Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վարդանանց Հանդիսութիւն` Մեսրոպեանի Մէջ. Վարդանանց Խորհուրդը ` Առօրեայ Ապրում

Փետրուար 16, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

21115_mesrobian11 փետրուար 2015-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտութիւնը պատշաճ հանդիսութեամբ մը նշեց Սուրբ Վարդանանց տօնը` երգերու, ասմունքի, պարի ու թատերական պատկերներու ընդմէջէն  ոգեկոչումը կատարելով վասն հայրենեաց ու վասն կրօնի նահատակուած հերոսներուն:

Հանդիսութեան գլխաւոր պատգամախօսն էր «Մասիս» շաբաթաթերթի պատասխանատու խմբագիր, Զալքայի Սուրբ Խաչ եկեղեցւոյ ժողովրդապետ Սեպուհ վրդ. Կարապետեան:

Աշակերտներուն ուղղուած անմիջական խօսքով ան բացատրեց, որ Վարդանանց խորհուրդը պատմութեան մէջ աւարտած իրադարձութիւն մը  չէ միայն, այլ` առօրեայ ապրումի հիմք: Վարդապետը շեշտեց, որ Վարդանանց խորհուրդը մեր ներկային մէջ կենդանի ապրում է, այնքան ատեն որ հայ մարդիկ հաւատարիմ կը մնան իրենց ինքնութեան, կառչած կը մնան իրենց մայրենի լեզուին ու մշակոյթին եւ քրիստոնէութիւնը կ՛ապրին ոչ ձեւականօրէն, այլ` անոր հարազատ արտայայտութեան մէջ: Հայր Սեպուհ դիտել տուաւ, որ ազգային ու հոգեւոր արժէքներուն նուիրուած իւրաքանչիւր հայ, մեծ թէ փոքր, ըստ էութեան ապրող Վարդան մըն է, որովհետեւ այս աշխարհին կը ներկայանայ որպէս ժառանգորդն ու շարունակողը այն արժէքներուն, որոնց պաշտպանութեան համար Վարդան Մամիկոնեան եւ իր զինակիցները հերոսաբար արեամբ վճարեցին:

21115_meՀանդիսութեան գեղարուեստական մասով վարժարանի «Ծիծեռնակ» երգչախումբը կատարեց 8 երգ, իսկ  Ա.-Զ. դասարաններու աշակերտները կատարեցին խմբային երգեր եւ ասմունք: Դ. դասարանի աշակերտուհիներ Միրէյ Ճեմօ եւ Լալէ Մեղեդի Աբգարեան ներկայացուցին երկխօսութիւն մը` «Վարդանի մասին», ի ցոյց դնելով դերասանական շնորհներ:  Նոյնպիսի շնորհով հանդէս եկան Դ. դասարանի խումբ մը աշակերտներ, որոնք բեմականացուցին հայ նախարարներու երեսանց ուրացումի դրուագը:  Պարային ելոյթով հանդէս եկան նախակրթարանի  «Շուշի» պարախումբը եւ ԺԱ. դասարանի աշակերտուհիներ, մինչ Էլի Թորանեան ասմունքեց «Վարդան Մամիկոնեանի ճառը` ճակատամարտէն առաջ»: Հանդիսավարութիւնը կատարեց Լեթիսիա Հեքիմեան:

Հանդիսութեան փակման իր խօսքին մէջ վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ նշեց, որ Աւարայրի հերոսներուն հետապնդած դատը մինչ այսօր կարիք ունի պաշտպաններու, որովհետեւ մինչեւ այսօր կը շարունակուին ոտնձգութիւնները` արդարութեան եւ իրաւունքի դէմ, ու մինչեւ այսօր հայութեան կը զլացուի իրաւունքը` ապրելու իր ամբողջական հայրենիքին մէջ:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (16 Փետրուար 1965)

Յաջորդը

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան. Վարդանանաց Ճակատամարտի Տօնախմբութիւն

RelatedPosts

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ.  Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը
Գաղութային

Պուրճ Համուտի Եւ Այնճարի Մէջ. Լիբանանահայութիւնը Զօրակցեցաւ Արցախին Եւ Դատապարտեց Ազրպէյճանի Ցեղային Զտման Քաղաքականութիւնը

Յունուար 26, 2023
Տագնապող Եւ Պայքարող Հայը
Գաղութային

Պետական Պաքալորիայի Լրացուցիչ Քննութիւններու Նախօրեակին Քուէթաբնակ Բարերար Կիրակոս Գույումճեան Յաջողութիւն Կը Մաղթէ 12-րդ Կարգի Հալէպահայ Ուսանողներուն

Յուլիս 25, 2022
Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի 100-ամեակին Առիթով.   Երաժշտական Յիշատակելի Եւ Բարձրորակ Ելոյթներ` Վահագն Հայրապետեանի, Հայկ Պետրոսեանի Եւ Անոնց Նուագախումբին Կատարողութեամբ
Գաղութային

Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարանի 100-ամեակին Առիթով. Երաժշտական Յիշատակելի Եւ Բարձրորակ Ելոյթներ` Վահագն Հայրապետեանի, Հայկ Պետրոսեանի Եւ Անոնց Նուագախումբին Կատարողութեամբ

Մարտ 28, 2022

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In