաւոր պայքարին:

Հանդիսութեան գեղարուեստական մասով ելոյթ ունեցան աշակերտներ Սթեֆանի Պալթայեան (ասմունք` «Վարդանատօն», Ժաք Ս. Յակոբեան) եւ Նայիրա Պաղտասարեան (երգ` «Վաղ թէ ուշ»), իսկ հանդիսավարութիւնը կատարեց Արազ Ապաճեան:

Նախորդը

«Սիս Մատեան»` Անսպառ Աղբիւր Սիսի Ու Կիլիկիոյ Պատմութեան

Յաջորդը

Հայոց Ցեղասպանութեան Հատուցումներու Ուսումնասիրման Խումբի Զեկոյց. Հարցազրոյց ՀՅԴ Բիւրոյի Անդամ Կիրօ Մանոյեանի Հետ

RelatedPosts

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է
Գաղութային

Ալեքսանտրեթի Պատմական Հայկական Եկեղեցին Աւերակի Վերածուած Է

September 11, 2026
ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

November 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

October 25, 2024
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.