Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քենաանի. «Շրջանին Մէջ Յաւելեալ Լարուածութիւն Չենք Ուզեր»

Ապրիլ 16, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նասեր Քենաանի յայտնեց. «Իսրայէլի դէմ մեր քայլերը ինքնապաշտպանութիւն էին եւ բռնագրաւող գոյացութեան յարձակումներուն հակադարձութիւն»:

«Արհեստավարժ կերպով վարուեցանք, եւ Իսրայէլին մեր հակադարձութիւնը տրամաբանական եւ պատասխանատու էր», ըսաւ ան:

«Շրջանին մէջ յաւելեալ լարուածութիւն չենք ուզեր», շեշտեց Քենաանի` աւելցնելով. «Մեր քայլը անհրաժեշտ էր եւ յարմար հետեւանք սիոնական գոյացութեան ու Արեւմուտքի անպատասխանատու վարմունքին»:

Իրանի Ազգային անվտանգութեան գերագոյն խորհուրդը իր կարգին զգուշացուց. «Իսրայէլեան յառաջիկայ որեւէ քայլ տասնապատիկը աւելի կարծր հակադարձութեան պիտի արժանանայ»:

«Իրանի Յեղափոխական պահակագունդին շղթայազերծած հսկայական հրթիռային եւ անօդաչու թռչող սարքերով ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան 2-րդ յօդուածին հիմամբ յարձակումին դրդապատճառը սիոնական վարչակազմին բոլոր կարմիր գիծերը անցնիլն էր», նշեց խորհուրդը:

Խորհուրդը զգուշացուց Իսրայէլը ըսելով. «Այնքան ատեն որ սիոնական վարչակարգը կ՛ուզէ շարունակել որեւէ միջոցով եւ որեւէ մակարդակի վրայ Իրանի դէմ իր չարամիտ արարքները, առնուազն տասնապատիկը եղող հակադարձութեան պիտի արժանանայ»:

Ամերիկեան վարչակազմէն բարձրաստիճան պաշտօնատար մը յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ իրանեան յարձակումէն առաջ եւ ետք Իրանի հետ զուիցերիացի միջնորդներու ճամբով կապի մէջ մտած է:

Պաշտօնատարը մերժեց հաղորդակցութեան մասին մանրամասնութիւններ ներկայացնել եւ բաւարարուեցաւ նշելով, որ Միացեալ Նահանգներն ու Իրանը «զուիցերիական խողովակով շարք մը ուղղակի հաղորդակցութիւններ» ունեցած են:

Պատասխանելով Իրանի արտաքին գործոց նախարար Հիւսէյն Էմիր Ապտոլլահեանի այն խօսքին, թէ Թեհրան շրջանի երկիրները 72 ժամ առաջ յարձակումին մասին տեղեակ պահած է, ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը ըսաւ, որ ատիկա ճիշդ չէ: «Որեւէ լուր չտուին», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Յստակօրէն մտադիր էին քանդում կատարել եւ զոհեր պատճառել»:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակէն պատասխանատու մը ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է. «Իսրայէլ չի կրնար մեծ յարձակում մը անպատասխան ձգել, եւ որոշումը ձգուած է նախարարաց պատերազմական սեղմ խորուրդին»:

Ամերիկեան «Էյ.Պի.Սի. Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակի բանբեր Փիթըր Լեռներ յայտնած է, որ Իսրայէլի իշխանութիւնները յառաջիկայ օրերուն պիտի որոշեն Իսրայէլի վրայ կատարած Իրանի յարձակումին իրենց պատասխանը:

Ըստ անոր, Իսրայէլի ղեկավարութիւնը «հետագայ քայլերուն մասին որոշում պիտի տայ» կա՛մ 15 ապրիլին, կա՛մ յառաջիկայ օրերուն:

Լեռներ ըսած է, որ զինուորականները արդէն Իսրայէլի կառավարութեան տրամադրած են «տարբերակներու լայն շրջանակ»` արձագանգելու Իրանի յարձակումին: Ան աւելցուցած է, որ իր երկիրը պիտի որոշէ «հարուածել կամ չհարուածել» Իրանին, սակայն, բացի այս տարբերակներէն, «կան բազմաթիւ այլ բեմագրութիւններ»:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց. «Պայտըն Նեթանիահուն կը յորդորէ հակադարձելու վտանգներուն մասին մտածելու»:

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն յայտնեց, որ «Փարիզ կարելի ամէն ջանք կը թափէ» Միջին Արեւելքի մէջ մագլցումէն խուսափելու համար:

«Ուստի պիտի փորձենք Իսրայէլը համոզել, որ պէտք չէ մագլցումի ճամբով հակադարձել, սակայն անոր փոխարէն պէտք է Իրանը մեկուսացնել, եւ յաջողիլ շրջանի երկիրները համոզել, որ Իրանը վտանգ կը ներկայացնէ, (Թեհրանի դէմ հաստատուած) պատժամիջոցները աւելցնել եւ հիւլէական աշխատանքներուն վրայ ճնշումը բարձրացնել, ապա շրջանին մէջ խաղաղութեան միջոցներ գտնել», յայտնեց Մաքրոն:

Ան ըսաւ, որ Ֆրանսան «շրջանի բոլոր երկիրներուն հետ» կը հաղորդակցի, եւ կը փորձէ «միջնորդութեան ուժ» ըլլալ` շեշտելով, որ ամերիկացիները Իրանի զսպման գործին մէջ չափազանց կարեւոր դերակատարութիւն ունին:

Մաքրոն դարձեալ նշեց, որ ֆրանսական հալածիչներ Յորդանանի օդային տարածքին մէջ Իսրայէլի ուղղութեամբ արձակուած իրանեան անօդաչու թռչող սարքեր եւ հրթիռներ վնասազերծած են: «Յորդանանի մէջ օդուժի ռազմակայան ունինք, եւ այդ (իրանեան) յարձակումները յորդանանեան օդային տարածքը ոտնահարեցին: Մեր օդանաւերը օդ բարձրացան եւ վնասազերծեցին այն, ինչ որ պէտք էր վնասազերծէին», նշեց Ֆրանսայի նախագահը:

«Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քամերոն իր կարգին Իսրայէլին կոչ ուղղած է չհակադարձելու Իրանին` ըսելով, որ Իսրայէլը պէտք է «խելքով ու սրտով մտածէ», որովհետեւ Թեհրանի հարուածը գրեթէ լիակատար ձախողութիւն էր:

«Շատ առումներով ասիկա կրկնակի պարտութիւն էր Իրանի համար: Յարձակումը գրեթէ լիակատար ձախողութիւն էր, եւ անոնք աշխարհին ցոյց տուին, որ իրենք շրջանի չար ազդեցութիւնն են: Այսպիսով, մեր յոյսը այն է, որ պատասխան չըլլայ», ըսած է ան:

Քամերոն ըսած է, որ Բրիտանիան պիտի աշխատի դաշնակիցներու հետ` Իրանի դէմ աւելի շատ պատժամիջոցներ կիրարկելու ուղղութեամբ: Ան Իսրայէլը յորդորած է ուշադրութիւնը կեդրոնացնել Կազայի պատերազմին մէջ Իրանի աջակցութիւնը վայելող պաղեստինեան Համաս շարժումին հետ զինադադարի շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու վրայ:

Ամերիկեան վարչակազմէն աղբիւրներ «Փոլիթիքօ» օրաթերթին յայտնած են, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտընի օգնականները քննարկած են Իսրայէլի վրայ Իրանի յարձակումէն ետք անոր պատկերասփռուած ուղերձի կարելիութիւնը, սակայն այդ գաղափարէն հրաժարած են` լարուածութեան մագլցումէն խուսափելու նպատակով:

Ըստ աղբիւրներէն մէկուն, Պայտընի Սպիտակ տան Ձուաձեւ գրասենեակէն ուղերձը միայն «պիտի թեժացնէր» կացութիւնը, «եւ անկէ աւելի լաւ է խուսափիլ»:

Նախորդը

Ըստ «Թէ. Ռէ. Թէ.»-ի. «Սի. Այ. Էյ.»-ը Անգարայէն Խնդրած Է Իրանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Միջնորդութիւն Կատարել

Յաջորդը

Շրջանի Ապահովական Մտահոգիչ Մթնոլորտի Լոյսին Տակ. Ճիգերը Կեդրոնացած Են Հրատապ Հարցերու Լուծման Վրայ, Հոն, Ուր Կարելի Է

RelatedPosts

Ակնարկ.  Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Կարմիր Գիծէն Անցում Դէպի Մտահոգութիւն

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս
Գլխաւոր լուրեր

«Վենետիկի Յանձնաժողովը Արձանագրած Է Քրէական Շարք Մը Գործերու Ապօրինութիւնը» Նիւթով Մամլոյ Ասուլիս

Հոկտեմբեր 25, 2025
«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութեան Պատգամաւորները Եւրոպական Միութեան Դեսպան Վասիլիս Մարակոսի Հետ Հանդիպում Ունեցան

Հոկտեմբեր 25, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?