Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պլինքըն Եւ Մաքրոն Կազայի Պատերազմի Ընդլայնման Կանխարգիլման Եւ Լիբանանի Մէջ Մագլցումէ Խուսափելուն Կարեւորութիւնը Կը Շեշտեն

Ապրիլ 4, 2024
| Գլխաւոր լուրեր, Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքըն յայտնեց, որ Փարիզ իր այցելութեան ընթացքին Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոնի հետ քննարկած է դէպի Կազա օժանդակութիւններու յաւելման կարիքը:

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութիւնը հաղորդեց. «Պլինքըն եւ Մաքրոն իրենց հանդիպումի ընթացքին վերահաստատեցին Կազայի տագնապի ընդլայնումի արգիլման եւ Լիբանանի մէջ որեւէ մագլցումէ խուսափելու կարեւորութիւնը»:

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն, մեկնաբանելով Կազայի մէջ «Միջազգային կեդրոնական խոհանոց» կազմակերպութեան օտարերկրացի 4 աշխատակիցներու իսրայէլեան հարուածի պատճառով սպանութիւնը, յայտարարեց. «Իսրայէլ բաւարար բան չըրաւ պաշտպանելու մարդասիրական աշխատանք տանողները, որոնք կը փորձեն Կազայի մէջ քաղաքայիններուն օժանդակութիւն տրամադրել»:

«Իսրայէլ խոստացաւ մարդասիրական աշխատանք կատարողներու թիրախաւորման շուրջ հետաքննութիւն կատարել, եւ այդ հետաքննութիւնը պէտք է արագ ըլլայ եւ հաշուետուութեան յանգեցնէ», նշեց Պայտըն` աւելցնելով, որ ինք պիտի շարունակէ Իսրայէլի վրայ յաւելեալ ճնշում բանեցնել, որպէսզի դիւրացնէ դէպի Կազա օժանդակութիւններու հոսքը:

«Մենք մեծ ճնշում կը բանեցնենք Կազայի մէջ գերիներու գործարքին իբրեւ մաս անմիջական զինադադար հաստատելու համար», աւելցուց Սպիտակ տան ղեկավարը:

Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհրդատու Ճէյք Սալիվըն մերժած է իսրայէլացի պաշտօնատարներու Ռաֆահի մէջ զինուորական գործողութեան շղթայազերծման ծրագիրը եւ զայն «ոչ համոզիչ եւ անգործադրելի» որակած է: Ան նշած է, որ օժանդակութիւններու մատակարարման կշռոյթին համաձայն, Իսրայէլ Ռաֆահէն քաղաքայինները հեռացնելու համար 4 ամսուան կարիք պիտի ունենայ:

Իսրայէլացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը իր կարգին յայտնած է, որ ամերիկեան կողմը «տարբեր լեզուով կը խօսի, եւ բացարձակապէս պատրաստ չէ Կազա քաղաքի եւ Խան Եունեսի մէջ մէջ պատահածին Ռաֆահի մէջ կրկնութեան»:

Ամերիկացի պաշտօնատարներ «Փոլիթիքօ»-ին յայտնած են, որ իսրայէլացի պաշտօնատարները երկուշաբթի օր գումարուած առցանց ժողովի մը ընթացքին Ռաֆահի մէջ պաղեստինցի քաղաքայինները պաշտպանելու վերաբերեալ շօշափելի ծրագիր չեն ներկայացուցած եւ քաղաքայիններու հեռացման «ոչ իրատեսական» ժամանակացոյցը տեսնելէ ետք յաւելեալ մանրամասնութիւններ պահանջած են:

Իսրայէլի Մէջ Լարուած Մթնոլորտ

Միւս կողմէ, Իրաքի մէջ իսլամական դիմադրութիւնը յայտարարեց, որ երէկ արշալոյսին անօդաչու թռչող սարքով հարուածած է Հայֆայի օդակայանը:

Իսրայէլեան պետական պատկերասփիւռի կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի ներքին հետախուզութեան` Շապաքի ղեկավար Ռոնին Պար յայտնած է. «Երէկ գիշերուան ցոյցերը մտահոգիչ են եւ կրնան վտանգաւոր կացութիւններու յանգեցնել»: Ան աւելցուցած է. «Օրինական բողոքի ցոյցի եւ ընդհանուր ապահովութեան վնասող ապօրինի բիրտ բողոքի ցոյցի միջեւ տարբերութիւն կայ»:

Երեքշաբթի գիշեր բազմահազար իսրայէլացիներ Երուսաղէմի եւ Թել Աւիւի մէջ երկրորդ օրն ըլլալով ցոյց կատարեցին` պահանջելով տապալել Պենիամին Նեթանիահուի կառավարութիւնը եւ ամրապնդել Համասի հետ գերիներու փոխանակման գործարքի կնքման ջանքերը: Իսրայէլեան լրատուամիջոցներուն համաձայն,  Շապաքի ղեկավարը գիշերանց շտապած է Նեթանիահուի բնակարան, երբ ցուցարարներ փորձած են անոր շուրջ զետեղուած անցարգելներուն ուղղութեամբ ներխուժել:

Շապաքէն պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Հաարեց» օրաթերթին յայտնեց. «Երուսաղէմի մէջ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի տան մօտ երէկուան ցոյցերը կարմիր գիծերը անցան»:

 

Նախորդը

Քըրպի. «Միացեալ Նահանգները Կապ Չունին Իսրայէլի Կողմէ Իրանի Հիւպատոսարանը Հարուածելուն Հետ

Յաջորդը

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անգարա-Պաքու Միացեալ Խաղը` Կազայի Հաշուոյն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն
Գլխաւոր լուրեր

Այսօր Խորհրդարանի Նիստ. Շարք Մը Պլոքներ Նիստը Պոյքոթի Կ՛ենթարկեն

Հոկտեմբեր 28, 2025
Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց
Գլխաւոր լուրեր

Վատիկան Լեւոն ԺԴ.-ի Այցելութեան Ծրագիրը Հրապարակեց

Հոկտեմբեր 28, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?