Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարար Զաքիր Հասանով այցելած է Յորդանան: Այս մասին հաղորդեց «Թերթ»-ը:
Բանակցութիւններու ընթացքին Հասանով քննարկած է զինուորական, ռազմական-արհեստագիտական համագործակցութեան հարցեր: Կողմերը համաձայնագիր ստորագրած են պաշտպանութեան ոլորտին մէջ համագործակցութեան մասին: