Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը յայտարարեց, որ պաղեստինեան պետութիւնը պէտք է ուղղակի բանակցութիւններու ճամբով ծնի եւ ոչ թէ ՄԱԿ-ի ծիրին մէջ:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր, մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին պատասխանելով պաղեստինցիներուն երեքշաբթի օր ՄԱԿ-ի լիիրաւ անդամակցութիւն ստանալու իրենց դիմումը վերանորոգելուն մասին հարցումի մը, յայտնեց. «Ասիկա հարց մըն է, որ պէտք է երկու կողմերուն միջեւ ուղղակի բանակցութիւններու ճամբով տեղի ունենայ, եւ ներկայիս ատոր վրայ կ՛աշխատինք, եւ ոչ թէ ՄԱԿ-ի մէջ»:
ՄԱԿ-ի մօտ Պաղեստինի դեսպան Ռիատ Մանսուր պաշտօնապէս ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին նամակ յղած է` խնդրելով ապրիլ 2024-ին դարձեալ քննել Պաղեստինի` ՄԱԿ-ի անդամակցութեան համար 2011 թուականին ներկայացուցած դիմումը:
Յստակ չէ, թէ Միացեալ Նահանգներ այդպիսի առաջարկի մը դէմ վեթօ պիտի կիրարկէ՞, թէ՞ ոչ:
Միլլըր ըսաւ, որ Ուաշինկթըն հակառակ Կազայի մէջ պատերազմին «աշխուժօրէն յանձնառու է» ստեղծելու Պաղեստինի պետութիւն մը, որուն ստեղծումը կը զուգորդուի Իսրայէլի համար «անվտանգութեան երաշխիքներով»:
ՄԱԿ-ի մօտ Միացեալ Նահանգներու փոխդեսպան Ռապըրթ Ուոտ յայտնեց, որ ՄԱԿ-ի կողմէ Պաղեստինի պետութեան ճանաչումը ընդհանուր առմամբ պիտի յանգեցնէ կազմակերպութեան ֆինանսաւորման դադրեցման: «Մենք յանձնառու ենք ամերիկեան օրէնքին», ըսաւ ան:
Նշենք, որ գոյութիւն ունի Քոնկրեսի կողմէ որդեգրուած օրէնք մը, որուն համաձայն` Միացեալ Նահանգներ պէտք է դադրեցնեն ՄԱԿ-ին Պաղեստինի լիիրաւ անդամակցութիւնը արտօնող գործակալութիւններուն ֆինանսաւորումը:
Պաղեստին 2012-ի վերջաւորութենէն ի վեր ՄԱԿ-ի մէջ «դէտ պետութեան» կարգավիճակ ունի:
Օսթին Զայրացած Է
Փենթակոն յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին իր իսրայէլացի պաշտօնակից Եոաւ Կալանթի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտնած է .«Պէտք է շօշափելի քայլեր որդեգրել` պաշտպանելու համար Կազայի մէջ փրկարարական աշխատանք կատարողներն ու քաղաքայինները»:
Ան յորդորած է «Միջազգային կեդրոնական խոհանոց» կազմակերպութեան աշխատակիցներուն սպանութեան շուրջ թափանցիկ ու շտապ հետաքննութիւն կատարել եւ անոր արդիւնքները հրապարակել:
Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարարը Կալանթին արտայայտած «Միջազգային կեդրոնական խոհանոց»-ի աշխատակիցներու` իսրայէլեան ռմբակոծումի պատճառով սպանութեան նկատմամբ իր զայրոյթը:
Փենթակոնի ղեկավարը նաեւ յառաջիկայ օրերուն բոլոր անցքերուն ճամբով դէպի Կազա օժանդակութիւններու հոսքի յաւելումը տեսնելու կարիքը արծարծած է` շեշտելով, որ այդ ողբերգութիւնը ամրապնդած է Ռաֆահի մէջ իսրայէլեան հաւանական զինուորական գործողութեան նկատմամբ յայտարարուած մտահոգութիւնը:
Ամերիկեան «Էն.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ յառաջիկայ շաբաթ ամերիկացի եւ իսրայէլացի պաշտօնատարներու միջեւ այլ ժողով մը պիտի գումարուի` քննարկելու համար Ռաֆահի գործողութեան մանրամասնութիւնները:
Իսրայէլեան Բանակը Ջնջեց
Զինուորներու Արձակուրդը
Իսրայէլեան բանակի բանբեր Տանիէլ Հակարի «շրջանին մէջ կացութիւններու ապահովական գնահատման ժողովէն ետք բանակի մարտական խումբերու արձակուրդներու տուչութեան առկախումը» յայտարարեց:
Նախքան այդ, իսրայէլեան պատկերասփիւռի 14-րդ կայանը հաղորդած էր, որ իսրայէլեան բանակը չեղեալ նկատած է զինուորներու շաբաթավերջի արձակուրդները` մեկնելով Դամասկոսի մէջ իրանեան հիւպատոսարանին վրայ իսրայէլեան յարձակումին Իրանի պատասխանի ակնկալութենէն:
Իսրայէլի պետական պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հաղորդեց, որ Իսրայէլի անվտանգութեան համակարգը, առ ի պատրաստութիւն իրանեան հակադարձութեան, դէպի Իսրայէլ անօդաչու թռչող սարքերու եւ հրթիռներու արձակման, գործի լծած է Իսրայէլի տարածքին դիրքի ճշդման համակարգը (Ճի.Փի. Էս.) խանգարելու համակարգը:
Միւս կողմէ, Իսրայէլի պետական ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ յայտնած է. «Իսրայէլի շուրջ եւ մէջ ամէն բան փուլ կու գայ»:
Մինչ Իսրայէլի մէջ իսրայէլեան կառավարութեան դէմ բողոքի եւ Համասի հետ գերիներու փոխանակման գործարք պահանջող ցոյցերը հետզհետէ աւելի բուռն կը դառնան, Լափիտ ըսած է. «Պէտք է վերջ տալ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի նախագահութեամբ այս քանդիչ կառավարութեան, եւ Իսրայէլի դիմաց բոլոր ընտրանքները վատ են»: