Վարչապետ Հարիրի Շնորհաւորեց Մոհամետ Պըն Սալման Իշխանը
Վարչապետ Սաատ Հարիրի քանի մը ժամուան համար այցելեց Սէուտական Արաբիա, ուր շնորհաւորեց Սէուտական Արաբիոյ գահաժառանգ իշխան Մոհամետ պըն Սալման պըն Ապտել Ազիզ իշխանը: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:




















