Քըրպի. «Միացեալ Նահանգները Կապ Չունին Իսրայէլի Կողմէ Իրանի Հիւպատոսարանը Հարուածելուն Հետ
Միացեալ Նահանգները կապ չունին Իսրայէլի կողմէ Իրանի հիւպատոսարանը հարուածելուն հետ: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի ռազմավարական հաղորդակցութիւններու համակարգող Ճոն Քըրպի: Իրանի գերագոյն հոգեւոր պետի քաղաքական խորհրդական Ալի Շամխանի յայտարարած էր, որ Միացեալ Նահանգներ անմիջական պատասխանատուութիւն կը կրեն Դամասկոսի մէջ Իրանի հիւպատոսութեան դէմ իսրայէլեան օդուժի հարուածին համար, որուն պատճառով սպաննուած են Յեղափոխական պահակագունդի երկու...




















