Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գահիրէի Բանակցութիւններուն Մէջ Յառաջընթացի Մասին Հակասական Լուրեր

April 9, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման համար Գահիրէի մէջ ընթացող բանակցութիւններուն մէջ «որոշակի յառաջընթաց» արձանագրուած է: Այս մասին եգիպտական բարձրաստիճան աղբիւր մը յայտնեց եգիպտական «Գահիրա» պատկերասփիւռի կայանին:

«Բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց կայ, եւ կողմերուն միջեւ գլխաւոր առանցքներու շուրջ համաձայնութիւն», նշած է աղբիւրը` աւելցնելով. «Գահիրէի մէջ բանակցութիւններու փուլին տեսակէտներու մերձեցման առումով մեծ յառաջընթաց կ՛արձանագրուի»:

Եգիպտական «Մասրիա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Համասի ու Քաթարի պատուիրակութիւնները Գահիրէէն մեկնած են եւ երկու օրուան ընթացքին պիտի վերադառնան` ամբողջացնելու համար վերջնական համաձայնութեան կէտերը, «իսկ իսրայէլեան եւ ամերիկեան պատուիրակութիւնները յառաջիկայ ժամերուն պիտի հեռանան Եգիպտոսի մայրաքաղաքէն»` աւելցնելով, որ խորհրդակցութիւնները պիտի շարունակուին յառաջիկայ 48 ժամուան ընթացքին:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ բոլոր կողմերը բանակցութիւններուն մէջ նախորդէն աւելի ճկունութիւն կը ցուցաբերեն, եւ Համաս կ՛ուզէ համաձայնութիւն գոյացնել, իսկ Միացեալ Նահանգները բոլոր կողմերուն, ներառեալ Իսրայէլի վրայ ճնշում կը բանեցնէ:

Ամերիկացի պաշտօնատար մը պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ գործարքին շուրջ համաձայնութեան գոյացումը աւելի քան երբեւէ մօտ է:

Աղբիւրներ իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնած են, որ կը նախատեսեն, որ Ուաշինկթըն բանակցութիւններուն մէջ գլխաւոր խոչընդոտը եղող գաղթականներու հիւսիսային Կազա վերադարձի հարցին վերաբերեալ առաջարկ մը ներկայացնէ: Ըստ այդ աղբիւրներուն, ատիկա կրնայ հիւսիսային Կազայի բոլոր թաղամասերու բնակիչներու տունդարձը ընդգրկել: Աղբիւրները նախատեսեցին, որ Իսրայէլ այդ հարցին շուրջ ճկունութիւն ցուցաբերէ:

Արաբական աղբիւր մը Արաբական աշխարհի լրատու գործակալութեան յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ աշխատանք կը տանին Համասին եւ Իսրայէլին պարտադրելու, որ քանի մը օրէն զինադուլ հաստատեն` աւելցնելով, որ Ուաշինկթըն Եգիպտոսէն ու Քաթարէն խնդրած է Համասի վրայ ճնշում բանեցնել, իսկ ինք Իսրայէլի վրայ ճնշում կը բանեցնէ:

Աղբիւրը հաղորդած է, որ ամերիկեան առաջարկը կը ներառէ հիւսիսային Կազա վերադառնալիք գաղթականներուն թիւն ու վերադարձի կերպը, ինչպէս նաեւ երկու կողմերէն ազատ արձակուելիք գերիներուն թիւը: Ամերիկեան առաջարկը նաեւ հետախուզական օդանաւերու թռիչքներու արգիլման եւ զինադուլի ժամեր կը ներառէ:

Սակայն իսրայէլեան քաղաքական բարձրաստիճան աղբիւր մը իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանին յայտնած է. «Բանակցութիւններուն մէջ Համասի եւ մեր միջեւ վիհը տակաւին մեծ է»: Ան աւելցուցած է. «Գերիներու փոխանակման գործարքի իրագործման համար մեր առջեւ գտնուող ճամբան տակաւին երկար է»:

Համասէն ղեկավար աղբիւր մը «Ժազիրա»-ին յայտնեց, որ «Գահիրէի բանակցութիւններուն մէջ յառաջընթաց չկայ, եւ իսրայէլեան պատուիրակութիւնը Համասի որեւէ պահանջին չընդառաջեց»` նշելով. «Համաս շարժումի պատուիրակութիւնը այսօր մեկնեցաւ Գահիրէէն` շարժումի ղեկավարութեան հետ խորհրդակցելու համար»:

Համասէն ղեկավար աղբիւր մը «Ռոյթըրզ»-ի լրատու գործակալութեան յայտնած է. «Իսրայէլեան կողմի դիրքորոշումին մէջ որեւէ փոփոխութիւն չկայ, ուստի Գահիրէի բանակցութիւններուն մէջ որեւէ նորութիւն չկայ»: «Մինչեւ հիմա որեւէ յառաջընթաց չարձանագրուեցաւ», ըսած է ան:

Բանակցութիւններուն մասնակից իսրայէլեան աղբիւրներ «Սքայ Նիուզ»-ին յայտնած են. «Երեքշաբթի երեկոյեան պիտի գիտնանք, եթէ կարելի է բանակցութիւնները շարունակել. կը սպասենք Համասի պատասխանին»:

Նախորդը

Զելենսքի. «Ուքրանիան Պատերազմին Մէջ Պարտութեան Պիտի Մատնուի, Եթէ Ամերիկեան Քոնկրեսը Օժանդակութիւններու Թղթածրարը Չվաւերացնէ»

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Մօտ Օրէն Ուաշինկթըն-Թեհրան Բանակցութիւններ

February 3, 2026
Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Կը Յուսանք Իրանի Հետ Գործարքի Հասնիլ

February 3, 2026
Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»
Միջազգային

Զօր. Մուսաուի. «Աշխարհը Իրանը Այլ Դէմքով Պիտի Տեսնէ, Եւ Ծովային Պաշարման Մասին Խօսողը Պէտք Է Աշխարհագրութիւնը Սերտէ»

February 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.