Լիբանանեան

Հարիրի – Թրամփ Հանդիպում

Հարիրի – Թրամփ Հանդիպում

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ երեկոյեան ժամը 9:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Սպիտակ տան մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց շարք մը հարցեր: Հարիրին ընդունած պահուն Թրամփ ըսաւ. «Գիտեմ, որ Լիբանանի մէջ դժուար կացութիւն կը տիրէ»: Շուրջ 45 վայրկեան տեւած հանդիպումէն ետք Թրամփ եւ Հարիրի միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կատարեցին յայտարարութիւններ: Թրամփ նշեց, որ Լիբանան կը գտնուի ՏԱՀԵՇ-ի,...

Պըրրի. «Բանակ, Ժողովուրդ, Դիմադրութիւն»  Եռեակ Տարազը Այսօր  Ինքզինք Լաւագոյնս Կը Փաստէ»

Պըրրի. «Բանակ, Ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» Եռեակ Տարազը Այսօր Ինքզինք Լաւագոյնս Կը Փաստէ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի անդրադառնալով Արսալի բարձունքներուն վրայ ընթացող ճակատամարտին յայտնեց, որ ինք մեծ համարում ունի Հըզպալլայի ջանքերուն եւ զոհողութեան, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակին կողմէ երկրին սահմանները պահպանելու ճիգերուն եւ ահաբեկչութեան ներթափանցումը արգիլելու հզօր հարուածին նկատմամբ: Պըրրի շեշտեց, որ Արսալի բարձունքները բռնագրաւուած շրջաններ են` աւելցնելով, որ իրենց պարտականութիւնն է ազատագրել այդ շրջանները: «Արսալի բարձունքներուն վրայ ահաբեկչութեան դէմ Դիմադրութեան մղած պատերազմը...

«Լիբանան Պիտի Ապրի: Մեր Դատը Մեր Գլուխին Թագն Է, Իսկ Արեւելեան Քրիստոնէութիւնը Արժանի Է Դառնալու Մեր Ռահվիրան», Ըսաւ Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

Կազմակերպութեամբ Ասորիներու լիկային, նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ ասորի նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման ձեռնարկ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, նախկին նախարարներ Նաժի Պուսթանի, Ուատիհ Խազեն, Քերիմ Բագրատունի եւ Նիքոլա Սահնաուի, Ուաատ կուսակցութեան նախագահ Ճօ Հըպէյքա, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ինչպէս նաեւ...

Զօր. Ժոզեֆ Աուն. «Ձերբակալուածներուն Մէջ  Կը Գտնուին 50 Ահաբեկիչներ, Որոնք Ծրագրած Են  Եւ Մեղսակցած Բանակայիններուն Առեւանգումին»

Զօր. Ժոզեֆ Աուն. «Ձերբակալուածներուն Մէջ Կը Գտնուին 50 Ահաբեկիչներ, Որոնք Ծրագրած Են Եւ Մեղսակցած Բանակայիններուն Առեւանգումին»

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ այցելեց լիբանանեան օդուժի Այն Ռըմմանէի կեդրոնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ կեդրոնի սպաներուն եւ բանակայիններուն հետ` անոնց կատարելու համար պէտք եղած ցուցմունքները: Զօր. Աուն դրուատեց լիբանանեան օդուժին ի գործ դրած ջանքերը` բարելաւելու համար իր կարողութիւնները եւ բարձրացնելու համար մարտական իր կարելիութիւններուն մակարդակը: Ան կոչ ուղղեց բոլորին մնալու կազմ ու պատրաստ: Անդրադառնալով Արսալի իրադարձութիւններուն` զօր. Աուն...

Աշխատավարձի Յաւելումին Դէմ Բողոքի  Ցոյց` Հանգստեան Կոչուած  Զինուորականներուն Կողմէ

Աշխատավարձի Յաւելումին Դէմ Բողոքի Ցոյց` Հանգստեան Կոչուած Զինուորականներուն Կողմէ

Հանգստեան կոչուած զինուորականները երէկ առաւօտեան բողոքի ցոյց մը կատարեցին Յաւելուած արժէքի տուրքի կեդրոնին դիմաց` մերժելով աշխատավարձի յաւելումները: Ցուցարարները պետական անձնաւորութիւններուն յղեցին նամակ մը` շեշտելով, որ իրենք դարձեալ պիտի իջնեն փողոց եւ մագլցողական քայլերու դիմեն` կասեցնելու համար պետական եւ սեփական բոլոր հաստատութիւններուն աշխատանքը: Անոնք կոչ ուղղեցին պատասխանատուներուն սրբագրելու իրենց սխալը` հաստատելով, որ անարդարութեան դիմաց լուռ պիտի չմնան:

Դիմադրութիւնը Կը Գտնուի Ժապհաթ Նուսրայի  Դէմ Ճակատամարտի  Յաղթանակը Յայտարարելու Սեմին

Դիմադրութիւնը Կը Գտնուի Ժապհաթ Նուսրայի Դէմ Ճակատամարտի Յաղթանակը Յայտարարելու Սեմին

Ժապհաթ Նուսրայի դէմ Հըզպալլայի յայտարարած ճակատամարտին Դ. օրուան ընթացքին` երէկ արձանագրուեցան ռազմավարական այլ յաղթանակներ, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ Արսալի բարձունքներուն վրայ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն բռնագրաւած հողերուն 90 առ հարիւրը ազատագրել: Դիմադրութեան մարտիկները ընդարձակ յարձակում մը սանձազերծեցին Արսալի արեւելքը գտնուող Խէյլ հովիտին եւ Հըսըն Խըրպէի ուղղութեամբ: Խէյլ հովիտին մէջ մղուեցան բուռն կռիւներ եւ արձանագրուեցան բախումներ, որոնք աւարտեցան Հըզպալլայի կողմէ Խէյլ եւ...

Նախագահ Աուն Դրուատեց Լիբանանեան  Բանակին Պատրաստուածութիւնը

Նախագահ Աուն Դրուատեց Լիբանանեան Բանակին Պատրաստուածութիւնը

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, նախագահական պալատին մէջ նախագահեց ապահովական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, սպայակոյտի պետի տեղակալ գնդապետ-զօրավար Նաուաֆ Ժըպպաուին, գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն գնդապետ-զօրավար Անթուան Մանսուրը, ինչպէս նաեւ զինուորական գործողութիւններու տնօրէն գնդապետ-զօրավար Ժան Շիտիաքը: Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ լիբանանեան-սուրիական սահմանամերձ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը` լուսարձակի տակ առնելով Արսալի բարձունքներուն վրայ...

Հարիրի Այսօր  Պիտի Հանդիպի Թրամփի Հետ

Հարիրի Այսօր Պիտի Հանդիպի Թրամփի Հետ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի, որ պաշտօնական այցելութեամբ մը կը գտնուի Միացեալ Նահանգներ, այսօր հանդիպում մը կ՛ունենայ նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ: Միւս կողմէ, երէկ երեկոյեան ժամը 6:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Հարիրի այցելեց Քեփիթըլ Հիլ, ուր հանդիպումներ ունեցաւ ծերակուտականներ Քրիս Պրուզի ու Մեթիու Տանըվընի եւ ամերիկացի պետական այլ պաշտօնատարներու հետ` ներկայութեամբ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէի, Ուաշինկթընի մէջ լիբանանեան...

Դատախազ Սաքըր Ստացաւ 4 Սուրիացիներու  Մահուան Մասին Հետաքննութեան Արդիւնքները

Դատախազ Սաքըր Ստացաւ 4 Սուրիացիներու Մահուան Մասին Հետաքննութեան Արդիւնքները

Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր երէկ ստացաւ 4 սուրիացիներու մահուան մասին բացուած հետաքննութեան արդիւնքները: Դատախազ Սաքըրին յանձնուեցաւ բժշկական այն տեղեկագիրը, որ պատրաստուած էր Արսալի մէջ ձերբակալուած եւ նախքան հարցաքննուիլը մահացած 4 սուրիացիներուն մասին: Լիբանանեան բանակին կողմէ բացուած հետաքննութեան համաձայն, 4 սուրիացիները բռնարարքի պատճառով չեն մահացած, այլ` իւրաքանչիւրը դիմագրաւած է առողջական տարբեր հարց:

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ստորագրեց աշխատավարձի յաւելումներն ու զանոնք ֆինանսաւորելու իմաստով տրուած որոշումները, որոնք վաւերացուած էին խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին կողմէ: Այդ որոշումները փոխանցուեցան հանրապետութեան նախագահին եւ կառավարութեան` վաւերացուելու եւ պետական պաշտօնաթերթով հրապարակուելու նպատակով: ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերին, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ...

Դիմադրութիւնը Ազատագրեց Արսալի  Բարձունքներուն 70 Առ Հարիւրը,  Իսկ Ֆլիթայի Բարձունքները` Ամբողջութեամբ

Դիմադրութիւնը Ազատագրեց Արսալի Բարձունքներուն 70 Առ Հարիւրը, Իսկ Ֆլիթայի Բարձունքները` Ամբողջութեամբ

Ժապհաթ Նուսրայի եւ Արսալի ու Ֆլիթայի բարձունքները ողողած ու հոն դիրքաւորուած ահաբեկիչներուն դէմ յայտարարուած ճակատամարտը շարունակուեցաւ շաբաթավերջին: Դիմադրութեան եւ սուրիական բանակին մղած ճակատամարտին շնորհիւ, մարտերուն երրորդ օրուան ընթացքին կարելի եղաւ ազատագրել Ֆլիթայի բարձունքները` ամբողջութեամբ, իսկ Արսալի բարձունքներուն 70 առ հարիւրը: Արսալի մէջ արագ թափով յառաջացող Դիմադրութիւնը երէկ կէսօրէ ետք բուռն կերպով շարունակեց կռուիլ ահաբեկիչներուն դէմ: Կռիւներուն չդիմանալով` Ժապհաթ Նուսրայի պատասխանատուներէն...

Տուրքերու Յաւելումին Դէմ Ժողովրդային  Բողոքի Խաղաղ Ցոյց`  Պէյրութի Քաղաքապետարանին Կից

Տուրքերու Յաւելումին Դէմ Ժողովրդային Բողոքի Խաղաղ Ցոյց` Պէյրութի Քաղաքապետարանին Կից

Պէյրութի քաղաքապետարանին կից գտնուող խորհրդարանի մուտքը երէկ դարձեալ վերածուեցաւ լիբանանցիներուն բողոքը արտայայտող վայրի մը, երբ Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ Քաղաքացիական ընկերութեան անդամներն ու համակիրները մերժեցին միջին եւ աղքատ դասակարգերուն վրայ խորհրդարանին պարտադրած տուրքերը: Պէյրութի քաղաքապետարանին դիմաց համախմբուած ցուցարարները քալեցին դէպի Դրամատուներու փողոց` պահանջելով ջնջել համեստ դասակարգին վրայ պարտադրուած տուրքերը, ինչպէս նաեւ պահանջեցին չքողարկել աւազակութիւնը` ընդգծելով, որ կը մերժեն տուրքերուն ենթարկուիլ: Շարունակելով...

Արտերկրի Լիբանանցի Հարիւրաւոր  Երիտասարդներ Այցելեցին Պուրճ Համուտ

Արտերկրի Լիբանանցի Հարիւրաւոր Երիտասարդներ Այցելեցին Պուրճ Համուտ

Արտերկրի լիբանանցի 300 երիտասարդներ անցեալ ուրբաթ Սայիտաթ Ժապալի մէջ գումարեցին իրենց խորհրդաժողովը` ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, որ ողջունեց Լիբանանեան մշակութային համալսարանի նախաձեռնութիւնը` ընդգծելով մայր հայրենիք այցելութեան կարեւորութիւնը: Միւս կողմէ, Լիբանան եկած արտերկրի լիբանանցի երիտասարդները շաբաթ յետմիջօրէին այցելեցին Պուրճ Համուտ` ընդառաջելով Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրաւէրին: Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ երիտասարդները դիմաւորուեցան նախարար Կիտանեանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ ընդգծեց, որ Արսալ պիտի վերադառնայ իր բնակիչներուն: ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ Քալամունի եւ Արսալի բարձունքներուն վրայ իր մղած ճակատամարտով Դիմադրութիւնը կը պաշտպանէ ամբողջ Լիբանանը: ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերով պետական նախարար Ալի Քանսօ շեշտեց, որ Դիմադրութեան կողմէ Արսալի բնակիչներուն ներկայացուած մեծագոյն բարիքը զանոնք ահաբեկիչներու մղձաւանջէն փրկելն է: ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը...

Արսալի Բարձունքները Ահաբեկիչներէն Ազատագրելու Ճակատամարտը Պիտի Շարունակուի

Արսալի Բարձունքները Ահաբեկիչներէն Ազատագրելու Ճակատամարտը Պիտի Շարունակուի

Երէկ առաւօտեան արշալոյսին Արսալը եւ Քալամունը ահաբեկիչներէն մաքրագործելու նպատակով սկսած զինուորական գործողութիւնը շարունակուեցաւ ամբողջ օրուան ընթացքին` արձանագրելով ռազմավարական նուաճումներ: Ամբողջ օրուան ընթացքին սուրիական բանակն ու Դիմադրութիւնը հրթիռակոծեցին Արսալի եւ Ֆլիթայի բարձունքներուն վրայ գտնուող ահաբեկիչներուն դիրքերը: Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծեցին նաեւ Տահր Հաուայի եւ Ռահուէի հովիտին մէջ գտնուող Ժապհաթ Նուսրայի դիրքերն ու կեդրոնները` հասնելով մինչեւ Քանզահի դիրքերը, Օքապի բարձունքները, Խէյլի հովիտն ու...

«Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Պիտի Մասնակցինք Եւ Պիտի Վերականգնենք Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը»  Շեշտեց Երեսփոխան Բագրատունի

«Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Պիտի Մասնակցինք Եւ Պիտի Վերականգնենք Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը» Շեշտեց Երեսփոխան Բագրատունի

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ ընթացող ճակատամարտին նկատմամբ ինք կը ցուցաբերէ հետեւեալ մօտեցումը. «Կարեւորը Լիբանանի պաշտպանութիւնն է: Անշուշտ այդ ճակատամարտին, յատկապէս Հըզպալլայի մասնակցութեան մասին տարբեր տեսակէտներ կան, սակայն ի վերջոյ այդ ճակատամարտը Լիբանանին կը վերաբերի եւ կարեւոր է, որ Լիբանան յաղթական...

Վարչապետ Հարիրի Մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ

Վարչապետ Հարիրի Մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ յետմիջօրէին պաշտօնական այցելութեամբ մը մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ, ուր հանդիպում մը պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տոնըլտ Թրամփի եւ ամերիկեան վարչակարգի պատասխանատուներու, քոնկրեսականներու, Միջազգային դրամատան եւ Միջազգային դրամական ֆոնտի պաշտօնատարներուն հետ: Հարիրիի ընկերակցող պաշտօնական պատուիրակութեան մաս կը կազմեն արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, Կեդրոնական դրամատան կառավարիչ Ռիատ Սալամէ, Հարիրիի գրասենեակի տնօրէն Նատեր Հարիրի եւ կարգ մը խորհրդականներ:...

Արսալը Ազատագրելու Ճակատամարտը Սկսաւ

Արսալը Ազատագրելու Ճակատամարտը Սկսաւ

Երէկ կէս գիշերին սկսաւ Արսալի բարձունքները ազատագրելու ճակատամարտը` «Նահատակ Հաթեմ Համատայի (Հաժ Ալա) գործողութիւն» անունով: Հըզպալլա արդէն իր վերահսկողութիւնը հաստատած էր Քըսսարաթ շրջանի, ինչպէս նաեւ Ֆաթհ Շամի երեք կեդրոններու վրայ` Արսալի բարձունքներու Ուատի Աուայնի շրջանին մէջ: Կէս գիշերին հաղորդուեցաւ, որ ցամաքային գործողութիւնը քանի մը ժամէն պիտի սկսի սուրիական կողմէն` Ֆլիթայի շրջանէն: «Մայատին» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Դիմադրութեան աղբիւրներէն,...

Սամի Ժեմայէլ Կոչ Կ՛ուղղէ Նախագահին  Մերժելու Վաւերացուած Տուրքերու Օրէնքը

Սամի Ժեմայէլ Կոչ Կ՛ուղղէ Նախագահին Մերժելու Վաւերացուած Տուրքերու Օրէնքը

Փաղանգաւոր կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլ երէկ կէսօրէ ետք հրաւիրեց մամլոյ ասուլիսի մը, որուն ընթացքին կոչ ուղղեց հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունին մերժելու վաւերացուած տուրքերու օրէնքը եւ զայն վերադարձնելու խորհրդարան, որպէսզի այդ տուրքերը վերատեսութեան ենթարկուին: Ժեմայէլ շեշտեց, որ նախագահ Աուն միայն կրնայ կասեցնել լիբանանցի ժողովուրդին եւ անոր տնտեսութեան դէմ գործուելիք այդ ոճիրը: Ժեմայէլ յայտնեց, որ իրենք պիտի վիճարկեն տուրքերու օրէնքը`...

Կառավարութիւնը Վաւերացուց  Դիւանագիտական Նշանակումները

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Դիւանագիտական Նշանակումները

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի: Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ նախարարաց խորհուրդին օրակարգը: Կառավարութիւնը վաւերացուց դիւանագիտական նշանակումները եւ համաձայն գտնուեցաւ դեսպան Հանի Շմայթլին նշանակել արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար, դեսպան Ղատի...

Page 720 of 987 1 … 719 720 721 … 987

Արխիւներ