Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արսալի Բարձունքները Ահաբեկիչներէն Ազատագրելու Ճակատամարտը Պիտի Շարունակուի

Յուլիս 22, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան արշալոյսին Արսալը եւ Քալամունը ահաբեկիչներէն մաքրագործելու նպատակով սկսած զինուորական գործողութիւնը շարունակուեցաւ ամբողջ օրուան ընթացքին` արձանագրելով ռազմավարական նուաճումներ:

Ամբողջ օրուան ընթացքին սուրիական բանակն ու Դիմադրութիւնը հրթիռակոծեցին Արսալի եւ Ֆլիթայի բարձունքներուն վրայ գտնուող ահաբեկիչներուն դիրքերը:

Հըզպալլայի մարտիկները ռմբակոծեցին նաեւ Տահր Հաուայի եւ Ռահուէի հովիտին մէջ գտնուող Ժապհաթ Նուսրայի դիրքերն ու կեդրոնները` հասնելով մինչեւ Քանզահի դիրքերը, Օքապի բարձունքները, Խէյլի հովիտն ու Շաապաթ Նահլէն, որոնք կը գտնուին Արսալի բարձունքներուն վրայ:

Սուրիական բանակն ու Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծեցին նաեւ Տալիլի բարձունքներուն, թալլեթ Քուրայի, թալլեթ Ալամի եւ արեւմտեան Քալամունի մէջ դիրքաւորուած զինեալները:

Յարձակումը սկսաւ երկու կողմերէ, իւրաքանչիւր կողմի պարագային զանազան ճիւղաւորումներով:

Առաջին յարձակումը սկսաւ սուրիական Ֆլիթա գիւղէն` հասնելով մինչեւ արեւմտեան Քալամուն, իսկ երկրորդ յարձակումը` Լիբանանի արեւելեան լեռնաշղթայէն, այլ խօսքով` Արսալի բարձունքներէն հասնելով մինչեւ Արսալի բարձունքներուն հիւսիսարեւելեան շրջանը, ուր կը գտնուին ահաբեկիչներուն դիրքերն ու կեդրոնները:

Արսալի ճակատամարտը յայտարարող կողմերը շեշտեցին, որ ճակատամարտի աւարտին յստակ ժամկէտ չէ ճշդուած` ընդգծելով, որ այդ ճակատամարտը պիտի խօսի ինքն իր մասին եւ պիտի ընթանայ ծրագրուած տարբեր հանգրուաններով:

Կէսօրին Դիմադրութիւնն ու սուրիական բանակը զգալի յառաջխաղացքներ արձանագրեցին Ֆլիթայի եւ արեւմտեան Քալամունի բարձունքներուն վրայ:

Միաժամանակ Դիմադրութիւնը յառաջխաղացք արձանագրեց նաեւ Քանզահի դիրքերուն մօտ` Ժապհաթ Նուսրայի մարտիկներուն դէմ բուռն կռիւներ մղելով եւ մեծ թիւով ահաբեկիչներ սպաննելով:

Ազատագրուած առաջին բարձունքներէն եղաւ թալլեթ Պուրքանը, որ կը գտնուի Ֆլիթայի բարձունքներուն վրայ: Այդ բարձունքներէն Դիմադրութեան մարտիկները յարձակում մը գործեցին դէպի Ռահուէի հովիտ եւ Տահր Հուէ, որոնք Արսալի բարձունքներուն վրայ Ժապհաթ Նուսրայի կարեւորագոյն կեդրոններէն եւ դիրքերէն կը նկատուէին:

Դիմադրութիւնը անմիջապէս իր հակակշիռին տակ առաւ նաեւ Ռահուէի հովիտը` տասնեակներով զինեալներ սպաննելէ եւ ահաբեկիչներուն պատկանող զինուորական սարքեր քանդելէ ետք: Դիմադրութեան մարտիկները ռմբակոծումի թիրախ դարձուցին նաեւ զինեալներուն զինուորական գործողութեան կեդրոնը` սպաննելով հոն գտնուող բոլոր ահաբեկիչները:

Տահր Հուէի մէջ Դիմադրութեան մարտիկները վար առին Ժապհաթ Նուսրայի դրօշը եւ բարձրացուցին Հըզպալլայի դրօշը: Զինուորական այս նուաճումը պատճառ դարձաւ, որ Դիմադրութեան մարտիկները ուղղուին նաեւ Խէյլ եւ Տըպ հովիտներ, ուր կը գտնուին Ժապհաթ Նուսրայի զինամթերքի պահեստանոցն ու էմիրը` Ապու Մալեք Թալլի:

Կը նախատեսուի, որ Դիմադրութիւնն ու սուրիական բանակը իբրեւ Արսալի բարձունքներու ազատագրման ճակատամարտի երկրորդ փուլ այսօր առաւօտեան ուղղուին Խէյլ եւ Տըպ հովիտներ, ուրկէ պիտի անցնին երրորդ հանգրուանին` Թաէֆի, Ֆաթհի եւ Ռայայի կեդրոնները, որոնք աւելի եւս պաշտպանուած են Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ:

Երէկ երեկոյեան յստակ դարձաւ, որ Տահր Հուէի պատասխանատուն եւ անոր երկու ընկերակիցները սպաննուած են:

Կէս գիշերին Հըզպալլա յայտարարեց, որ երէկուան ճակատամարտին ընթացքին նահատակուած են Դիմադրութեան եօթը մարտիկներ:

Դիմադրութիւնը յետմիջօրէին իր հակակշիռին տակ առաւ նաեւ Տաքիք եւ Զաարուր հովիտները, ինչպէս նաեւ Թաֆթանազը եւ Քանզահը:

Լիբանանեան բանակը իր կարգին պաշտպանեց Արսալը` ետ մղելով դէպի գիւղաքաղաք ներթափանցումի փորձ մը: Բանակը իր կարգին բուռն կերպով ռմբակոծեց Ժապհաթ Նուսրայի դիրքերը:

Բանակը ՄԱԿ-ի պատասխանատուներուն հսկողութեամբ արտօնեց, որ Մալահի գիւղաքաղաքի գաղթակայաններէն փախուստ տուած կիներ եւ երեխաներ մուտք գործեն Արսալ:

Արսալի քաղաքապետ Պասել Հուժէյրի յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին հանդէպ ե՛ւ արսալցիները, ե՛ւ սուրիացի տեղահանուածները յարգանք ունին ու նեցուկ կը կանգնին անոր` աւելցնելով, որ բանակը կը պաշտպանէ Արսալը` ահաբեկիչներուն կողմէ կատարուելիք ներթափանցումի որեւէ փորձէ:

Հուժէյրի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը կը պաշտպանէ նաեւ տեղահանուածներն ու անոնց գաղթակայանները:

Հուժէյրի շնորհակալութիւն յայտնեց ճակատամարտին մասնակցող եւ անոր յաղթանակը ապահովող բոլոր կողմերուն: Ան ըսաւ. «Երբ Հըզպալլա կ՛ազատագրէ հողերը եւ զանոնք կը վերադարձնէ ժողովուրդին, ապա շնորհակալութիւն կը յայտնենք անոր»:

Իր կարգին, Մուսթաքպալ հոսանքը շեշտեց, որ Արսալի բնակիչները պաշտպանելու պատասխանատուութիւնը միայն լիբանանեան պետութեան եւ լիբանանեան բանակին կը պատկանի:

Նշենք, որ Ապու Մալեք Թալլի յայտնեց, որ ինք մինչեւ վերջին շունչ պիտի պայքարի:

Միւս կողմէ, Ուատի Հմայտի մէջ գտնուող Սարայա ահըլ շամ ահաբեկչական խմբաւորումին 100 անդամները Հըզպալլային յայտնեցին անձնատուր ըլլալու իրենց պատրաստակամութիւնը:

Նախորդը

«Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Պիտի Մասնակցինք Եւ Պիտի Վերականգնենք Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը» Շեշտեց Երեսփոխան Բագրատունի

Յաջորդը

Թուրքիոյ Խորհրդարանի Սահմանադրական Յանձնախումբը Վաւերացուց «Ցեղասպանութիւն» Եզրը Արգիլող Օրէնքի Թղթածրարը

RelatedPosts

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ
Լիբանանեան

Կառավարութեան Նիստ` Պաապտայի Պալատին Մէջ

Յուլիս 12, 2025
Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն.  Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել
Լիբանանեան

Ըստ «Թելեւիզիոն Սուրիա»-ի Աղբիւրներուն. Շարհ Կը Սպառնայ Պէյրութի Դէմ Դիւանագիտական Եւ Տնտեսական Մագլցումի Դիմել

Յուլիս 12, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

«Նախագահ Աունի Նկատմամբ Մեծ Վստահութիւն Կայ, Եւ Անոր Ընտրանքները Լիբանանի Համար Լաւագոյնն Են» Կ՛ըսէ Արեւմուտքցի Դիւանագիտական Պաշտօնատար Մը

Յուլիս 12, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?