Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գահիրէի Մէջ Կազայի Շուրջ Բանակցութիւններու Նոր Փուլ

April 8, 2024
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ Գահիրէի մէջ ընթացք առաւ Իսրայէլի ու Համասի միջեւ գերիներու փոխանակման եւ Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման գործարքի շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելու բանակցութիւններու նոր փուլ մը:

Պաղեստինեան Համաս շարժումը շաբաթ օր յայտարարեց. «Խալիլ Հայէի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւն մը վաղը պիտի մեկնի Գահիրէ` ընդառաջելով Եգիպտոսի հրաւէրին: Կառչած կը մնանք 14 մարտին մեր ներկայացուցած կեցուածքին, որ (իսրայէլեան) յարձակումին վերջ տալու բնական պահանջն է եւ անկէ զիջում չկայ»:

Իսրայէլի նախարարաց պատերազմական սեղմ խորհուրդը երէկ որոշեց ընդլայնել իսրայէլեան պատուիրակութեան լիազօրութիւնները եւ պատուիրակութիւնը գործուղել Գահիրէ: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն համաձայն, պատուիրակութեան ղեկավարներն են արտաքին հետախուզութեան` Մոսատի ղեկավար Տաւիտ Պերնաղը եւ ընդհանուր ապահովութեան ծառայութեան` Շապաքի ղեկավար Ռոնան Պարը:

Գահիրէի բանակցութիւններուն կը մասնակցին նաեւ «Սի.Այ.Էյ.»-ի տնօրէն Ուիլիըմ Պըռնզը, Քաթարի վարչապետ ու արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ պըն Ապտելռահման Ալ Թանին եւ եգիպտական հետախուզութեան ղեկավարը:

Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու Իսրայէլի նախարարաց խորհուրդի նիստին սկիզբը յայտարարեց, որ Թել Աւիւ պատրաստ է գերիներու փոխանակում կատարելու, սակայն Համասի ծայրայեղական պայմանները պիտի չգործադրէ: Ըստ անոր, պաղեստինեան շարժումը կը փորձէ Իսրայէլի վրայ միջազգային ճնշումէն օգտուելով շահեր ապահովել: «Ատիկա տեղի պիտի չունենայ», ընդգծեց Նեթանիահու:

Իսրայէլի վարչապետը ըսաւ, որ առանց գերիներու վերադարձին զինադադար պիտի չըլլայ, եւ պնդեց, որ Իսրայէլ յաղթանակէն մէկ քայլ հեռաւորութեան վրայ է, թէեւ անոր վճարած գինը ցաւալի էր:

Նեթանիահու Իրանը ամբաստանեց իր կամակատարներուն ճամբով Իսրայէլի դէմ յարձակումներուն ետին կանգնելու յանցանքով` նշելով, որ իսրայէլեան բանակը Լիբանանի խորքին մէջ սահմանէն 100 եւ աւելի քան 100 քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող թիրախներ հարուածած է:

Աղբիւրներ «Արապիա» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած են, որ Համաս Գահիրէի մէջ բանակցութիւններուն ընթացքին պահանջած է պաղեստինեան խմբաւորումներու ղեկավարներուն հետապնդումն ու թիրախաւորումը դադրեցնել, ինչպէս նաեւ պահանջած է, որ Իսրայէլ հեռանայ Կազայէն, որպէսզի բանակցութիւններուն աւելի մասնակից դառնայ: Համաս նաեւ բնակիչներու Կազայի հիւսիս առանց նախապայմաններու վերադարձը իբրեւ նախապայման ճշդած է:

Համաս առաջարկած է բանակցութիւններու ընթացքին երկարատեւ զինադուլ հաստատել եւ չառաջարկել կամ չքննարկել պաղեստինեան խմբաւորումներու ղեկավարները Կազայէն աքսորելու հարցը:

Իսրայէլեան բանակի ձայնասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ բանակի 98-րդ զօրամասը իր երեք ջոկատներով հեռացած է Խան Եունես շրջանէն` ընդգծելով, որ Կազայի մէջ մնացած է միայն «Նահալ» զօրամասը, որ Կազայի հիւսիսը հարաւէն բաժնող «Նեցարիմ» անցքին մէջ կը գործէ: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներ նշեցին, որ 98-րդ զօրամասի Խան Եունեսէն հեռանալը Ռաֆահի գործողութեան պատրաստութեան ծիրին մէջ է: «Ետիոթ Ահրոնոթ» իր կարգին նշեց, որ Խան Եունեսէն հեռացումը կապ չունի Իսրայէլի վրայ ամերիկեան ճնշումներուն հետ, իսկ անոր նպատակը գաղթականներուն Ռաֆահէն հեռանալու վայրեր տրամադրելն է:

Բրիտանիոյ արտաքին գործոց նախարար Տէյվիտ Քամերոն «Սանտէյ Թայմզ»-ին յայտնեց, որ Բրիտանիոյ Իսրայէլին աջակցութիւնը առանց պայմաններու չէ` «Միջազգային կեդրոնական խոհանոց»-ի աշխատակիցներու մահը նկատելով «ողբերգական եւ որմէ կարելի էր խուսափիլ»:

Քամերոն զգուշացուց, որ Բրիտանիան հաշուետուութեան պիտի ենթարկէ Իսրայէլը այդ յարձակումին պատճառով 3 բրիտանացիներու սպանութեան համար: Ան, սակայն, մերժեց խօսիլ այդ յարձակումէն ետք Իսրայէլի զէնքերու արտածումները առկախելու մասին հետզհետէ աւելցող պահանջներուն մասին, նաեւ մերժեց այն պնդումները, թէ բրիտանական կառավարութիւնը կը նուազեցնէ միջադէպին կարեւորութիւնը` Իսրայէլի զայրոյթը յառաջացնելէ խուսափելու համար:

Նեթանիահուի Ընդդիմադիր 3 Ցուցարարներ
Վրայերթի Ենթարկուեցան

«Իսրայէլ Հայոմ» հաղորդեց, որ շաբաթ գիշեր ինքնաշարժ մը Թել Աւիւի մէջ վրայերթի ենթարկած է Պենիամին Նեթանիահուի կառավարութեան քաղաքականութեան դէմ բողոքող երեք իսրայէլացի ցուցարարներ, որոնք Համաս շարժումին հետ գերիներու փոխանակման գործարքի կնքում կը պահանջէին:

Իսրայէլի նախագահ Իսհակ Հերցոկ յայտնեց. «Թել Աւիւի մէջ ցուցարարները վրայերթի ենթարկելու դէպքը շատ վտանգաւոր է, եւ զայն բուռն կերպով կը դատապարտեմ»: «Պէտք է մեր կարելին ընենք Իսրայէլի միասնականութիւնը պահպանելու համար», ըսաւ ան:

Իսրայէլեան ընդդիմութեան ղեկավար Եայիր Լափիտ մեկնեցաւ Ուաշինկթըն` ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ ռազմավարական շարք մը հարցեր քննարկելու համար:

Իսրայէլեան լրատուամիջոցներու համաձայն, կը նախատեսուի, որ ան հանդիպում ունենայ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի եւ Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվընի հետ:

Լրատուամիջոցները նշեցին, որ Ուաշինկթընի մէջ Լափիտի հանդիպումները պիտի կեդրոնանան Իսրայէլի եւ Միացեալ Նահանգներու միջեւ ռազմավարական յարաբերութիւնները ամրապնդելու շարունակուող ջանքերուն վրայ, ինչպէս նաեւ գերիներու փոխանակման ջանքերուն եւ Իսրայէլի հիւսիսային սահմաններուն առնչուող հարցերու քննարկման վրայ:

Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Սի.Էն.Էն.»-ին յայտնած է, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն Իսրայէլի վարչապետին հետ իր վերջին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին Նեթանիահուին ծանր հետեւանքներով սպառնացած է, «եթէ Իսրայէլ Կազայի մէջ իր պատերազմի ոճը չփոխէ»: Աղբիւրը նշած է. «Անոր զգուշացուց ամերիկեան աջակցութիւնը վերատեսութեան ենթարկելէ, եթէ Կազայի մէջ քաղաքայիններու պայմանները շուտով չբարելաւուին»:

 

Նախորդը

«Ապագայ Լրագրողներ»-ու Ծրագիրի Չորրորդ Փուլ. Այցելութիւն Գոհար Կազմատուն Եւ Գրադարան

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն  Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Իրանի Հետ Պատերազմը Երկու Ամիսէն Ամբողջովին Տարբեր Փուլ Մուտք Պիտի Գործէ»

September 17, 2026
Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի  Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է  Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»
Միջազգային

Եի. «Չինաստանը Հանդէս Կու Գայ Իբրեւ Իրանի Ռազմավարական Գործընկեր Եւ Պատրաստ Է Պաշտպանելու Երկրի Օրինական Շահերը»

September 17, 2026
Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն  Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Հուսիներուն Կարմիր Ծովուն Մէջ Մայուն Կղզին Գրաւելու Քայլով Մտահոգ Ենք»

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.