Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Զօր. Ժոզեֆ Աուն. «Ձերբակալուածներուն Մէջ Կը Գտնուին 50 Ահաբեկիչներ, Որոնք Ծրագրած Են Եւ Մեղսակցած Բանակայիններուն Առեւանգումին»

July 26, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ այցելեց լիբանանեան օդուժի Այն Ռըմմանէի կեդրոնը, ուր հանդիպում մը ունեցաւ կեդրոնի սպաներուն եւ բանակայիններուն հետ` անոնց կատարելու համար պէտք եղած ցուցմունքները:

Զօր. Աուն դրուատեց լիբանանեան օդուժին ի գործ դրած ջանքերը` բարելաւելու համար իր կարողութիւնները եւ բարձրացնելու համար մարտական իր կարելիութիւններուն մակարդակը:

Ան կոչ ուղղեց բոլորին մնալու կազմ ու պատրաստ:

Անդրադառնալով Արսալի իրադարձութիւններուն` զօր. Աուն հաստատեց, որ բանակը տեղակայուած է արեւելեան լեռնաշղթային վրայ եւ միշտ թիրախ կը դարձնէ Արսալ ներթափանցել փորձող զինեալ խմբաւորումները:

Զօր. Աուն ընդգծեց, որ բանակը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ պաշտպանելու Արսալի բնակչութիւնը, ինչպէս նաեւ գաղթակայաններուն մէջ գտնուող տեղահանուածներուն անվտանգութիւնը:

Ան նշեց, որ բանակը կը գործակցի նաեւ Միջազգային ու Լիբանանեան կարմիր խաչին հետ` տեղահանուածներուն սննդեղէն եւ բժշկական խնամք տրամադրելու նպատակով:

Ակնարկելով վերջերս Արսալի գաղթակայաններուն մէջ լիբանանեան բանակին կատարած ձերբակալութիւններուն` զօր. Աուն շեշտեց, որ ձերբակալուածներուն մէջ կը գտնուին 50 ահաբեկիչներ, որոնք ծրագրած են ու մեղսակցած բանակայիններուն առեւանգումին, ինչպէս նաեւ 2014-ին յարձակում գործած են Արսալի արհեստից դպրոցին դէմ: «Բանակը` մարդկային իրաւունքները յարգելու իր յանձնառութեամբ, պիտի չարտօնէ, որ գաղթակայանները վերածուին ահաբեկիչներու պատնէշին կամ թաքստոցին, ուր անոնք ահաբեկչական գործողութիւններ ծրագրելու կարելիութիւն ունենան», ըսաւ ան:

 

Նախորդը

Աշխատավարձի Յաւելումին Դէմ Բողոքի Ցոյց` Հանգստեան Կոչուած Զինուորականներուն Կողմէ

Յաջորդը

«Լիբանան Պիտի Ապրի: Մեր Դատը Մեր Գլուխին Թագն Է, Իսկ Արեւելեան Քրիստոնէութիւնը Արժանի Է Դառնալու Մեր Ռահվիրան», Ըսաւ Երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի

RelatedPosts

Կառավարութեան Գործունէութեան  Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը  Այսօր Եւս Կը Շարունակուի
Գլխաւոր լուրեր

Կառավարութեան Գործունէութեան Ընդհանուր Քննարկման Խորհրդարանական Նիստը Այսօր Եւս Կը Շարունակուի

September 16, 2026
Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ  Ճափոնի Դեսպանին
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի Այցելեց Լիբանանի Մէջ Ճափոնի Դեսպանին

September 16, 2026
Նախագահ Աուն. «Միջազգային Ընտանիքը  Հրաւիրուած Է Միջամտելու` Արգիլելու  Համար Իսրայէլի Բռնարարքները»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդհանուր Դատախազութիւնը Պէյրութի Նաւահանգիստի Պայթումին Հարցով Պահանջեց Ամբաստանել Նախկին Նախագահ Միշէլ Աունը

September 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.