Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զելենսքի. «Ուքրանիան Պատերազմին Մէջ Պարտութեան Պիտի Մատնուի, Եթէ Ամերիկեան Քոնկրեսը Օժանդակութիւններու Թղթածրարը Չվաւերացնէ»

April 9, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ուքրանիոյ նախագահ Վոլոտիմիր Զելենսքի զգուշացուց, որ Քիեւ Ռուսիոյ դէմ պատերազմին մէջ պարտութեան պիտի մատնուի, եթէ Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսը չվաւերացնէ Մոսկուայի ներխուժման դիմակայման համար իրեն յատկացուած զինուորական օժանդակութիւններու թղթածրարը:

Զելենսքի նուիրատուութիւններու ապահովման համար եւ Քիեւի հովանաւորութիւնը վայելող «Եունայթըտ24» հարթակին հետ առցանց ժողովի ընթացքին յայտնեց. «Պէտք է որոշակի կերպով ըսել, որ եթէ Քոնկրեսը Ուքրանիոյ չօգնէ, ապա Ուքրանիան պատերազմին մէջ պիտի պարտուի»:

Ան աւելցուց, որ առանց օժանդակութիւններու Ուքրանիոյ համար «դժուար պիտի ըլլայ գոյատեւել»:

«Եթէ Ուքրանիան պատերազմին մէջ պարտուի, այլ երկիրներ յարձակումի պիտի ենթարկուին», նշեց Զելենսքի:

Քամերոն Եւ Սեժուռնէ. «Ուքրանիոյ Պարտութիւնը Համազօր
Պիտի Ըլլայ Ամբողջ Արեւմուտքի Պարտութեան»

«Ուքրանիոյ պարտութիւնը համազօր պիտի ըլլայ ամբողջ Արեւմուտքի պարտութեան», բրիտանական «Տը Թելեկրաֆ» օրաթերթին մէջ հրապարակած իրենց միացեալ յօդուածին մէջ նշած են Բրիտանիոյ եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարներ Տէյվիտ Քամերոնն ու Սթեֆան Սեժուռնէն:

«Մեր երկուքին համար ալ բացարձակապէս յստակ է, որ Ուքրանիան այս պատերազմին մէջ պէտք է յաղթէ», կը նշեն նախարարները` ընդգծելով. «Աշխարհը մեզի պիտի չներէ, եթէ մենք այս հարցին մէջ անյաջողութեան մատնուինք»:

Արտաքին գործոց նախարարները միեւնոյն ժամանակ միջազգային ընտանիքին կոչ կ՛ուղղեն` աւելի գործօն կերպով աջակցելու Քիեւին:

«Ֆրանսան եւ Բրիտանիան պէտք չէ առանձին լուծեն այս խնդիրը», նշուած է Քամերոնի եւ Սեժուռնէի միացեալ յօդուածին մէջ:

 

Նախորդը

ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի Տղոց Խումբը «Ցնցած» Է Գաղութը

Յաջորդը

Գահիրէի Բանակցութիւններուն Մէջ Յառաջընթացի Մասին Հակասական Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական  Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ
Գլխաւոր լուրեր

Օմանի Մէջ Իրան-Ծոցի Արաբական Երկիրներ Ժողովը Յետաձգուեցաւ

September 15, 2026
Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի  Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու  Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին
Միջազգային

Կալեսի, Սկովտիոյ Եւ Հիւսիսային Իրլանտայի Ղեկավարները Բրիտանիոյ Կազմէն Դուրս Գալու Իրաւունքի Մասին Յուշագիր Ստորագրեցին

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.