Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

July 24, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ ընդգծեց, որ Արսալ պիտի վերադառնայ իր բնակիչներուն:

ՀԸԶՊԱԼԼԱՅԻ գործադիր խորհուրդի նախագահ սէյիտ Հաշեմ Սաֆիէտտին յայտնեց, որ Քալամունի եւ Արսալի բարձունքներուն վրայ իր մղած ճակատամարտով Դիմադրութիւնը կը պաշտպանէ ամբողջ Լիբանանը:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ հարցերով պետական նախարար Ալի Քանսօ շեշտեց, որ Դիմադրութեան կողմէ Արսալի բնակիչներուն ներկայացուած մեծագոյն բարիքը զանոնք ահաբեկիչներու մղձաւանջէն փրկելն է:

ԻՍՐԱՅԷԼԵԱՆ օդուժը թռիչքներ գործեց  Նապաթիէի, Պընթ Ժպէյլի եւ Մերժահիունի վերեւ` ոտնձգութիւններ գործելով Լիբանանի գերիշխանութեան դէմ:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Նաուաֆ Մուսաուի շեշտեց, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ Դիմադրութեան մղած ճակատամարտը ազգային ճակատամարտ է` ազատագրելու համար բռնագրաւուած լիբանանեան հողերը:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ պէտք է շնորհակալ ըլլալ Արսալի բարձունքներուն վրայ Հըզպալլայի մարտիկներուն մղած ճակատամարտին համար:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Ռեմոն Արայժի ողջունեց լիբանանեան բանակն ու Հըզպալլան` ահաբեկչութեան դէմ իրենց մղած ճակատամարտին համար: Արայժի ընդգծեց, որ այդ ճակատամարտին նպատակն է պաշտպանել Լիբանանը:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ ողջունեց լիբանանեան բանակն ու Դիմադրութիւնը` Արսալի բարձունքներուն վրայ մղուած ճակատամարտին առիթով:

ՀԱՒԱՏԱՐՄՈՒԹԻՒՆ դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի անդամ Ալի Ֆայեատ հաստատեց, որ Հըզպալլայի կողմէ Արսալի բարձունքները ազատագրելու ճակատամարտին յաղթանակ ապահովելը ժամանակի հարց է:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Էմիլ Ռահմէ շեշտեց, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ ընթացող ճակատամարտը օգտակար պիտի ըլլայ բոլոր լիբանանցիներուն համար:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի յայտնեց, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ Հըզպալլա լիբանանեան բանակին կողքին կը պատերազմի ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը Արսալի մէջ ձերբակալեց ՏԱՀԵՇ-ի անդամ Խտըր Ֆլիթին:

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Թրիփոլիի Ապի Սամրա շրջանին մէջ ձերբակալեց Հիլալ Մասրին` ահաբեկչական կազմակերպութիւններու հետ գործակցութեան յանցանքով:

 

Նախորդը

Քաթար Պիտի Քաշուի՞ Ծոցի Երկիրներու Համագործակցութեան Խորհուրդէն

Յաջորդը

Արտերկրի Լիբանանցի Հարիւրաւոր Երիտասարդներ Այցելեցին Պուրճ Համուտ

RelatedPosts

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական  Գործակցութեան Նախարարը`  Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու  Լուծման Համար Դիւանագիտական  Լուծումներուն Կը Կառչինք»
Լիբանանեան

Ընդունելով Գերմանիոյ Տնտեսական Գործակցութեան Նախարարը` Նախագահ Աուն. «Հակամարտութիւններու Լուծման Համար Դիւանագիտական Լուծումներուն Կը Կառչինք»

October 30, 2026
Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ  Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում
Լիբանանեան

Թրիփոլիի Լիբանանեան Համալսարանին Մէջ Նոր Խորհրդակցական Հանդիպում

October 30, 2026
Ֆրանսական Խորհրդարանական  Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց  Պէյրութի Նաւահանգիստ
Լիբանանեան

Ֆրանսական Խորհրդարանական Պատուիրակութիւն Մը Այցելեց Պէյրութի Նաւահանգիստ

October 30, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.