Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն Եւ Ֆիտան Քննարկած Են Իսրայէլի Վրայ Իրանի Կատարած Յարձակումը

Ապրիլ 16, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն 14 ապրիլին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Հաքան Ֆիտանի հետ: Այս մասին հաղորդեց «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը:

Ըստ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըրի, օրակարգի վրայ էր Իրանի կողմէ Իսրայէլի վրայ «բացայայտ եւ աննախադէպ» յարձակումը:

Ամերիկեան կողմին հաղորդումով, Պլինքըն շնորհակալութիւն յայտնած է Ֆիտանին շրջանին մէջ հետագայ մագլցումը կանխարգիլելու ուղղութեամբ անոր շարունակական ներգրաւուածութեան համար:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարը վերահաստատած է Իսրայէլի անվտանգութեան նկատմամբ իր երկրին «երկաթեայ» յանձնառութիւնը` ընդգծելով, որ Ուաշինկթըն զգօն է բոլոր սպառնալիքներուն նկատմամբ եւ պիտի չվարանի ձեռնարկել անհրաժեշտ բոլոր քայլերուն` «մեր ժողովուրդը պաշտպանելու համար»:

«Անատոլու» լրատու գործակալութեան համաձայն, Ֆիտան իր կարգին ընդգծած է, որ Իսրայէլի եւ Իրանի տագնապին հիմքը Կազայի պատերազմն է, եւ որ անհրաժեշտ է զինադադար, հակառակ պարագային ճգնաժամը պիտի շարունակէ սրիլ:

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը իր ամերիկացի պաշտօնակիցին հետ զրոյցի ընթացքին նաեւ շեշտած է, որ Անգարան անհանգստացած է շրջանին մէջ ճգնաժամի մագլցումի եւ տարածման կարելիութեամբ` նշելով, որ Իսրայէլի վրայ ազդեցութիւն ունեցող երկիրները պէտք է ճիշդ ազդակներ ուղարկեն` կանխարգիլելու համար լարուածութեան աճը:

Նշենք, որ «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը, մէջբերելով թրքական դիւանագիտական աղբիւր մը, հաղորդած էր. «Իրան Թուրքիան նախապէս տեղեակ պահեց Իսրայէլի դէմ իր ծրագրած գործողութենէն»:

«Արապիա» իր կարգին թրքական դիւանագիտական աղբիւր մը մէջբերելով հաղորդած էր. «Ամերիկան Թուրքիոյ ճամբով Իրանին յայտնեց, որ անոր գործողութիւնը պէտք է որոշ սահմաններու մէջ ըլլայ»:

Նախորդը

Պասքեթպոլ. Պէյրութ Ֆըրսթ Հասաւ Ֆայնըլ

Յաջորդը

Յորդանան Իրանէն Կը Պահանջէ Դադրիլ Պաղեստինեան Դատի Նկատմամբ Իր Կեցուածքը Կասկածի Տակ Առնելէ

RelatedPosts

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Փութինի Հետ Հանդիպումս Ջնջեցի»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Ռուպիօ Իրաքի Վարչապետին Շեշտեց Իրանի Աջակցութիւնը Վայելող Միլիսներու Զինաթափման Անհրաժեշտութիւնը
Միջազգային

Ռուպիօ. «Իսրայէլի Այսրյորդանանը Կցելու Ծրագիրները Կը Վտանգեն Կազայի Զինադադարի Համաձայնութիւնը»

Հոկտեմբեր 24, 2025
Եւրոպական Միութիւն. «Սուրիոյ Մէջ Համայնքային  Բռնարարքներու Վերաբերեալ Արդարացի  Մտավախութիւններ Գոյութիւն Ունին»
Միջազգային

Եւրոպական Միութիւնը Ռուսիոյ Դէմ Պատժամիջոցներու 19-րդ Թղթածրարը Որդեգրեց

Հոկտեմբեր 24, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?