Ժապհաթ Նուսրայի եւ Արսալի ու Ֆլիթայի բարձունքները ողողած ու հոն դիրքաւորուած ահաբեկիչներուն դէմ յայտարարուած ճակատամարտը շարունակուեցաւ շաբաթավերջին:
Դիմադրութեան եւ սուրիական բանակին մղած ճակատամարտին շնորհիւ, մարտերուն երրորդ օրուան ընթացքին կարելի եղաւ ազատագրել Ֆլիթայի բարձունքները` ամբողջութեամբ, իսկ Արսալի բարձունքներուն 70 առ հարիւրը:
Արսալի մէջ արագ թափով յառաջացող Դիմադրութիւնը երէկ կէսօրէ ետք բուռն կերպով շարունակեց կռուիլ ահաբեկիչներուն դէմ:
Կռիւներուն չդիմանալով` Ժապհաթ Նուսրայի պատասխանատուներէն Ապու Թալհա Անսարի, իր հետ տանելով 30 զինեալներ, փախուստ տուաւ դէպի արեւելեան Արսալ:
Դիմադրութիւնը երէկ կէսօրէ ետք Արսալի արեւելքը գտնուող Հուքապ Խէյլ շրջանին մէջ մուտք գործեց Ժապհաթ Նուսրայի մարտիկներուն զինուորական գործողութիւններուն կեդրոնը, իսկ երեկոյեան ազատագրեց Օուէյնի հովիտը եւ Շաապաթ Նահլէ բարձունքը` աւելի եւս մօտենալով Հմայտ եւ Խայլ հովիտներուն:
2014-էն ի վեր Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն կողմէ գրաւուած Արսալի բարձունքներէն փախուստ տուին նաեւ Սարայա ահըլ շամի զինեալները:
Դիմադրութիւնը երէկ ազատագրեց նաեւ Շաապաթ Քալաան, որ ռազմավարական կարեւոր դիրք մը կը ներկայացնէ Արսալի բարձունքներուն վրայ` նկատի ունենալով, որ անոր ներքեւ կը գտնուին Տըպ եւ Ռայհան հովիտները, ուր կեդրոնացած են Ժապհաթ Նուսրայի զինեալները:
Դիմադրութեան մարտիկները իւրաքանչիւր դիրք ազատագրելէ ետք վար առին Ժապհաթ Նուսրայի սեւ դրօշները` անոնց տեղ բարձրացնելով Հըզպալլայի եւ լիբանանեան դրօշները:
Երեկոյեան Դիմադրութեան մարտիկները կրցան վերստանձնել նաեւ լիբանանեան բանակի Ը. ջոկատին պատկանող զինուորական մեքենայ մը, որ գրաւուած էր 3 օգոստոս 2014-ին:
Պէտք է աւելցնել նաեւ, որ սուրիական օդուժը իր կարգին ամբողջ շաբաթավերջին ռմբակոծեց Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող Ժապհաթ Նուսրայի դիրքերը:
Լիբանանեան Կարմիր խաչը իր կարգին ուղղուեցաւ Արսալ, ուրկէ վիրաւորները փոխադրեց, ինչպէս նաեւ գաղթականներուն օժանդակութիւն եւ սննդեղէն բաժնեց:
Իսկ լիբանանեան բանակը շարունակեց հսկել Արսալի սահմաններուն` ահաբեկիչներուն կողմէ դէպի գիւղաքաղաք կատարուելիք որեւէ ներթափանցում կասեցնելու նպատակով:
Բանակը բուռն կերպով ռմբակոծեց Տահր Սաֆայի շրջանը` արգիլելով դէպի Լիբանան ներթափանցում մը:
Լիբանանեան բանակին արտօնութեամբ Հմայտ հովիտէն եւ Քասարաթ շրջանէն ճողոպրած 79 կիներ ու երեխաներ մուտք գործեցին Արսալ:
Նշենք, որ շաբաթ օր յայտնուեցաւ, թէ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներ թիրախ դարձուցած են Արսալի նախկին փոխքաղաքապետ Ահմետ Ֆլիթին:
Ֆլիթիի մահը գուժեցին մեծ թիւով քաղաքական անձնաւորութիւններ, որոնց շարքին` Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթն ու նախկին նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որոնք գնահատեցին Ահմետ Ֆլիթիի ջանքերը` Ժապհաթ Նուսրայի առեւանգած լիբանանցի բանակայինները տուն դարձնելու բանակցութիւնները յաջողցնելու առիթով:
Ֆլիթիի յուղարկաւորութիւնը երէկ կատարուեցաւ Արսալի մէջ:
Արսալի քաղաքապետ Պասել Հուժէյրի շեշտեց, որ Ֆլիթի միշտ բարիք ցանկացած է եւ ճիգ չէ խնայած Արսալը հեռու պահելու չարիքէն ու փորձանքէն:
Նշենք, որ Ֆլիթիի ընտանիքը լիբանանեան պետութենէն թափանցիկ հետաքննութիւն պահանջեց` անոր մահուան պատճառներուն մասին:
Դիմադրութիւնը իր կարգին, Պաալպեքի եւ Ղպէյրիի մէջ կատարեց նահատակուած իր 4 մարտիկներուն յուղարկաւորութեան արարողութիւնները: