Արտերկրի լիբանանցի 300 երիտասարդներ անցեալ ուրբաթ Սայիտաթ Ժապալի մէջ գումարեցին իրենց խորհրդաժողովը` ներկայութեամբ զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեանի, որ ողջունեց Լիբանանեան մշակութային համալսարանի նախաձեռնութիւնը` ընդգծելով մայր հայրենիք այցելութեան կարեւորութիւնը:
Միւս կողմէ, Լիբանան եկած արտերկրի լիբանանցի երիտասարդները շաբաթ յետմիջօրէին այցելեցին Պուրճ Համուտ` ընդառաջելով Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրաւէրին:
Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի հրապարակին վրայ երիտասարդները դիմաւորուեցան նախարար Կիտանեանի, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի եւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեանի կողմէ` ներկայութեամբ Լիբանանեան մշակութային համալսարանի նախագահ Էլիաս Քասսապի եւ Լիբանանեան մշակութային համալսարանի ընդհանուր քարտուղար Ուիսամ Ռըզքի:
Հարիւրաւոր երիտասարդներուն ժամանումով եւ «Ռաժաա ռաժաա եըթաամմար Լըպնան» երգին ընկերակցող երիտասարդներուն եւ նախարարին բռնած շուրջպարով Պուրճ Համուտի հրապարակը ստացաւ տօնական մթնոլորտ:
Քաղաքապետարանը նաեւ ընթրիք մը կազմակերպեց ի պատիւ երիտասարդներուն:
Այս առիթով քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան բարի գալուստ մաղթեց անոնց` շեշտելով, որ Պուրճ Համուտը շրջան մըն է, ուր կ՛ապրին Լիբանանը ներկայացնող բոլոր շերտերը: Ան ընդգծեց Պուրճ Համուտի մէջ ազգային համերաշխութեան անհրաժեշտութիւնը եւ աւելցուց, որ արտերկրի երիտասարդները հայրենիքին այն զաւակներն են, որոնք Լիբանանի պատգամ ըլլալու իրողութիւնը կը ներկայացնեն իրենց ապրած երկիրներուն մէջ:
Երեսփոխան Յ. Բագրատունի ողջունեց երիտասարդները` շեշտելով, որ անոնք իրենց այցելած վայրին մէջ ուրախութիւն կը սփռեն, որովհետեւ այս երկրին զաւակներն են:
«Ճի՛շդ է, որ ձեր ծնողները տարբեր պատճառներով հեռացած են Լիբանանէն, սակայն հայրենիքին նկատմամբ սէրը բոլորին սրտերուն մէջ վառ կը մնայ: Հետեւաբար իրենք կ՛ապրին օտար երկիրներու լիբանանեան գաղութներուն մէջ, սակայն Լիբանանէն օտար չեն: Անոնք մեր քոյր-եղբայր քաղաքացիներն են եւ լիբանանեան շուրջպարով շէնցուցած են Պուրճ Համուտը, որ իր համերաշխութեամբ ու մշակութային աւանդով կը մնայ իւրայատուկ այն վայրը, որ կը համախմբէ բոլոր լիբանանցիները», ըսաւ Յ. Բագրատունի:
Ան նշեց նաեւ, որ երեք հարիւր արտերկրի լիբանանցիներ Լիբանան հրաւիրելու ծրագիրը կը նպատակադրէ նաեւ Լիբանանի զբօսաշրջութեան մարզը բարելաւել: «Իսկ նախարար Կիտանեան անկարելին կարելի կը դարձնէ` բարելաւելու համար զբօսաշրջութեան մարզը եւ քաջալերելու Լիբանան այցելութիւնը: Այս իմաստով նախարար Կիտանեանի շնորհիւ է, որ Լիբանան իր զբօսաշրջական եւ մշակութային դիմագիծը վերահաստատեց ո՛չ միայն Միջին Արեւելքի, այլեւ` աշխարհին մէջ», ըսաւ երեսփոխան Բագրատունի:
Ան նշեց, որ Պուրճ Համուտի դռները բաց են բոլոր լիբանանցիներուն դիմաց, ըլլան անոնք Լիբանանի մէջ կամ Լիբանանէն դուրս: «Մենք կը հպարտանանք արտերկրի լիբանանցի երիտասարդներով եւ կը մաղթենք, որ անոնք հոս գտնեն լիբանանցի ընտանիքը, հայ ընտանիքը, որ գրկաբաց կը հիւրընկալէ բոլոր անոնք, որոնք լիբանանեան արմատներ ունին», ըսաւ ան:
Ան կոչ ուղղեց երիտասարդներուն վերադառնալու Լիբանան` նշելով, որ Լիբանանի ապագան պիտի ըլլայ փայլուն եւ բարգաւաճումներով լեցուն:
Յ. Բագրատունի աւելցուց նաեւ, որ Լիբանան կարիքը ունի իր երիտասարդ ուժին կարողութեան:
Իր կարգին, Ռըզք շնորհակալութիւն յայտնեց նախարար Կիտանեանին Պուրճ Համուտի մէջ կազմակերպուած ընդունելութեան, ինչպէս նաեւ արտերկրի լիբանանցիներուն դերակատարութեան կարեւորութեան նկատմամբ անոր ցուցաբերած գիտակցութեան համար:
«300 լիբանանցի երիտասարդներուն Լիբանան կատարած այս այցելութիւնը առաջին այցելութիւնն է, սակայն վերջինը պիտի չըլլայ: Այս այցելութեան իւրայատկութիւնը այն է, որ այս երիտասարդներուն 90 առ հարիւրը արաբերէն չեն գիտեր, 90 առ հարիւրը առաջին անգամն է, որ Լիբանան կ՛այցելեն եւ 90 առ հարիւրը լիբանանեան քաղաքացիութիւն չունին», ըսաւ Ռըզք: