Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ֆրանսա, Յորդանան Եւ Եգիպտոս Կազայի Մէջ Անմիջական Զինադադարի Կոչ Կ՛ուղղեն

Ապրիլ 10, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն, Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորը եւ Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի յայտնեցին, որ Կազայի մէջ մարդկային կորուստները «անտանելի են», եւ ընդգծեցին Կազայի մէջ «անմիջական» զինադադար հաստատելու «հրատապ կարիքը» եւ «բոլոր գերիները» ազատ արձակելու հրամայականը` զգուշացնելով Իսրայէլը Ռաֆահի դէմ իր հաւանական յարձակումին «վտանգաւոր հետեւանքներէն»:

Երեք ղեկավարները ֆրանսական «Լը Մոնտ», ամերիկեան «Ուաշինկթըն Փոսթ», յորդանանեան «Ռայ» եւ եգիպտական «Ահրամ» օրաթերթերուն մէջ լոյս տեսած իրենց միացեալ յօդուածին մէջ յայտնեցին. «Կազայի մէջ պատերազմը եւ այդտեղ անոր պատճառած մարդասիրական աղէտալի տառապանքը պէտք է հիմա աւարտի»:

Անոնք նաեւ նշեցին, որ «հրատապ կարիք» կայ Կազային մարդասիրական օժանդակութիւն տրամադրելու եւ ցրուելու` աւելցնելով. «Կազայի մէջ պաղեստինցիները այլեւս պարզապէս սովի վտանգը չեն դիմագրաւեր, որովհետեւ սովը արդէն իրողապէս սկսաւ»: Ղեկավարները նաեւ մատնանշեցին ԵՈՒՆԵՐՈՒԱ-ի «վճռական դերակատարութիւնը»:

Ֆրանսայի, Յորդանանի եւ Եգիպտոսի ղեկավարները նշեցին, որ Ռաֆահի դէմ Իսրայէլի ծրագրած յարձակումը «միայն յաւելեալ մահուան ու տառապանքի պիտի յանգեցնէ, ինչպէս նաեւ պիտի աւելցնէ Կազայի բնակիչներուն բռնի տեղահանման վտանգներն ու հետեւանքները եւ շրջանային մագլցում կը սպառնայ»:

«Բռնութիւնը, ահաբեկչութիւնն ու պատերազմը չեն կրնար Միջին Արեւելքին խաղաղութիւն բերել, սակայն «երկու պետութիւններ» լուծումը այդ մէկը պիտի իրագործէ, որովհետեւ խաղաղութեան եւ բոլորին անվտանգութեան երաշխաւորման միակ հաւաստի ուղին է», գրեցին անոնք` յորդորելով «վերջ տալ բոլոր միակողմանի քայլերուն, ներառեալ բնակեցման աշխատանքին ու հողերու գրաւման», ինչպէս նաեւ Իսրայէլին կոչ ուղղեցին` բնակեցուածներու կողմէ գործուող բռնարարքները արգիլելու:

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Սթեֆան Սեժուռնէ յայտարարեց. «Իսրայէլի վրայ պէտք է ճնշում բանեցնել եւ թերեւս պատժամիջոցներ հաստատել` Կազա մարդասիրական օժանդակութիւնները հասցնելու համար միջանցքները բանալու համար»:

Բանակցութիւնները Կը Շարունակուին

Պաղեստինեան Համաս շարժումը յայտարարեց, որ շարժումը Գահիրէի մէջ բանակցութիւններու վերջին փուլի ընթացքին ստանձնած է Իսրայէլի կեցուածքը:

Համաս, ողջունելէ ետք միջնորդներու թափած մեծ ջանքերը, նշեց. «Իսրայէլեան կեցուածքը կը շարունակէ յամառութիւնը ըլլալ, եւ չընդառաջեց մեր ժողովուրդի եւ մեր դիմադրութեան պահանջներէն որեւէ մէկուն: Հակառակ այդ իրողութեան, շարժումի ղեկավարութիւնը ամենայն պատասխանատուութեամբ ու հայրենասիրութեան կը սերտէ ներկայացուած առաջարկը եւ սերտելը աւարտելէ ետք իր պատասխանը պիտի ղրկէ միջնորդներուն»:

Լաւատեղեակ աղբիւրներ իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են. «Գահիրէի քննարկումները ճիշդ ուղղութեամբ կ՛ընթանան, սակայն հարցը կրնայ ժամանակի կարօտիլ»:

Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ Ուաշինկթընի մէջ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ իր որակումով «արդիւնաւէտ ժողով»-էն ետք յայտարարեց, թէ գերիներու փոխանակման գործարքին շուրջ համաձայնութեան գոյացումը դժուար է, սակայն տակաւին կարելի է: «Դժուար գործարք է… կրնայ մեզի հաճելի չըլլալ, սակայն կարելի է զայն կնքել, եւ պէտք է զայն կնքել», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Գերիներու գործարքը տակաւին կարելի է, եւ Իսրայէլի մէջ կան քաղաքական տարրեր, որոնք ատոր վրայ կ՛աշխատին»:

Նեթանիահու. «Ռաֆահի Վրայ
Յարձակումի Ժամկէտը Ճշդուեցաւ»

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտարարեց, որ Ռաֆահ իսրայէլեան ներխուժման ժամկէտը ճշդուած է:

«Այսօր Գահիրէի մէջ բանակցութիւններուն վերաբերեալ մանրամասն զեկուցում ստացայ, եւ մենք անդադար կ՛աշխատինք իրագործելու մեր նպատակները, որոնց գլխաւորները բոլոր գերիներու ազատ արձակումն ու Համասի վրայ ամբողջական յաղթանակի արձանագրումն է»:

«Այդ յաղթանակը կը պահանջէ մուտք գործել Ռաֆահ եւ ոչնչացնել այդտեղ գտնուող ահաբեկչական փաղանգները: Ատիկա պիտի կատարուի: Ժամկէտը ճշդուեցաւ», յայտարարեց Իսրայէլի վարչապետը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր, մեկնաբանելով Նեթանիահուի յայտարարութիւնը, յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ տեղեակ չդարձան Ռաֆահ իսրայէլեան ներխուժման ժամկէտէն»:

Միլլըր լրագրողներուն ըսաւ, որ Ուաշինկթըն բացարձակապէս չ՛ուզեր ներքին տեղահանուած պաղեստինցիներու վերջին ապաստանարանը եղող Ռաֆահ լայնածաւալ ներխուժում մը տեսնել:

Փենթակոն հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Ճորճ իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եոաւ Կալանթի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է:

Օսթին Կալանթի հետ խօսած է` քննարկելու համար Կազա մարդասիրական օժանդակութիւնը աւելցնելու հրատապ կարիքը, ներառեալ Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդի համաձայն գտնուած քայլերու գործադրումը:

Երկու նախարարները քննարկած են իսրայէլեան բանակի «Միջազգային կեդրոնական խոհանոց»-ի աշխատակիցներուն վրայ «ողբերգական յարձակումին» շուրջ հետաքննութիւնը, ինչպէս նաեւ այդպիսի դէպքերու կրկնութեան արգիլումը երաշխաւորելու գործնական քայլերու կարիքը:

Փենթակոն նաեւ նշեց. «Կալանթ իսրայէլեան բանակին Կազայի որոշ մասերէն հեռացման եւ Համասի դէմ իսրայէլեան արշաւի ապագային վերաբերեալ մանրամասնութիւններ ներկայացուց»:

Նախորդը

Թուրքիա Իսրայէլի Դէմ Քայլեր Կ՛որդեգրէ Կազա Օդի Ճամբով Օժանդակութիւններ Հասցնելու Անգարայի Խնդրանքը Մերժելուն Համար

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս  Հարուածելը Եւ Անոր Հետ  Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Կը Բացառէ Իրանը Անգամ Մը Եւս Հարուածելը Եւ Անոր Հետ Ժողովը Մօտալուտ Կը Նկատէ

Յուլիս 9, 2025
Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ  Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ.  Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ  «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել
Միջազգային

Մինչ Ռուսիան Երկու Մարզերու Մէջ Յառաջխաղացք Կ՛արձանագրէ. Թրամփ Կը Խոստանայ Ուքրանիոյ «Պաշտպանական» Զէնքեր Ուղարկել

Յուլիս 9, 2025
Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»
Միջազգային

Ֆիտան. «Իրանի Փոխանցեցինք Անոր Հիւլէական Ծրագիրին Շուրջ Բանակցութիւնները Շարունակելու Կարելիութեան Վերաբերեալ Միացեալ Նահանգներու Դիրքորոշումը»

Յուլիս 9, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?