Կազմակերպութեամբ Ասորիներու լիկային, նախանցեալ օր տեղի ունեցաւ ասորի նահատակներու յիշատակի ոգեկոչման ձեռնարկ մը, որուն ներկայ գտնուեցան Ասորիներու լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի, արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի, զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան, նախկին նախարարներ Նաժի Պուսթանի, Ուատիհ Խազեն, Քերիմ Բագրատունի եւ Նիքոլա Սահնաուի, Ուաատ կուսակցութեան նախագահ Ճօ Հըպէյքա, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ Մարտիկ Պօղոսեան, ինչպէս նաեւ մեծ թիւով պաշտօնական անձնաւորութիւններ եւ զինուորականներ:
Այս առիթով, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի խօսք առնելով ըսաւ.
«Իւրաքանչիւր անգամ, երբ կը հրաւիրուիմ նահատակներուն յիշատակին նուիրուած ձեռնարկի մը մասին խօսելու, պահ մը կանգ կ՛առնեմ եւ իմ անձիս կ՛ուղղեմ շարք մը հարցումներ:
Արդեօ՞ք նահատակներուն յիշատակը կ՛ոգեկոչենք, որովհետեւ հաւատացեալ քրիստոնեաներ ենք, եւ նահատակներուն հոգիներուն համար աղօթելու պարտաւորութեան տակ կը գտնուինք:
Արդեօ՞ք նահատակներուն յիշատակը կ՛ոգեկոչենք, որովհետեւ պարտաւոր ենք պահպանելու նահատակներուն աւանդը:
Արդեօ՞ք նահատակներուն յիշատակը կ՛ոգեկոչենք, որովհետեւ մեր հայրերն ու նախահայրերը մեզ կտակած են այդ պարտականութիւնը:
Արդեօ՞ք նահատակներու յիշատակին ոգեկոչումը ուժի ցուցադրութեան, բազմութիւն մը համախմբելու եւ քաղաքական կեցուածքներ արտայայտելու առիթ մըն է:
Արդեօ՞ք մենք` քաղաքական անձնաւորութիւններն ու հոգեւորականները կը հաւաքուինք պատճառաբանելու համար կեանքին մէջ մեր ձախողութիւնը եւ արձակելու համար կարգախօսներ, որոնք կը շոգիանան, անմիջապէս երբ ամպիոնէն վար իջնենք:
Արդեօ՞ք պէտք է յստակ թուականներ ճշդենք` հաւաքուելու եւ մեր նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչելու, ապա ուղղուելու մեր առօրեայ աշխատանքներուն, մեր պարտականութիւնը կատարած ըլլալու գոհունակութեամբ:
Արդեօ՞ք նահատակներուն յիշատակը կ՛ոգեկոչենք մեր խիղճը հանգստացնելու եւ աշխարհին ցոյց տալու համար, թէ մենք քաղաքակիրթ ընկերութիւն մըն ենք, որ մեր նահատակներուն յիշատակը չենք մոռնար:
Արդեօ՞ք մենք նահատակութեան սիրահարներ ենք:
Հարցումները շատ են եւ ես ինծի ու մենք մեզի ուղղած հարցումները վստահ աւելի են, երբ կը հանդիպինք ոգեկոչելու կուսակցութիւններու, շրջաններու, համայնքներու, ժողովուրդներու եւ երկիրներու նահատակները:
Հարցումը մուրճի նման է եւ այդ մուրճը անդադար կը հարուածէ:
Նեխածութեան, անիրաւութեան, անարդարութեան, բարոյական արժէքներու քայքայման, մարդուն անմարդկայնութեան, դրամին ստրուկը դարձած մարդուն դարաշրջանին, կեղծ ժողովրդավարութեան, հզօրի մարդկային իրաւունքին, մարդկային արժէքներէ եւ ժողովուրդներն ու ազգերը պահպանող աւանդութիւններէ հրաժարելու դարաշրջանին, համաշխարհայնացումին անձնատուր ըլլալու, ինչպէս նաեւ կազմակերպուած, միջազգային ու պետական ահաբեկչութեան դարաշրջանին, արդեօք կրնա՞նք ոգեկոչել նահատակներուն յիշատակը:
Եւ արդեօք նահատակներու յիշատակին ոգեկոչումը միայն յիշելու եւ յիշեցնելու համա՞ր է:
Այսօր ասորի համայնքի նահատակներուն, հեռաւոր եւ մօտիկ անցեալի նահատակներուն յիշատակը, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ տարբեր շրջաններուն, Նինուէի, Մուսուլի եւ դարերէ ի վեր ահաբեկչութեան եւ ցեղասպանութեան օրրանը նկատուող Թուրքիոյ նահատակներուն յիշատակը ոգեկոչելու առիթով, իբրեւ լիբանանցի հայ կը հաստատեմ, որ ասորի համայնքին բոլոր նահատակները հայոց նահատակներն են: Անոնք պատմութեան ընթացքին եւ մինչեւ օրս նահատակուած են վեհ նպատակներու համար, որոնցմէ նուազագոյնը ինքնութեան պաշտպանութիւնն է, ինքնութիւններ, որոնք այս շրջաններուն ինքնութեան հիմքը կը հանդիսանան:
Մենք կը բաժնենք միացեալ յիշողութիւն մը, միացեալ պատմութեան յիշողութիւն մը, ինչպէս նաեւ նոյն վայրերուն մէջ բնակելու միացեալ կեանքի յիշողութիւն մը: Անիրաւութեան եւ բռնութեան յիշողութիւն մը, որուն ենթարկուած ենք միասնաբար` նոյն դահիճին կողմէ: Դահիճ մը, որ մերժեց ճանչնալ մարդկային տարրական իրաւունքները, որոնք են` ապրիլ արժանապատիւ կեանք մը, զԱստուած պաշտել եւ ազգային ինքնութիւնը պահպանել:
Մենք բաժնեկից ենք նահատակութեան մէջ` արժանապատուութեան եւ հողին ու երկրին կառչածութեան նահատակութիւն: Նահատակութիւն` պահպանելու համար քրիստոնէական մեր կրօնը եւ պահանջելու յարգել մեր հաւատալիքները, ինչպէս որ մենք կը յարգենք ուրիշին հաւատալիքները, իրաւունքներն ու իւրայատկութիւնները:
Այո՛, մենք եւ ասորիները միասնաբար ապրած ենք աշխարհագրական տարբեր տարածքներու մէջ եւ միասնաբար զօրացած ենք` մկրտուելով արեան նոյն մկրտարաններուն մէջ: Մենք պայքարած են մնալու համար այս հողին աղը:
Միասնաբար ենթարկուած ենք ցեղասպանութեան ու բռնագաղթի: Միասնաբար որբացած ենք ու տեղահան դարձած: Միասնաբար ապրած ենք գաղթակայաններու մէջ եւ իրարու զօրակցած` կերտելու համար Լիբանանը: Միասնաբար պաշտպանած ենք Լիբանանի միասնականութիւնը, անկախութիւնը, ազատութիւնն ու գերիշխանութիւնը:
Միասնաբար ունեցած ենք նահատակներ, որոնք զոհուած են Լիբանանի պաշտպանութեան համար. անոնցմէ իւրաքանչիւրը նահատակուած է իր խրամատին մէջ, սակայն նոյն նպատակին համար:
Այսօր եւս, հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դիմաց միասին մնացինք ու միասին նահատակուեցանք:
Մեր քաղաքացիները միասին առեւանգուեցան, եւ նահատակութեան աւանդը միասնաբար կրեցինք:
Մեզի համար հպարտութիւն է ասորիներուն հետ ապրիլը` պատմութեան ընթացքին եւ ցայսօր: Լիբանանի մէջ եւս մենք միասին կ՛ապրինք, շարունակելով հաւատալ Լիբանանին` համայնքներու եւ ազգերու համերաշխութեան տիպար երկրին: Լիբանանի մը, ուր մեծամասնութիւններ եւ փոքրամասնութիւններ չկան, ինչպէս նաեւ ամէնօրեայ դրութեամբ արեան քննութիւն չկայ:
Թերեւս ասորիներն ու հայերը թիւով աւելի նուազ են այլ համայնքներէ, եւ թերեւս մօտիկ անցեալին այլ համայնքներ թիւով աւելի մեծ էին, կրնայ նաեւ պատահիլ, որ ըլլան ուրիշ համայնքներ, որոնց թիւը նուազի ու բարձրանայ, սակայն Լիբանան մէկ եւ միացեալ կը մնայ բոլոր համայնքներուն եւ յարանուանութիւններուն համար: Իսկ Լիբանանին հաւատարիմ մնալու միակ չափանիշը պարտաւորութիւններն են` նախքան իրաւունքները: Մենք մեր պարտաւորութիւններուն մէջ չենք սակարկեր, իսկ իրաւունքները, ապա անոնք այս հայրենիքին մէջ մեր գործընկերներուն պատասխանատուութիւնն են, նախքան ասորիներուն եւ հայոց պատասխանատուութիւնը ըլլալը:
Արեւելեան մէկ քրիստոնէութիւն է, որ մեզի կը միացնէ: Մենք քրիստոնեայ ամէնէն հին ժողովուրդներէն ենք, որ սկիզբ առած ենք քաղաքակրթութիւններու եւ կրօններու բնօրրանէն, իսկ այսօր մենք կ՛ենթարկուինք սպանութեան, աղքատութեան, բռնագաղթի, մեր եկեղեցիներն ու հաստատութիւնները կ՛ենթարկուին հարուածներու, իսկ այս ամբողջ իրարանցումին մէջ մեր գործընկերներուն կեցուածքները չեն գերազանցեր դատապարտումի հաղորդագրութիւնները, աղօթքներն ու մաղթանքները:
Առանց քրիստոնեաներու Պաղեստին մը ի՞նչ իմաստ ունի, առանց քրիստոնեաներու Լիբանան մը, Իրաք մը եւ Եգիպտոս մը ի՞նչ իմաստ ունին:
Մենք այս հողին զաւակներն ենք եւ հոս ալ պիտի մնանք:
Հոս պիտի մնանք, որովհետեւ նահատակներուն արիւնը մեզի կոչ կ՛ուղղէ տոկալու եւ յաւելեալ պայքարի:
Հոս պիտի մնանք, որովհետեւ մենք կը հաւատանք մեր հայրենիքին եւ կը հաւատանք, որ իրաւունքը չի մեռնիր, երբ զայն պահանջող կայ:
Մենք` ասորիներս ու հայերս, գոյատեւելու փորձառութիւն ունինք:
Գոյատեւողը յաղթական դուրս կու գայ, իսկ ոճրագործին ճակատագիրը պատմութեան աղբանոցն է:
Երկու ժողովուրդներուն պատմութիւնը գոյատեւումի օրինակելի տիպարն է, հետեւաբար դժոխքը նոյնիսկ պիտի չկարենայ յաղթել մեզի»:
Իր կարգին, նախարար Ժրայսաթի ըսաւ, որ Լիբանանի մէջ յոյսը ներկայիս ունի անուն եւ իմաստ. ան կը կոչուի հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն, որ հզօր նախագահ մըն է եւ կը ներկայացնէ պայքարի երկար ուղի մը, որուն զօրակցած է ժողովուրդը:
Միւս կողմէ, Հապիպ Աֆրամ իր արտասանած խօսքին մէջ հաստատեց, որ Ասորիներու լիկան պիտի շարունակէ պահանջել ասորի ժողովուրդին իրաւունքները` մերժելով գոհանալ իրեն առաջարկուած մնացորդացով:
«Լիբանան պիտի ապրի: Մեր դատը մեր գլուխին թագն է, իսկ արեւելեան քրիստոնէութիւնը արժանի է դառնալու մեր ռահվիրան», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ իրենք հաւատարիմ կը մնան Սէյֆոյի նահատակներու աւանդին: