Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Յորդանան Իրանէն Կը Պահանջէ Դադրիլ Պաղեստինեան Դատի Նկատմամբ Իր Կեցուածքը Կասկածի Տակ Առնելէ

April 16, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչեց Ամմանի մէջ Իրանի դեսպանը, եւ անոր երկրէն պահանջեց դադրիլ պաղեստինեան դատի նկատմամբ Յորդանանի կեցուածքները «կասկածի տակ առնելէ»:

Յորդանան Իսրայէլի վրայ իրանեան յարձակումի ընթացքին իր օդային տարածքին մէջ «թռչող մարմիններու» վնասազերծումը յայտարարած էր:

Յորդանանի արտաքին գործոց նախարար Այման Սաֆատի յորդանանեան «Մամլաքա» պատկերասփիւռի պետական կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց. «Նախարարութիւնը այսօր Իրանի դեսպանը կանչեց եւ անոր փոխանցեց Յորդանանը վատաբանելը եւ Յորդանանի կեցուածքները կասկածի տակ առնելը դադրեցնելու յստակ պատգամ մը»:

«Դժբախտաբար իրանեան լրատուամիջոցներու, ներառեալ իրանեան պետական լրատու գործակալութեան կողմէ Յորդանանը վատաբանող յայտարարութիւններ կան», աւելցուց նախարարը:

«Իրանի խնդիրը Իսրայէլի հետ է, եւ ոչ թէ` Յորդանանի, եւ ո՛չ Իրանը, ո՛չ ալ ուրիշ մը կրնայ մրցիլ այն ինչի հետ, որ Յորդանան կը կատարէ եւ պատմականապէս կատարած է Պաղեստինի համար», ըսաւ Սաֆատի:

«Մենք շրջանի բոլոր երկիրներուն, ներառեալ Իրանի հետ լաւ յարաբերութիւններ կ՛ուզենք ունենալ, եւ որպէսզի այդ լաւ յարաբերութիւններուն հասնինք, պէտք է այլոց նկատմամբ յարգանք ցուցաբերել, պէտք չէ ներքին հարցերուն միջամտել եւ պէտք չէ Յորդանանը վատաբանել, որովհետեւ պիտի չընդունինք, որ ոեւէ մէկը Յորդանանը վատաբանէ», յայտնեց:

Յորդանանի դիւանագիտութեան պետը նաեւ նշեց. «Եթէ Իսրայէլէն եկող վտանգ կայ, ապա Յորդանանը իր կատարած նոյն քայլը պիտի կատարէ, եւ այս կեցուածքը յստակ ու անկեղծ կերպով կը յայտնենք: Ոչ ոքի պիտի արտօնենք Յորդանանի եւ յորդանանցիներու անվտանգութիւնը վտանգել»:

Նշենք, որ յարձակումի շղթայազերծումէն ետք իրանեան աղբիւր մը «Ֆարս» լրատու գործակալութեան յայտնած էր. «Յորդանան կրնայ յաջորդ թիրախը դառնալ, եթէ ի նպաստ Իսրայէլի գործէ»:

Նախորդը

Պլինքըն Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Իսրայէլի Վրայ Իրանի Կատարած Յարձակումը

Յաջորդը

Ըստ «Թէ. Ռէ. Թէ.»-ի. «Սի. Այ. Էյ.»-ը Անգարայէն Խնդրած Է Իրանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Միջնորդութիւն Կատարել

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.