Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Պիտի Մասնակցինք Եւ Պիտի Վերականգնենք Հայկական Երեսփոխանական Պլոքը» Շեշտեց Երեսփոխան Բագրատունի

Յուլիս 22, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ «Էմ. Թի. Վի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին շեշտեց, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ ընթացող ճակատամարտին նկատմամբ ինք կը ցուցաբերէ հետեւեալ մօտեցումը. «Կարեւորը Լիբանանի պաշտպանութիւնն է: Անշուշտ այդ ճակատամարտին, յատկապէս Հըզպալլայի մասնակցութեան մասին տարբեր տեսակէտներ կան, սակայն ի վերջոյ այդ ճակատամարտը Լիբանանին կը վերաբերի եւ կարեւոր է, որ Լիբանան յաղթական դուրս գայ անկէ: Այո՛, Սուրիոյ պատերազմին միջամուխ դառնալու Հըզպալլայի քայլերուն վերաբերեալ մեղադրանք կայ երկրին մէջ, սակայն անժխտելի է, թէ այսօր Դիմադրութեան մարտիկները լիբանանեան բանակին կողքին կը պաշտպանեն Լիբանանի սահմանները եւ ահաբեկչութեան դէմ կը պատերազմին», ըսաւ ան:

Պատասխանելով այն դիտարկումին, թէ Հըզպալլա պետութեան մէջ փոքր պետութիւն մըն է, Յ. Բագրատունի ըսաւ, որ եթէ այդ մօտեցումը ցուցաբերենք, ապա անիկա միայն Դիմադրութեան չի վերաբերիր, այլեւ` քաղաքական բոլոր ուժերուն եւ բոլոր համայնքներուն, որոնք իւրաքանչիւրը վերածուած են փոքր պետութիւններու: «Ի վերջոյ Դիմադրութիւնը, որուն «փոքր պետութիւն» յորջորջումը կու տան, լիբանանցիներուն եւ բանակին կողքին կրցաւ Լիբանանը ազատագրել իսրայէլեան բռնագրաւումէն: Իսկ այսօր կը գտնուինք Լիբանանը ահաբեկչութեան եւ ՏԱՀԵՇ-ի վտանգէն փրկելու սեմին», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ ՏԱՀԵՇ եւ անոր նման բազմաթիւ խմբաւորումներ եկան փաստելու, որ իրենք Սուրիոյ, Իրաքի եւ Եմէնի մէջ ժողովրդավարութեան եւ մարդկային իրաւունքներուն համար չէ որ կը պայքարին, այլ կը պայքարին շրջանին քարտէսը վերագծելու եւ շրջանին մէջ նոր գոյացութիւններ յառաջացնելու համար:

«Կը մաղթենք, որ լիբանանեան բանակին, Դիմադրութեան եւ ժողովուրդին զոհողութիւններով կարելի ըլլայ յաղթել ահաբեկչութեան եւ պաշտպանել Լիբանանը, որովհետեւ Լիբանանի իւրաքանչիւր շրջան վտանգի ենթակայ է, իւրաքանչիւր համայնք, իւրաքանչիւր լիբանանցի վտանգի ենթակայ է», շեշտեց Յ. Բագրատունի:

Լիբանանեան ներքին քաղաքական իրավիճակին անդրադառնալով` Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ոչ ոք պէտք է յուսայ 6-7 ամիսէն բարեկարգումներ յաջողցնել: «Լիբանանի իրականութիւնը շատ յստակ է. բարեկարգումն ու բարգաւաճումը կ՛ապահովուին զիջումներու եւ համաձայնութիւններու հիման վրայ:

Դիւանագիտական նշանակումներուն անդրադառնալով` երեսփոխան Բագրատունի յայտնեց, որ առաջին անգամ ըլլալով լիբանանահայութեան յատկացուած է երկու դեսպան, որոնցմէ մէկը պիտի աշխատի արտաքին գործոց նախարարութեան մէջ, իսկ միւսը պիտի ծառայէ լատինամերիկեան երկրի մը մէջ:

Յ. Բագրատունի վերահաստատեց, որ Թաէֆի համաձայնագիրէն ետք լիբանանահայութիւնը դարձած է Լիբանանը բաղկացնող հիմնական 7 համայնքներէն մէկը` աւելցնելով սակայն, որ Լիբանանի մէջ համայնքային ներկայացուցչութեան սահմանափակումները առկայ են: «Օրինակ` զինուորական մը հայ ըլլալուն պատճառով չի կրնար գաղտնի սպասարկութեան պետ նշանակուիլ կամ Զինուորական գերագոյն խորհուրդին անդամակցիլ, չի կրնար հազարապետ-զօրավարի աստիճան ունենալ: Ան պարզապէս կը դառնայ գնդապետ-զօրավար: Բայց եւ այնպէս մենք կը քաջալերենք երիտասարդները` յուսալով, որ համայնքային, յարանուանական եւ տեղայնական փոթորիկները աստիճանաբար ցնդին եւ ատակ լիբանանցիները հասնին պատասխանատու պաշտօններու: Ամէն պարագայի, բանակին մէջ կան հայ սպաներ, սպայակոյտին մէջ նաեւ կան հայեր, ինչպէս նաեւ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերուն եւ Պետական անվտանգութեան ուժերուն մէջ ունինք հայեր: Հայեր կան նաեւ նախագահական պալատին մէջ», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ մեծ ու փոքր քաղաքական ուժեր չկան: Հաստատելով, որ ՀՅ Դաշնակցութիւնը Լիբանանի հիմնական կուսակցութիւններէն է, Յ. Բագրատունի ըսաւ. «Իւրաքանչիւրը իր ձեւով կ՛աշխատի եւ կ՛ապահովէ իր իրաւունքները»:

Աշխատավարձի յաւելումներուն եւ անոնց կողքին վաւերացուած տուրքերուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի ընդգծեց քաղաքացիներուն իրաւունքներուն կարեւորութիւնը:

Ան նշեց, որ աշխատավարձի յաւելումները, որոնք քաղաքացիին իրաւունքը կը նկատուին, արդէն իսկ բաւական ուշ վաւերացուած են, իսկ կառավարութեան եւ Տնտեսական խորհուրդներուն պարտականութիւնն է հետապնդել փտածութիւնը եւ կարգաւորել զայն, որպէսզի ի վերջոյ կարելի ըլլայ փրկուիլ անկէ:

«Եթէ մենք երազելու կարողութիւնը կորսնցնենք եւ գոյատեւելու կորովը կորսնցնենք, ապա չենք կրնար ապրիլ եւ նուաճումներ ու բարգաւաճում իրագործել: Բնականաբար խոստումները շատ են, սակայն եթէ մենք իբրեւ օրուան իշխանութիւններ կրցանք այդ խոստումներուն 10 առ հարիւրը իրականացնել, ապա դրական մթնոլորտ մը կը ստեղծենք եւ իշխանութիւններուն նկատմամբ ժողովուրդին վստահութիւնը կը վերականգնենք», ըսաւ ան:

Յ. Բագրատունի նշեց, թէ ինք կը հաւատայ, որ բարգաւաճում եւ զարգացում կարելի չէ իրականացնել առանց քննադատութեան, որովհետեւ քննադատութեան ընդմէջէն է, որ սխալները կարելի կ՛ըլլայ մատնանշել:

Ան հաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն առանձին ոչինչ կրնայ իրագործել` աւելցնելով, որ երկրին նոր իշխանութիւնը կը յաջողի, երբ բոլորը միասնաբար գործեն:

Երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասին հարցումի մը պատասխանելով` Յ. Բագրատունի յայտնեց, որ համամասնական դրութեան վրայ հիմնուած ընտրական նոր օրէնքը 1960-ի օրէնքէն շատ աւելի լաւ է` աւելցնելով սակայն, որ վարկանշային քուէները քաղաքական բոլոր ուժերուն համար պիտի վերածուին հարցի:

Ան նկատել տուաւ, որ ընտրական նոր օրէնքը կրնայ պատճառ դառնալ, որ ընտրական դաշինքները փոխուին` նկատի ունենալով ընտրութիւններուն յաղթանակներ արձանագրելու մտահոգութիւնը:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն միշտ ալ հաստատած է, որ ընտրական իր դաշինքները ամբողջ Լիբանանի տարածքին կը գործեն, եւ հայ թեկնածուները ՀՅԴ-ն կը ճշդէ` աւելցնելով սակայն, որ ՀՅԴ-ի համար գործակցութեան բոլոր կարելիութիւնները բաց են, հակառակ անոր որ տակաւին շատ կանուխ է այդ մասին խօսելու:

Ան շեշտեց, որ ոչ ոք կրնայ ուրանալ, թէ Լիբանանի մէջ համայնքային գերզգայնութիւններ կան` աւելցնելով, որ համայնքներուն իւրայատկութիւնները պահպանելու յանձնառութիւնը կարեւոր է, «հետեւաբար լաւ կ՛ըլլայ, որ իւրաքանչիւր համայնք իր թեկնածուները առաջադրէ: Նախորդ 17 տարիներուն ընթացքին վկայեցինք, որ տարբեր կուսակցութիւններու կողմէ առաջադրուած հայ թեկնածուները ընտրուեցան, սակայն այդ երեսփոխանները ի՛նչ կրցան ընել լիբանանահայութեան համար: Կարեւորը այն է, որ լիբանանահայութիւնը հզօր մնայ եւ նեցուկ կանգնի պետութեան», հաստատեց ան:

«Երեսփոխանական ընտրութիւններուն պիտի մասնակցինք եւ պիտի վերականգնենք Հայկական երեսփոխանական պլոքը, որ ինքնին երկրին եւ պետութեան հաւասարակշռութիւնը պահպանելու առաքելութիւնը կը ստանձնէ», ըսաւ Յակոբ Բագրատունի:

Ան մաղթեց, որ ընտրական այս նոր օրէնքին հիման վրայ կատարուելիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն ընթացքին ճշգրիտ ներկայացուցչութեան կողքին ապահովուի նաեւ ատակ խորհրդարան մը, որ զինուած ըլլայ լաւ ծրագիրներով:

Երեսփոխան Բագրատունի շեշտեց, որ ՀՅԴ-ի յարաբերութիւնները քաղաքական բոլոր ուժերուն հետ լաւ կը մնան: Ան նշեց, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան հետ յարաբերութիւնները ամուր են եւ հեզասահ, Փաղանգաւոր կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Սամի Ժեմայէլի հետ բարեկամական կապերը ի զօրու են, վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ յարաբերութիւնները շատ լաւ են, եւ Մուսթաքպալ հոսանքին հետ վատ յարաբերութեան էջը անվերադարձ փակուած է, ինչպէս նաեւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ յարաբերութիւնները լաւ են: «Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ հանդիպում մը կատարուած է այն յոյսով, որ երեսփոխանական ընտրութիւններուն տարակարծութիւններ չեն արձանագրուիր: Սակայն նոյնիսկ եթէ արձանագրուին, այլ հարցերու վրայ ազդեցութիւն պիտի չունենան», հաստատեց ան:

Յ. Բագրատունի ընդգծեց, որ 6 մայիսը միայն երեսփոխանական ընտրութիւններու յաղթանակի օր պէտք չէ ըլլայ, «նաեւ պէտք չէ մոռնալ, որ 6 մայիսը Լիբանանի Նահատակաց օրն է եւ կարելի չէ այդ օրը երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարել», եզրափակեց ան:

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Մեկնեցաւ Միացեալ Նահանգներ

Յաջորդը

Արսալի Բարձունքները Ահաբեկիչներէն Ազատագրելու Ճակատամարտը Պիտի Շարունակուի

RelatedPosts

Ակնարկ.  Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Ակնարկ. Անկարգապահ Տարրեր Կամ Պետութիւններ

Հոկտեմբեր 22, 2025
ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէի Պատուիրակութիւնը Այցելեց Հայ Աւետարանական Կեդրոնական Բարձրագոյն Վարժարան Եւ «Ճինիշեան» Յիշատակի Հիմնադրամ

Հոկտեմբեր 22, 2025
Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան
Գլխաւոր լուրեր

Վարդան Ղուկասեան Կալանաւորուեցաւ, Համայնքի Ղեկավարի Լիազօրութիւնները Կասեցուեցան

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?