Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ս. Խաչ-Հարպոյեան Բարձրագոյն Վարժարան. Վարդանանաց Ճակատամարտի Տօնախմբութիւն

Փետրուար 16, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

21115_Sourp-KhatchՃակատագրական եւ անկիւնադարձային նշանակութիւն ունեցող Վարդանանց ճակատամարտին ընթացքին հայ ժողովուրդը հաւատափոխութեան դէմ պայքար մղելով` կերտած է իր պատմութեան կարեւոր էջերէն մէկը:

Այս դիւցազներգութեան նշումը դարձած է հայ ժողովուրդի աւանդութիւններէն մին: Արդարեւ, հայ կաթողիկէ պատրիարքութեան Ս. Խաչ-Հարպոյեան վարժարանի աշակերտութիւնը Վարդանանց տօնը յիշատակեց չորեքշաբթի, 11 փետրուար 2015-ին:

Բացման խօսքով 12-րդ դասարանի աշակերտուհի Արինա Թեփիրճեան ըսաւ. «Աւարայրի ճակատամարտը ապացուցեց, որ հայը հոգեւոր արժէք եւ ազգային արժանապատուութիւն ունեցող, վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց պայքարող ու, ի հարկին, ապստամբող ժողովուրդ է», եւ աւելցուց, թէ` «Վարդաններու խիզախութիւնը, անձնուրաց եւ ազատատենչ ոգին է, զոր հայը դրսեւորած է Փետրուարեան ապստամբութեան, Սարդարապատի ճակատամարտի եւ Արցախի ազատագրական պայքարի օրերուն, եւ բոլոր այն օրհասական պահերուն, երբ հայու գոյատեւումը վտանգուած էր»: Թեփիրճեան նշեց նաեւ, որ մանաւանդ Ցեղասպանութեան 100-ամեակի, Աւարայրը կ՛ամրապնդէ մեր ժողովուրդի ազգային ազատագրական եւ պահանջատիրական ոգին, եւ այդ ոգիին պահպանումն ու փոխանցումը մեր` նոր սերունդին ձեռքն է այսօր:

Հանդիսավարներ Լիւսի Ղարիպեան եւ Ասատուր Պասմաճեան խօսեցան փետրուարեան այլ ազգային եւ կրօնական բնոյթի առիթներուն մասին նաեւ, ինչպէս` Փետրուարեան ապստամբութիւնը, Բարեկենդանը եւ Տեառնընդառաջը, եւ հակիրճ տեղեկութիւններ փոխանցեցին անոնց մասին: Ապա բեմ հրաւիրուեցան մանկապարտէզի Կոկոն եւ Ծաղիկ դասարաններու աշակերտները, որոնք արտասանեցին «Քաջ Վարդան Մամիկոնեան» ասմունքը: Անոնց յաջորդեցին շարք մը ասմունքներ. Դ. կարգէն Սելին Գոգեան եւ Աքասիա Ազատեան` «Արի հայեր», Ե. կարգէն Համբիկ Յովսէփեան եւ Ռաֆայէլ Մխսեան «Վարդանանց», ինչպէս նաեւ Զ. կարգի խմբային «Վարդանական» արտասանութիւնը:

BT2 դասարանէն Կարօ Նագգաշեան եւ BP2 դասարանէն Սերժիօ Ահարոնեան ելոյթ ունեցան «Հայոց քաջեր» երգին կատարողութեամբ:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան պատգամախօս Նշան աբղ. Լախոյեանը, որ նշեց, թէ Աւարայրի ճակատամարտին, Վարդան եւ իր ընկերները, ինչպէս նաեւ Ղեւոնդ Երէց եւ միւս քահանաները, հաւատալով, որ` «Մահ իմացեալ անմահութիւն է», նահատակուեցան, որպէսզի մենք այսօր հայ ու քրիստոնեայ մնանք: Անդրադառնալով հայոց պատմութեան մէջ մեր ժողովուրդին կրած բազմաթիւ պարտութիւններուն, ան առանձնացուց Վարդանանց ճակատամարտը, որ պարտութիւն ըլլալով հանդերձ, յաղթութիւն եղած է մեզի համար, որովհետեւ այդ մէկը հաւատքի ու լինելութեան պայքար եղած է, եւ մենք կրցած ենք պահել մեր հայրենիքն ու հաւատքը, հետեւաբար յաղթանակած ենք: Հայր սուրբը ըսաւ, թէ Հայոց ցեղասպանութիւնը մեզի համար երկրորդ Աւարայր մըն էր, բայց մենք, դարձեալ Վարդանանց ոգիով, զիջեցանք ո՛չ մեր կրօնէն եւ ո՛չ ալ մեր հայրենիքէն: Ան իր խօսքին աւարտին խրախուսեց աշակերտները` ըլլալու այսօրուան Վարդանները, որոնք հայ դպրոց ու հայ եկեղեցի յաճախելու ճամբով կը ստանան ազգային, հոգեւոր ու բարոյական արժէքներ:

10-րդ դասարանի աշակերտ Յուշիկ Բաբուճեանի կատարողութեամբ համադրուած ասմունքը` ձօնուած Վարդանանց զօրավարաց, եկաւ ապացուցելու քաջ սպարապետին եւ անոր հզօր բանակին արիութիւնը եւ կրօնի ու հայրենիքի սիրոյն նահատակուելու  վճռակամութիւնը:

Գեղարուեստական բաժնի վերջին մասով վարժարանին երգչախումբը ներկայացուց «Վարդանի ժառանգները», «Թէ հայրենեաց պսակադիր» եւ «Կարմիր Վարդան» երգերը` դաշնամուրի ընկերակցութեամբ  Սոնիկ Բամպուքեանի:

Հանդիսութեան աւարտին բեմ բարձրացաւ վարժարանի տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանը, որ շնորհակալութիւն յայտնեց օրուան պատգամաբերին, շնորհաւորեց Վարդան անունը կրող աշակերտները եւ անոնց հարազատները եւ մաղթեց, որ անոնք իրենց անունով անմահացնեն Վարդանանց զօրավարաց յիշատակը: Ռ. Պոյաճեան ըսաւ, թէ մենք կրնանք այսօրուան Վարդանները ըլլալ, բայց մէկ պայմանով` հաւատարիմ մնալով մեր կրօնին ու ազգային պատկանելիութեան: Ան հաստատեց, որ մենք ալ պիտի պայքարինք մեր հաւատարմութեամբ` հանդէպ մեր կրօնին, հայրենիքին ու մշակոյթին, եւ այդպիսով պիտի շարունակենք եւ ամրապնդենք նոյն յաղթանակը:

 

Նախորդը

Վարդանանց Հանդիսութիւն` Մեսրոպեանի Մէջ. Վարդանանց Խորհուրդը ` Առօրեայ Ապրում

Յաջորդը

Կրթական Միջազգային Ծրագիր` Մեսրոպեանի Մէջ

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?