Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Միացեալ Նահանգներ Կը Զգուշացնեն Իսրայէլը

April 6, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ Քամալա Հարիս յայտնած է. «Պայտընի եւ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի միջեւ զրոյցը անկեղծ էր»: Այս մասին հաղորդեց «Աքսիոս» կայքը:

«Պայտըն յստակ դարձուց, որ Ուաշինկթըն ինքնապաշտպանութեան մէջ առանձին պիտի չձգէ Իսրայէլը, սակայն, եթէ իր ընթացքը չփոխէ, մենք պիտի փոխենք մեր ընթացքը», աւելցուցած է Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահը:

Սպիտակ տունը յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն 4 ապրիլին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի հետ` քննարկելու համար Իսրայէլի եւ Կազայի մէջ վերջին զարգացումները:

Պայտըն Նեթանիահուին յայտնած է, որ ամերիկեան քաղաքականութիւնը կախեալ պիտի ըլլայ Կազայի մէջ քաղաքայիններու հարցին վերաբերեալ Իսրայէլի «անմիջական քայլի» որդեգրումէն, ինչպէս նաեւ յորդորած է Կազայի մէջ «անմիջական զինադադար»-ի հասնելու:

Սպիտակ տունը նաեւ նշեց, որ Պայտըն ու Նեթանիահու քննարկած են Իսրայէլի եւ անոր ժողովուրդին դէմ իրանեան բացայայտ սպառնալիքները: Սպիտակ տան ղեկավարը յստակացուցած է, որ իր երկիրը ուժեղ կերպով Իսրայէլի կողքին կը կանգնի այդ սպառնալիքներուն դէմ:

Սպիտակ տունը Իսրայէլը յորդորեց «ամբողջական ու շտապ կերպով» բանալու դէպի Կազա օժանդակութիւններ հասցնելու համար Նեթանիահուի գրասենեակին յայտարարած նոր անցքերը:

Իսրայէլ յայտարարեց, որ օժանդակութիւններու Կազա մուտքը արտօնելու համար Էրեցի ցամաքային անցակէտ մը պիտի վերաբանայ:

«Այս քայլերը, որոնք կը ներառեն օժանդակութիւնները ուղղակի կերպով հասցնելու համար Աշտոտի նաւահանգիստի բացման յանձնառու ըլլալ, հիւսիսային Կազա օժանդակութիւններ հասցնելու համար նոր ճամբու մը դիմաց Էրեց սահմանային անցքը բանալ եւ Յորդանանէն ուղղակի կերպով դէպի Կազա բեռնակառքերու թիւի մեծ յաւելում կատարել, պէտք է ամբողջական ու շտապ կերպով հիմա գործադրել», նշեց Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Էտրիըն Ուացսըն:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն Պրիւքսելի մէջ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Իսրայէլի, իբրեւ ժողովրդավարական պետութիւն, կոչ ուղղեց` մարդու կեանքին ու դէպի Կազա օժանդակութիւններու հոսքի յաւելման բարձրագոյն արժէք տրամադրելու` աւելցնելով, որ «Միջազգային կեդրոնական խոհանոց» կազմակերպութեան աշխատակիցներուն վրայ այս շաբաթ տեղի ունեցած «ահաւոր յարձակումը» պէտք է իր տեսակին մէջ վերջինը ըլլայ:

«Այժմ, Կազայի մէջ չկայ աւելի կարեւոր բան, քան քաղաքայինները պաշտպանելը, մարդասիրական օժանդակութիւնները աւելցնելն ու զանոնք տրամադրողներուն անվտանգութիւնը երաշխաւորելը: Իսրայէլը պէտք է այս պահու բարձրութեան վրայ ըլլայ», աւելցուց ան:

Ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը նաեւ շեշտեց. «Եթէ Իսրայէլէն մեր ակնկալած փոփոխութիւնները չտեսնենք, ամերիկեան քաղաքականութեան մէջ փոփոխութիւններ պիտի ըլլան»:

Միացեալ Նահանգներու նախկին նախագահ Տանըլտ Թրամփ իր կարգին նշեց. «Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուին խորհուրդ կու տամ արագօրէն աւարտելու պատերազմը եւ վերադառնալու բնականոն կեանք»: Ան աւելցուց. «Իսրայէլ հաստատօրէն կը կորսնցնէ «Փի. Առ.»-ի պատերազմը»:

Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի Մարդու իրաւունքներու խորհուրդը երէկ 28 թեր եւ 6 դէմ քուէներով որդեգրեց Իսրայէլին զէնք արտածելը արգիլող որոշում մը: «Ժազիրա» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ դէմ քուէարկող երկիրներն են Միացեալ Նահանգները, Գերմանիան, Փարակուէյը, Մալաուին, Պուլկարիան եւ Արժանթինը:

Նախորդը

Նեթանիահու. «Պիտի Գիտնանք Ինչպէ՛ս Մենք Մեզ Պաշտպանել, Եւ Մեզ Ցաւցնողին Կամ Ցաւցնել Ծրագրողին Պիտի Ցաւցնենք»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.