Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ կէսօրէ ետք ժամը 4:30-ին, նախագահական պալատին մէջ նախագահեց ապահովական նիստի մը, որուն ներկայ գտնուեցան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունը, սպայակոյտի պետի տեղակալ գնդապետ-զօրավար Նաուաֆ Ժըպպաուին, գաղտնի սպասարկութեան տնօրէն գնդապետ-զօրավար Անթուան Մանսուրը, ինչպէս նաեւ զինուորական գործողութիւններու տնօրէն գնդապետ-զօրավար Ժան Շիտիաքը:
Նիստին ընթացքին քննարկուեցաւ լիբանանեան-սուրիական սահմանամերձ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը` լուսարձակի տակ առնելով Արսալի բարձունքներուն վրայ տիրող իրավիճակը:
Զօր. Ժոզեֆ Աուն հանրապետութեան նախագահին մանրամասնօրէն ներկայացուց Արսալի մէջ ընթացող զինուորական գործողութիւններուն մանրամասնութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակին որդեգրած ապահովական միջոցառումները` պաշտպանելու համար երկրին սահմանները եւ արգիլելու ահաբեկիչներուն կողմէ կատարուելիք ներթափանցումի որեւէ փորձ:
Զօր. Աուն անդրադարձաւ նաեւ բանակին որդեգրած այն դասաւորումներուն, որոնք կը միտին լիբանանցի քաղաքացիներուն եւ սուրիացի տեղահանուածներուն անվտանգութիւնը ապահովել եւ զանոնք պաշտպանել այն շրջաններէն, ուր զինեալ բախումներ կ՛արձանագրուին:
Նախագահ Աուն դրուատեց լիբանանեան բանակին պատրաստուածութիւնը` լիբանանեան հողերուն վրայ որեւէ յարձակումի դէմ դնելու, քաղաքացիներն ու տեղահանուածները պաշտպանելու, ինչպէս նաեւ Արսալի, անոր շրջակայքի ու սահմաններուն ապահովութիւնը պահպանելու առումով:
Նախագահ Աուն հաստատեց, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ արձանագրուած ապահովական զարգացումները դրական պիտի ըլլան ահաբեկիչներուն դէմ դնելու, ինչպէս նաեւ քաղաքացիներուն եւ զինուորականներուն դէմ յարձակումները կասեցնելու իմաստով: Ան ընդգծեց, որ զինուորական այդ գործողութիւններուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ ապահովական կայունութիւնը վերադարձնել սահմանին:
Միւս կողմէ, նախագահ Աուն երէկ ընդունեց պետական քննութիւններուն ընթացքին գերազանց արդիւնքներ արձանագրած աշակերտները, որոնց յորդորեց չբաւարարուիլ իրենց արձանագրած արդիւնքով, այլ զայն նկատել բարձրագոյն ուսման սկսելու փուլի մեկնարկ մը: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ուսումն ու դաստիարակութիւնը անվերջ են` կոչ ուղղելով աշակերտներուն շարունակելու իրենց ուսումը եւ դառնալու ընկերութեան այն ընտրանին, որուն շնորհիւ կարելի պիտի ըլլայ Լիբանանի փայլուն ապագան:
Նախագահ Աուն շեշտեց, որ գիտութիւնն ու քաղաքակրթութիւնը իրար կ՛ամբողջացնեն` շեշտելով իրենց նախորդող սերունդներուն փորձառութենէն օգտուելու եւ աւելի լաւը իրագործելու կարեւորութիւնը:
Նշենք, որ հանդիպումին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Մարուան Համատէ եւ նախարարութեան ընդհանուր տնօրէն Ֆատի Եարաք:
Հանդիպումէն ետք տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն` ի պատիւ գերազանց աշակերտներուն:




