Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Դիւանագիտական Նշանակումները

July 21, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ Պաապտայի մէջ գումարեց իր նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի եւ ներկայութեամբ վարչապետ Սաատ Հարիրիի:

Նախքան նիստին գումարումը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որուն ընթացքին քննարկուեցաւ նախարարաց խորհուրդին օրակարգը:

Կառավարութիւնը վաւերացուց դիւանագիտական նշանակումները եւ համաձայն գտնուեցաւ դեսպան Հանի Շմայթլին նշանակել արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարարութեան ընդհանուր քարտուղար, դեսպան Ղատի Խուրին` արտաքին գործոց նախարարութեան քաղաքական հարցերու տնօրէն, իսկ դեսպան Քանժ Հաժալը` արտաքին գործոց նախարարութեան վարչական եւ ելեւմտական հարցերու տնօրէն:

Կառավարութիւնը կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն սուրիացի տեղահանուածներուն դէմ գործուած սադրանքի ամէն տեսակ արշաւ կասեցնելու` ընդգծելով ապահովութիւնը խախտող եւ սովորական տեղահանուածներուն միջեւ տարբերութիւնը յարգելու անհրաժեշտութիւնը:

Նախարարաց խորհուրդը հաստատեց, որ Լիբանանի ապահովական կայունութիւնը խախտել փորձող տեղահանուածները զսպելու հարցով ապահովութեան ուժերը կը զբաղին, իսկ մնացեալ սուրիացի տեղահանուածները կը սպասեն տունդարձի:

Տեղեկատուութեան նախարար Մըլհեմ Ռիաշի, որ կատարեց այս յայտարարութիւնները, նշեց նաեւ, որ նիստին ընթացքին նախագահ Աուն ողջունած է բանակը` ծանր պայմաններուն ընթացքին ստանձնած իր դժուար պարտականութիւններուն մէջ արձանագրած յաջողութիւններուն համար:

«Նախագահ Աուն դրուատեց բանակին դերակատարութիւնը` Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու երկրին սահմանները պաշտպանելու առումով: Ան կոչ ուղղեց վերջ տալու բանակին դէմ սանձազերծուած ցեխարձակումներուն եւ ամբաստանութիւններուն», ըսաւ Ռիաշի:

Ան աւելցուց, որ նախագահ Աուն դատապարտած է նաեւ երկրին ապահովութիւնը խախտելու եւ հարցեր ստեղծելու նպատակով սուրիացի տեղահանուածներու խաղաքարտը օգտագործողները:

«Անդրադառնալով խորհրդարանին կողմէ աշխատավարձի յաւելումներու վաւերացումին` նախագահ Աուն նշեց, որ ինք կը մաղթէր, որ նախ պետական ամավարկը վաւերացուէր եւ պետութեան դրամական մուտքերը ճշդուէին, ապա աշխատավարձի յաւելումները վաւերացուէին», յայտնեց Ռիաշի:

Ռիաշի յայտնեց նաեւ, թէ նիստին ընթացքին վարչապետ Հարիրի նշած է, որ աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումը այս իշխանութեան կողմէ արձանագրուած նուաճում մըն է` յոյս յայտնելով, որ ելեւմուտքի եւ պետական պիւտճէի երեսփոխանական յանձնախումբը յառաջիկայ երկու շաբաթներուն ընթացքին աւարտէ պետական ամավարկի քննարկումը, որպէսզի խորհրդարանը իր կարգին քննարկէ ու վաւերացնէ զայն:

«Հարիրի կոչ ուղղեց զգուշանալու ընկերային ցանցերուն վրայ սուրիացի տեղահանուածներուն հասցէին կատարուած գրգռութիւններէն` աւելցնելով, որ Ուաշինկթընի մէջ ամերիկացի պատասխանատուներուն հետ պիտի քննարկէ սուրիացի տեղահանուածներուն օժանդակութեան հարցը, յատկապէս անոնց ապահով տունդարձին վերաբերեալ», նշեց Ռիաշի:

 

 

Նախորդը

Վարչապետ Հարիրի Շնորհաւորեց Մոհամետ Պըն Սալման Իշխանը

Յաջորդը

Սամի Ժեմայէլ Կոչ Կ՛ուղղէ Նախագահին Մերժելու Վաւերացուած Տուրքերու Օրէնքը

RelatedPosts

Ընդունելով Լիբանանի Մէջ Հաւատարմագրուած  Օտարերկրեայ Դեսպանները`  Նախագահ Աուն. «Զէնքի Մենաշնորհման Հարցին Մէջ  Իրականութիւնը Ձեր Տեսածն Է Եւ Ոչ Թէ Ձեր Լսածը»
Գլխաւոր լուրեր

Ընդունելով Լիբանանի Մէջ Հաւատարմագրուած Օտարերկրեայ Դեսպանները` Նախագահ Աուն. «Զէնքի Մենաշնորհման Հարցին Մէջ Իրականութիւնը Ձեր Տեսածն Է Եւ Ոչ Թէ Ձեր Լսածը»

January 21, 2026
Պըրրի. «Հարեթ Հրէյքի Թիրախաւորումը  Չափազանց Վտանգաւոր Զարգացում Է, Որ Ցոյց Կու Տայ,  Թէ Պէյրութը Պաշտպանելու Երաշխիքներ Չկան»
Լիբանանեան

Պըրրի. «Սէուտցիները Կը Շեշտեն, Որ Որոշումը Պետութեանը Ըլլայ, Եւ Պըն Ֆարհանի Հետ Հանդիպումս Հոյակապ Էր»

January 21, 2026
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

January 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.