Լիբանանեան

Ուաշինկթընի Մէջ.  Հարիրի Կը Հաստատէ Դրամատնային  Մարզին Կայունութեան Կարեւորութիւնը

Ուաշինկթընի Մէջ. Հարիրի Կը Հաստատէ Դրամատնային Մարզին Կայունութեան Կարեւորութիւնը

Վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ անոր ընկերակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը երէկ Քափիթըլ Հիլի մէջ հանդիպում մը ունեցան Միացեալ Նահանգներու Ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնախումբի նախագահ Պոպ Քորքըրի եւ ծերակուտական Պեն Քարտընի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան իրադարձութիւններն ու երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հարիրի հանդիպումներ ունեցաւ նաեւ քոնկրեսականներ Նենսի Փելոսիի, Էտ Ռոսի, Քեվըն Մքքարթիի եւ Լիզ Չէյնիի հետ: Վարչապետ Հարիրի այցելեց Միջազգային դրամական ֆոնտի կեդրոնը, ուր...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՏՆՏԵՍՈՒԹԵԱՆ նախարար Ռաէտ Խուրի յայտնեց, որ Արսալի բարձունքներուն վրայ Հըզպալլայի մղած մարտերուն հետ խնդիր ունեցողը կրնար անձամբ ուղղուիլ այդ բարձունքները եւ պատերազմիլ ահաբեկչութեան դէմ: ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի յայտնեց, որ Հըզպալլա չ՛արտօներ, որ Քուսէյրէն տեղահանուածները վերադառնան իրենց շրջանները: ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Զիատ Ասուատ շեշտեց, որ Արսալի ճակատամարտը յաջողած է եւ անիկա հայրենիքի շահերուն կը ծառայէ: ՆԱԽԿԻՆ...

Արսալի Բարձունքներուն Վրայ Հաստատուեցաւ  Եռօրեայ Զինադուլ. Ժապհաթ Նուսրայի  Զինեալները Պիտի Փոխադրուին Իտլիպ

Արսալի Բարձունքներուն Վրայ Հաստատուեցաւ Եռօրեայ Զինադուլ. Ժապհաթ Նուսրայի Զինեալները Պիտի Փոխադրուին Իտլիպ

Երէկ առաւօտեան ժամը 6:00-էն սկսեալ Արսալի բարձունքներուն վրայ յայտարարուեցաւ 72 ժամուան զինադուլ մը, որուն ընթացքին Դիմադրութեան մարտիկները շարունակեցին ամրապնդել իրենց դիրքերը, որոնք ուղղակիօրէն կը գտնուէին Հմայտ հովիտին եւ Արսալի դիմաց: Այս շրջագիծին մէջ, Արսալի բարձունքները այցելեց Հըզպալլայի հոգեւոր խորհուրդի նախագահ շէյխ Մոհամետ Եազպեք, որ դրուատեց Դիմադրութեան մարտիկներուն քաջութիւնը եւ հերոսութիւնը, որոնք արձանագրուեցան հաւատադրժողական ահաբեկչութեան դէմ մղուած ճակատամարտին ընթացքին: Դիմադրութեան մարտիկները...

Պաապտայի Մէջ.   «Հըզպալլայի Զէնքը Տարակարծութեան Նիւթ Է,  Սակայն Անոր Լուծումը  Լուտանքներով Կարելի Չէ Ապահովել»  Շեշտեց Մաշնուք

Պաապտայի Մէջ. «Հըզպալլայի Զէնքը Տարակարծութեան Նիւթ Է, Սակայն Անոր Լուծումը Լուտանքներով Կարելի Չէ Ապահովել» Շեշտեց Մաշնուք

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուքը, որ յայտնեց, թէ մասնակի երեսփոխանական ընտրութիւնները կատարելու միտումներ կան` աւելցնելով, որ ընտրական խորհուրդները աշխատանքի հրաւիրելու ժամկէտը 17 օգոստոսն է: Ան հաստատեց, որ կառավարութեան յաջորդ նիստին երեսփոխանական մասնակի ընտրութիւնները կատարելու թղթածրարը պիտի քննարկուի` աւելցնելով, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ այդ ընտրութիւնները...

Դեսպան Մկրտչեան Ապի Ասիի Հետ  Քննարկեց Ընկերային Մարզը Յուզող Հարցերը

Դեսպան Մկրտչեան Ապի Ասիի Հետ Քննարկեց Ընկերային Մարզը Յուզող Հարցերը

Լիբանանի մէջ Հայաստանի դեսպան Սամուէլ Մկրտչեան երէկ այցելեց ընկերային հարցերու նախարար Փիեռ Ապի Ասիի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանի ընկերային մարզը յուզող հարցերը եւ զանոնք լուծելու համար որդեգրուած քաղաքականութիւնը: Դեսպան Մկրտչեան իր կարգին Ապի Ասիին ներկայացուց Հայաստանի կառավարութեան կողմէ իրականացուող բարեփոխումները եւ ակնկալուող արդիւնքները: Անոնք անդրադարձան նաեւ Լիբանանի եւ Հայաստանի ներքին քաղաքական կեանքին մէջ արձանագրուած զարգացումներուն, ինչպէս նաեւ ընտրական հոլովոյթին: Դեսպան...

Այն Թինէի Մէջ.   «Արսալի Բարձունքներուն Վրայ Արձանագրուած  Յաղթանակը Լիբանանի Ապահովական  Կայունութիւնն Ու Ապագան Կ՛Երաշխաւորէ»  Շեշտեց Ֆրենժիէ

Այն Թինէի Մէջ. «Արսալի Բարձունքներուն Վրայ Արձանագրուած Յաղթանակը Լիբանանի Ապահովական Կայունութիւնն Ու Ապագան Կ՛Երաշխաւորէ» Շեշտեց Ֆրենժիէ

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն, անոր զաւակը` Թոնի Ֆրենժիէն եւ հանրօգուտ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Եուսեֆ Ֆընիանոսը: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ եւ Ահմետ Պաալպեքի: Հանդիպումէն ետք Ֆրենժիէ յայտնեց, որ իւրաքանչիւրը պէտք է յստակ ըլլայ իր կողմնորոշումին մէջ` աւելցնելով, որ ամէնէն տգեղ գոյնը մոխրագոյնն է`...

Հարիրի. «Մեր Պարտականութիւնն Է  Լիբանանը Պաշտպանել Պատժամիջոցներէ»

Հարիրի. «Մեր Պարտականութիւնն Է Լիբանանը Պաշտպանել Պատժամիջոցներէ»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի եւ անոր ընկերակցող լիբանանեան պատուիրակութիւնը երէկ Քափիթըլ Հիլի մէջ հանդիպում մը ունեցան Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Փոլ Ռայընի հետ: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկկողմանի յարաբերութիւնները: Հանդիպումէն ետք Հարիրի շեշտեց, որ իրենց պարտականութիւնն է Լիբանանը պաշտպանել պատժամիջոցներէ: Ան նշեց, որ Հըզպալլա կը գտնուի ահաբեկչական կազմակերպութիւններու ցանկին վրայ, սակայն մենք պէտք է պաշտպանենք դրամատուներն ու լիբանանցիները եւ անոնց դրամատնային...

Զօր. Ժոզեֆ Աուն. «Բանակին Մղած  Պատերազմը Ահաբեկչութեան Դէմ Մղուած  Միջազգային Արշաւին Մաս Կը Կազմէ»

Զօր. Ժոզեֆ Աուն. «Բանակին Մղած Պատերազմը Ահաբեկչութեան Դէմ Մղուած Միջազգային Արշաւին Մաս Կը Կազմէ»

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ նախագահեց սահմաններու հսկողութեան ամերիկեան եւ բրիտանական զինուորական օժանդակութիւններուն հսկող բանակի գերագոյն խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին ամերիկեան եւ բրիտանական իշխանութիւններուն շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ բանակին իրենց ներկայացուցած օժանդակութիւններուն համար: Զօր. Աուն յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին մղած պատերազմը ահաբեկչութեան դէմ մղուած միջազգային արշաւին մաս կը կազմէ եւ չի սահմանափակուիր միայն Լիբանանը պաշտպանելու կարեւորութեամբ: Միւս կողմէ, զօր....

Ահմետ Հարիրի Այցելեց Արսալ

Ահմետ Հարիրի Այցելեց Արսալ

Մուսթաքպալ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի երէկ այցելեց Արսալ` վարչապետ Սաատ Հարիրիի ցուցմունքներով: Հարիրի այցելեց Արսալի նախկին փոխքաղաքապետ Ահմետ Ֆլիթիի բնակարանը, ուր ցաւակցութիւն յայտնեց Ֆլիթիի սպանութեան համար` թափանցիկ հետաքննութիւն պահանջելով Ֆլիթին ռմբակոծումի թիրախ դարձնելու մասին: Միւս կողմէ, Հարիրի հանդիպում մը ունեցաւ Արսալի քաղաքապետ Պասել Հուժէյրիի հետ: Հանդիպումէն ետք Հարիրի յայտնեց, որ Արսալ առանձին չէ` աւելցնելով, որ լիբանանեան բանակն է, որ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ լիբանանեան բանակը պատրաստ է պատերազմ յայտարարելու` ահաբեկիչները երկրին սահմաններէն հեռացնելու նպատակով: ԻԲՐԵՒ բողոք աշխատավարձի յաւելումներուն դէմ, Նահատակաց հրապարակին վրայ հացադուլ յայտարարած հանգստեան կոչուած բանակային, գնդապետ-զօրավար Սամի Ռմայհ երէկ փոխադրուեցաւ հիւանդանոց: ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարար Թարեք Խաթիպ յայտնեց, որ կենսոլորտի նախարարութիւնը անտառներու հրկիզման հարցին առումով ազգային ռազմավարութիւն պատրաստած է: ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուաէլ Ապու...

Դիմադրութիւնը Ազատագրեց Արսալի  Բարձունքներուն 93 Առ Հարիւրը, Իսկ Մնացեալ  7 Տոկոսին Ազատագրումը Լիբանանեան  Բանակին Պատասխանատուութիւնն Է

Դիմադրութիւնը Ազատագրեց Արսալի Բարձունքներուն 93 Առ Հարիւրը, Իսկ Մնացեալ 7 Տոկոսին Ազատագրումը Լիբանանեան Բանակին Պատասխանատուութիւնն Է

Ժապհաթ Նուսրայի կողմէ վեց տարիէ ի վեր բռնագրաւուած Ասրալի բարձունքներու ազատագրման ճակատամարտը, որ վեց օր առաջ սկսաւ Հըզպալլայի եւ լիբանանեան բանակին կողմէ, երէկ շարունակուեցաւ` յաւելեալ զոհեր եւ նիւթական վնասներ պատճառելով, ինչպէս նաեւ աշխարհագրական նեղ դիրքի մը` Հմայտ հովիտին եւ Մալահիի մէջ շրջափակելով ահաբեկիչներուն մնացորդացը: Դիմադրութեան մարտիկները երէկ հասան Հմայտ հովիտի մուտքին եւ ռմբակոծեցին զինեալներուն կեդրոնները, որոնք կը գտնուին Հմայտ հովիտին...

Սէյիտ Նասրալլա. «Արսալի Բարձունքներուն Վրայ  Արձանագրուած Յաղթանակը Զինուորական  Հսկայ Նուաճում Մըն Է,  Որ Պիտի Շարունակուի Հասնելով Իր Աւարտին»

Սէյիտ Նասրալլա. «Արսալի Բարձունքներուն Վրայ Արձանագրուած Յաղթանակը Զինուորական Հսկայ Նուաճում Մըն Է, Որ Պիտի Շարունակուի Հասնելով Իր Աւարտին»

Արսալի բարձունքներուն վրայ գրեթէ շաբաթ մը առաջ յայտարարուած ճակատամարտին մասին մանրամասնութիւններ փոխանցելու նպատակով, երէկ երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը: Նախ եւ առաջ սէյիտ Նասրալլա ողջունեց պաղեստինցիները, որոնք ուղղուեցան ազատագրելու Աքսայի մզկիթը իսրայէլեան բռնութիւններէն: Ապա ան շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը, որուն տօնը կը զուգադիպի 1 օգոստոսին: Ան նշեց, որ լիբանանեան բանակը գործակից է «Բանակ,...

«Լիբանան Կը Զատորոշէ Ահաբեկիչներուն  Եւ Քաղաքայիններուն Միջեւ, Կը Զօրակցի  Սուրիոյ Տագնապին Քաղաքական Լուծման  Եւ Տեղահանուածներու Տունդարձին»   Շեշտեց Նախագահ Աուն

«Լիբանան Կը Զատորոշէ Ահաբեկիչներուն Եւ Քաղաքայիններուն Միջեւ, Կը Զօրակցի Սուրիոյ Տագնապին Քաղաքական Լուծման Եւ Տեղահանուածներու Տունդարձին» Շեշտեց Նախագահ Աուն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Պելճիքայի պետական նախարար Անտրէ Ֆլահոն, որուն հետ հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանան յանձնառու է երկկողմանի յարաբերութիւններու ամրապնդման եւ բոլոր մարզերուն մէջ գործակցութեան բարելաւման, յատկապէս նկատի ունենալով, որ երկու բարեկամ երկիրներուն միջեւ հասարակ յայտարարներ կան: Նախագահ Աուն նշեց, որ բազմազանութիւնն ու Ֆրանսախօս երկիրներու կազմակերպութեան անդամակցութիւնը երկու երկիրները իւրայատուկ դարձնող հասարակ յայտարարներ...

Պըրրի. «Երկրին Ազատագրումը  Սահմանադրական Եւ Սուրբ Գործ Է»

Պըրրի. «Երկրին Ազատագրումը Սահմանադրական Եւ Սուրբ Գործ Է»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին շեշտեց, որ Լիբանանի սահմանադրութեան նախաբանին մէջ նշուած կարեւորագոյն կէտը այն է, որ Լիբանան վերջնական հայրենիք է, իսկ Լիբանան այդպէս չ՛ըլլար, եթէ Լիբանանի պատկանող թիզ մը հող բռնագրաւուած է, ըլլայ ան արեւելեան, հարաւային, հիւսիսային, թէ որեւէ կողմի պարագային: «Հետեւաբար կը հաստատենք, որ երկրին ազատագրումը սահմանադրական եւ...

Հարիրի. «Փութինէն Պիտի Խնդրենք  Օժանդակել Բանակին`  Տահեշ-Ի Դէմ Կռուելու Համար»

Հարիրի. «Փութինէն Պիտի Խնդրենք Օժանդակել Բանակին` Տահեշ-Ի Դէմ Կռուելու Համար»

Վարչապետ Սաատ Հարիրի յայտնեց, որ կը ծրագրէ 11 սեպտեմբերին այցելել Ռուսիա, հանդիպում մը ունենալու իր բարեկամին` նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Հարիրի յայտնեց, որ Փութինի հետ պիտի քննարկէ Լիբանանի ու շրջանային իրադարձութիւնները եւ անկէ պիտի խնդրէ օժանդակել լիբանանեան բանակին` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ կռուելու համար: Հարիրի նշեց, որ Փութինի հետ պիտի քննարկէ նաեւ Սուրիոյ կացութիւնը` աւելցնելով, որ բազմաթիւ հարցերու շուրջ իրենք համաձայն են,...

Ռաատ Հանդիպումներ Ունեցաւ  Լարիճանիի Եւ Ապտելլահեանի Հետ

Ռաատ Հանդիպումներ Ունեցաւ Լարիճանիի Եւ Ապտելլահեանի Հետ

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Ալի Լարիճանի երէկ Թեհրանի մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ Մոհամետ Ռաատը, որուն շնորհաւորեց Արսալի բարձունքներուն վրայ ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն դէմ Դիմադրութեան արձանագրած յաղթանակներուն համար: «Ահաբեկիչները ճնշելու իմաստով Դիմադրութեան մարտիկներուն արձանագրած յաջողութիւնը մեծ արժէք կը ներկայացնէ եւ անիկա արձանագրուած պիտի մնայ Լիբանանի պատմութեան մէջ», ընդգծեց Լարիճանի` աւելցնելով, որ Իրան բնաւ պիտի չզլանայ զօրակցելու եւ աջակցելու Դիմադրութեան առանցքին:...

Սարրաֆ Զօր. Ժոզեֆ Աունի Հետ  Քննարկեց Արեւելեան Սահմաններուն  Իրադարձութիւնները

Սարրաֆ Զօր. Ժոզեֆ Աունի Հետ Քննարկեց Արեւելեան Սահմաններուն Իրադարձութիւնները

Բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն երէկ Եարզէի մէջ ընդունեց պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆը, որուն հետ քննարկեց արեւելեան սահմաններուն իրադարձութիւնները, յատկապէս կեդրոնանալով բանակին որդեգրած ապահովական այն միջոցառումներուն վրայ, որոնք կ՛արգիլեն ահաբեկիչներուն Արսալ մուտքը, ինչպէս նաեւ Արսալի բնակիչներուն եւ սուրիացի տեղահանուածներուն ապահովական կայունութիւնը պահպանելու քայլերը: Սարրաֆ շնորհաւորեց զօր. Աունը` լիբանանեան բանակի տօնին առիթով, ինչպէս նաեւ դրուատեց սահմաններուն վրայ եւ ներքին իմաստով բանակին...

Ժոմպլաթ Եւ Ժահժահ Կը Շեշտեն  Համագործակցութիւնը  Շարունակելու Կարեւորութիւնը

Ժոմպլաթ Եւ Ժահժահ Կը Շեշտեն Համագործակցութիւնը Շարունակելու Կարեւորութիւնը

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նախանցեալ գիշեր Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահը` ընկերակցութեամբ իր կնոջ` երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահի: Ներկայ գտնուեցան նաեւ Ժոմպլաթի կինը` Նուրա Ժոմպլաթ, ինչպէս նաեւ երեսփոխաններ Ժորժ Ատուան, Նաամէ Թոհմէ, Ղազի Արիտի, Աքրամ Շեհայէպ եւ Ուաէլ Ապու Ֆաուր: Այս հանդիպումին մասին Ժողովրդավարական հանդիպում պլոքի երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՆԵՐՔԻՆ ապահովութեան ուժերու տեղեկահաւաքի բաժանմունքը Թրիփոլիի մէջ ձերբակալած է Ժալալ Ժամալը: Ապի Սամրայի մէջ գտնուող անոր բնակարանէն ներքին ապահովութեան ուժերը գրաւած են մեծ քանակութեամբ զէնքեր, ինչպէս նաեւ հրթիռներ: ՆԱԽԿԻՆ վարչապետ Թամմամ Սալամ շեշտեց, որ Արսալի մէջ այսօր պատահածը լիբանանցիներուն համախոհութեան խիստ կարիքը ունի: ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ իրենք կ՛ուզեն գիտնալ առեւանգուած բանակայիններուն ճակատագիրը,...

Դիմադրութիւնը Աւելի Եւս Սեղմած Է  Ժապհաթ Նուսրայի Ահաբեկիչներուն  Շրջափակման Օղակը.  Լիբանան Կը Պատրաստուի  Տօնելու Յուլիսեան Այլ Յաղթանակ Մը

Դիմադրութիւնը Աւելի Եւս Սեղմած Է Ժապհաթ Նուսրայի Ահաբեկիչներուն Շրջափակման Օղակը. Լիբանան Կը Պատրաստուի Տօնելու Յուլիսեան Այլ Յաղթանակ Մը

Հինգերորդ օրն ըլլալով` երէկ Դիմադրութեան մարտիկները շարունակեցին Ժապհաթ Նուսրայի դէմ յայտարարած իրենց ճակատամարտը, աւելի եւս նեղցնելով ահաբեկիչները շրջափակող իրենց օղակը` Հմայտ հովիտին եւ Մալահի շրջաններուն մէջ: Արսալի ազատագրուած բարձունքներուն 90 տոկոսին վրայ երէկ աւելցան նաեւ Քումայլ, Համմուտէ եւ Թլայլ հովիտները, Մուքաապաթ Ֆըրն, Պայտար, Շաապաթ Նահլէ, Սըրժ Խըրպէ, Թալաաթ Նասսապ, Օքպաթ Նուհ եւ Խէյլ հովիտի շրջակայքը: Այս բոլոր շրջանները կը գտնուին...

Page 719 of 987 1 … 718 719 720 … 987

Արխիւներ