Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Ոտքի Ոսկորի Հարցեր» Նիւթով

Փետրուար 28, 2015
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC04865Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, չորեքշաբթի, 25 փետրուար 2015-ի առաւօտեան ժամը 10:30-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ դասախօսութիւն` նիւթ ունենալով «Ոտքի ոսկորի հարցեր»-ը, զոր ներկայացուց բեկաբուժ – վիրաբուժ տոքթ. Փետրօ Նախլէ:

Բացման խօսքը առողջապահական յանձնախումբին անունով ներկայացուց Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք դասախօսը նշեց, թէ ոտքերը մարմնի յենարաններն են: Ոտքի որեւէ տեսակի անհանգստութիւն արգելք կը հանդիսանայ մեր առօրեայ կեանքի հեզասահ ընթացքին:

Տոքթ. Փետրօ Նախլէ դասախօսութեան սկսաւ սահիկներու օժանդակութեամբ բացատրելով ոտքի կառոյցը, ոսկորները, մկանները, յօդակապերը: Ան ոտքը բաժնեց երեք մասի` ետեւի, միջին ու առջեւի մասերը: Նշեց նաեւ, թէ ոտքը մօտաւորապէս 15 ոսկորներէ կը բաղկանայ, ինչպէս նաեւ մկաններէ, յօդակապերէ եւ այլն:

Տոքթ. Փետրօ Նախլէ յաջորդ բաժինով բաւական մանրամասն խօսեցաւ ոտքի յատուկ հարցի մը մասին, որ կը կոչուի (Հալիւքս Վալկիւս):

Հալիւքս կը նշանակէ ոտքի մեծ մատ, բթամատ
Վալկիւս կը նշանակէ ծռիլ, թեքուիլ:

Հետեւաբար ոտքի մեծ մատի, բթամատի դէպի ներս թեքուիլը:

Վերոնշեալ երեւոյթը ունի իր հիմնական պատճառները.

ա- Ժառանգական ազդակը:
բ- Երկար ժամանակ բարձր եւ սրածայր կօշիկներու գործածութիւնը:
գ- Ոտքի կառոյցը, ձեւը:
դ- Ոտքի յատակը տափակ ըլլալու պարագան կը նկատուի Հալիւքս Վալկիւս վիճակի յայտնուիլը:

Այս բաժինով պէտք է նկատի ունենալ այն կացութիւնը, թէ ոտքի մատներու կառոյցը կը նպաստէ Հալիւքս Վալկիւսի զարգացման: Եթէ պարագան ի ծնէ այդպէս է, ատիկա կը զարգանայ 20-25 տարեկանի միջեւ, իսկ երբ աւելի ուշ, 60 տարեկանէն վերջ:

Տոքթ. Փետրօ Նախլէ բացատրեց, թէ ինչպէ՛ս եւ ի՛նչ ընթացքով ոտքի բթամատը կը թեքուի եւ ի՛նչ աստիճանի ու տարողութեան կը հասնի կացութիւնը:

Ի՞նչ են ախտանշանները.- Ոտքի բթամատի թեքուիլը, սուր ցաւ, տարբեր բորբոքումներու առկայութիւնը, կոշտուքներու յայտնուիլը եւ բազմացումը:

Հալիւքս Վալկիւսի բուժման մասին խօսելով` բժիշկը հարցը բաժնեց գլխաւոր երկու ուղղութեան:

Առաջին.- Յարաբերաբար այս կը նպաստէ բթամատի աւելի դանդաղ թեքումին, ու դադրեցման, բայց ոչ վերջնական բուժման:

Շուտով դադրեցնել բարձր կօշիկներու օգտագործումը:

Գործածել յատուկ կազմածներ որոնք կը նպաստեն ոտքի ընդհանուր ճնշումի տարածման ու հաւասարակշռութեան:

Երկրորդ.- Այս ուղղութիւնը վերջնականապէս կը բուժէ եւ կը լուծէ ոտքի բթամատի  թեքումը: Գործողութեամբ կարելի է դադրեցնել եւ ուղղել ոտքի մատները:

Տոքթ. Փետրօ Նախլէ նաեւ ներկայացուց այլ ոտքի ոսկորներու հարցեր, անոնց պատճառները, ախտանշանները, բուժման միջոցները:

Աւարտին դասախօսը տարբեր օրինակներով ու բացատրութիւններով պատասխանեց ներկաներու հարցումներուն:

Նախորդը

Փողոցէն Ետք, Արուեստագէտի Կեանքը

Յաջորդը

«Հայերու Թալանուած Հարստութիւնը` Թրքական Հզօր Տնտեսութեան Հիմքը». Լեւոն Զեքի Ետալեան

RelatedPosts

ՀՕՄ-ի Յայտարարութիւնը Շարունակուող Ցեղասպանութեան Մը Դէմ
Գաղութային

ՀՕՄ-ը Կը Մնայ Յանձնառու` Ուսանողներու Կրթաթոշակ Տրամադրելու

Նոյեմբեր 1, 2024
Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ
Գաղութային

Մեծարենցեան Երեկոներ Երաժիշտ, Երգահան Զեքի Նասիֆ Այնճարի Մէջ

Հոկտեմբեր 25, 2024
Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»
Գաղութային

Մինաս Գոճայեանի Եւ Լեւոն Շառոյեանի Այցելութիւնները՝ «Ազդակ»

Մայիս 26, 2023
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?