Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արսալը Ազատագրելու Ճակատամարտը Սկսաւ

July 21, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ կէս գիշերին սկսաւ Արսալի բարձունքները ազատագրելու ճակատամարտը` «Նահատակ Հաթեմ Համատայի (Հաժ Ալա) գործողութիւն» անունով:

Հըզպալլա արդէն իր վերահսկողութիւնը հաստատած էր Քըսսարաթ շրջանի, ինչպէս նաեւ Ֆաթհ Շամի երեք կեդրոններու վրայ` Արսալի բարձունքներու Ուատի Աուայնի շրջանին մէջ: Կէս գիշերին հաղորդուեցաւ, որ ցամաքային գործողութիւնը քանի մը ժամէն պիտի սկսի սուրիական կողմէն` Ֆլիթայի շրջանէն:

«Մայատին» պատկերասփիւռի արբանեակային կայանը, իր տեղեկութիւնները քաղելով Դիմադրութեան աղբիւրներէն, երէկ կէսօրին հաղորդեց, որ Արսալի բարձունքները ազատագրելու ճակատամարտը քանի մը ժամէն պիտի սկսի:

Միւս կողմէ, նոյն լրատուամիջոցը նշեց, որ նախանցեալ գիշեր շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրիի (Ապու Թաքիէ)` Արսալի բարձունքներուն վրայ Ժապհաթ Նուսրայի էմիր Ապու Մալեք Թալլիի մօտ միջնորդութիւնը ձախողած է, երբ վերջինս յայտնած է, թէ անձնատուր պիտի չըլլայ, այլ` պիտի կռուի:

Ապու Թաքիէի հետ բանակցութիւնները սկսելէ առաջ Թալլի պահանջած էր Քալամունէն Հըզպալլայի մարտիկներուն հեռացումը, սակայն ժխտական պատասխաններուն լոյսին տակ, ան որոշած է կռուիլ:

Նշենք, որ սուրիական օդուժը ամբողջ օրուան ընթացքին անդադար ռմբակոծեց Արսալի ու Ֆլիթայի բարձունքները` ուղղակի հարուածներ հասցնելով Ժապհաթ Նուսրայի դիրքերուն:

Իրապէս ալ «Մայատին»-ի հաղորդումէն ժամեր ետք, երէկ երեկոյեան շուրջ ժամը 6:00-ին, Հըզպալլա բուռն ռմբակոծումի թիրախ դարձուց Արսալի բարձունքները գտնուող ահաբեկիչներուն դիրքերը:

Լիբանանեան բանակը իր կարգին ամրապնդեց Արսալի մօտակայքը եւ Հիւսիսային Պեքաայի մէջ գտնուող իր դիրքերը` կանխարգիլելու համար զինեալներուն կողմէ սանձազերծուելիք որեւէ յարձակում:

Երեկոյեան ժամը 8:30-ին Արսալի բարձունքներուն ռմբակոծումը դադրեցաւ, երբ միջնորդի մը առիթ տրուեցաւ բանակցելու ահաբեկիչներուն հետ:

Միջնորդը զինեալներուն ներկայացուց բանակցութեան նախապայմանները` նշելով, որ մինչեւ կէս գիշեր անոնք պէտք է յանձնեն իրենց պատասխանը:

Սակայն շուրջ երկու ժամ ետք ահաբեկիչները իրենց մերժումը յայտնեցին այդ պայմաններուն:

Սուրիական օդուժը ուշ գիշերին շարունակեց ռմբակոծել Արսալի բարձունքները:

Մինչ Արսալի բարձունքներուն վրայ Ժապհաթ Նուսրայի դիրքերուն ռմբակոծումը կը շարունակուէր նաեւ Հըզպալլայի թնդանօթներուն կողմէ, գիշերուան ժամը 10:30-ին Հըզպալլայի մարտիկներ Թալ Պուրքան սահմանամերձ շրջանին մէջ (Արեւմտեան Քալամուն) բախումներ ունեցան Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն հետ:

ՆՇԵՆՔ, որ Պաալպեքի մէջ ներքին ապահովութեան ուժերը ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրեցին եւ  անցարգելներ զետեղեցին տարբեր թաղերու մէջ` հսկելով շրջանին ապահովական կայունութեան:

Նախորդը

Սամի Ժեմայէլ Կոչ Կ՛ուղղէ Նախագահին Մերժելու Վաւերացուած Տուրքերու Օրէնքը

Յաջորդը

Ցեղասպանութեան Փասատենայի Յուշարձանին Ցուցանակները Ազատուղիին Վրայ Պիտի Զետեղուին

RelatedPosts

Լիբանանեան Նախարարական  Պատուիրակութիւն Մը  Դամասկոս Այցելեց
Լիբանանեան

Լիբանանեան Նախարարական Պատուիրակութիւն Մը Դամասկոս Այցելեց

November 3, 2026
Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ  Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական  Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան  Մատակարարումը Ընդհատել
Լիբանանեան

Ելեկտրականութեան Ընկերութիւնը Սկսաւ Իրենց Վճարումները Չկատարած Պետական Հաստատութիւններու Ելեկտրականութեան Մատակարարումը Ընդհատել

November 3, 2026
Ժողովրդավարական Հանդիպում  Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական  Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Ժողովրդավարական Հանդիպում Եւ Հզօր Հանրապետութիւն Երեսփոխանական Պլոքներու Միջեւ Խորհրդակցական Հանդիպում

November 3, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.