Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա Իսրայէլի Դէմ Քայլեր Կ՛որդեգրէ Կազա Օդի Ճամբով Օժանդակութիւններ Հասցնելու Անգարայի Խնդրանքը Մերժելուն Համար

April 10, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտան յայտարարեց, որ իր երկիրը որոշած է Իսրայէլի դէմ նոր քայլեր որդեգրել` նշելով, որ թրքական օդուժը ուզած է մասնակցիլ Կազայի վրայ օժանդակութիւններ նետելու գործողութեան, սակայն անոր դիմումը, «որ յորդանանեան իշխանութիւններուն կողմէ ողջունուեցաւ, Իսրայէլի կողմէ մերժուեցաւ»: Այս մասին հաղորդեց «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը:

«Որոշեցինք Իսրայէլի դէմ շարք մը նոր քայլեր որդեգրել», ըսաւ Ֆիտան` նշելով, որ «Կազայի սովահար բնակիչներուն» օգնութիւնը մերժելու «որեւէ պատրուակ» գոյութիւն չունի:

Թրքական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ Կազայի համար ծովու եւ օդի ճամբով Եգիպտոս ուղարկած օժանդակութիւնները անցած են 42 հազար թոնը, եւ Թուրքիան Կազա օժանդակութիւններ ամէնէն շատ առաքած երկու երկիրներէն մէկն է:

Թուրքիա երէկ Իսրայէլի դէմ 54 ապրանքներու, ներառեալ օդանաւերու վառելանիւթի, շինարարական երկաթի, ողորկ պողպատի, մարմարի եւ սերամիքի արտածումները սահմանափակող որոշում մը որդեգրեց:

Իսրայէլի արտաքին գործոց նախարար Եիսրայէլ Քաց յայտնեց, որ Թուրքիան դէպի Իսրայէլ իր արտածումները սահմանափակելու որոշումով «միակողմանի կերպով ոտնահարեց» երկու երկիրներուն միջեւ առեւտրական համաձայնութիւնները` աւելցնելով, որ Իսրայէլ պիտի հակադարձէ սահմանափակումներ հաստատելով Թուրքիայէն եկող ապրանքներուն վրայ:

Քաց աւելցուց, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան «անգամ մը եւս թուրք ժողովուրդի տնտեսական շահերը կը զոհէ Համասին աջակցելու համար, եւ նոյնանման քայլով պիտի հակադարձենք»:

Նախորդը

Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Այս Ուրբաթ` ՀՄԸՄ – Շանվիլ

Յաջորդը

Ֆրանսա, Յորդանան Եւ Եգիպտոս Կազայի Մէջ Անմիջական Զինադադարի Կոչ Կ՛ուղղեն

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.