Ամերիկեան իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ 4,8 ռիխթըր ուժգնութեամբ երկրաշարժ մը ուրբաթ առաւօտեան ցնցած է Նիւ Եորք քաղաքին գերբնակուած շրջաններէն մէկը, իսկ Մանհաթընի բոլոր շէնքերը ցնցուած են:
Ամերիկեան երկրաբանական ուսումնասիրութիւններու խորհուրդը յայտարարեց, որ երկրաշարժին կեդրոնը Նիւ Ճըրզի նահանգի Լիբանան շրջանին մօտ էր:


