Ժապհաթ Նուսրայի դէմ Հըզպալլայի յայտարարած ճակատամարտին Դ. օրուան ընթացքին` երէկ արձանագրուեցան ռազմավարական այլ յաղթանակներ, որոնց շնորհիւ կարելի եղաւ Արսալի բարձունքներուն վրայ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներուն բռնագրաւած հողերուն 90 առ հարիւրը ազատագրել:
Դիմադրութեան մարտիկները ընդարձակ յարձակում մը սանձազերծեցին Արսալի արեւելքը գտնուող Խէյլ հովիտին եւ Հըսըն Խըրպէի ուղղութեամբ:
Խէյլ հովիտին մէջ մղուեցան բուռն կռիւներ եւ արձանագրուեցան բախումներ, որոնք աւարտեցան Հըզպալլայի կողմէ Խէյլ եւ Մաայսրա հովիտներուն ազատագրումով:
Խէյլ հովիտը ազատագրելէ ետք Դիմադրութեան մարտիկները այդ հովիտին մէջ գրաւուած Ժապհաթ Նուսրայի զինուորական գործողութիւններու կեդրոնին վրայ բարձրացուցին Հըզպալլայի դրօշը եւ լիբանանեան դրօշը, որ կ՛ընդգրկէր ահաբեկիչներուն կողմէ գլխատուած բանակայիններուն` Ալի Պազզալի, Ալի Սէյիտի, Ապպաս Մըտլեժի եւ Մոհամետ Համիէի լուսանկարները` ողջունելով անոնց յիշատակը:
Արձանագրուած այս յաղթանակէն քիչ անց բանակը տիրեց նաեւ Քալաաթ Հոսընին` Ժապհաթ Նուսրայի շարքերուն մէջ արձանագրելով մեծ թիւով վիրաւորներ, ինչպէս նաեւ հսկայ յուսալքում:
Այս հաշուով Ժապհաթ Նուսրայի ահաբեկիչները, որոնց հետ նաեւ անոնց էմիրը` Ապու Մալեք Թալլին, ներկայիս հիմնականին մէջ կը կեդրոնանան երկու շրջաններու մէջ` Հմայտ հովիտ եւ Մալահի:
Հըզպալլայի զինուորական գործողութիւններու պատասխանատուները շեշտեցին, որ Ժապհաթ Նուսրայի դէմ մղուած ճակատամարտը գրեթէ իր աւարտին հասած է: Անոնք կոչ ուղղեցին Արսալի բարձունքներուն վրայ գտնուող բոլոր զինեալնելուն անձնատուր ըլլալու:
Աւելի ուշ յայտնուեցաւ նաեւ, որ Ապու Մալեք Թալլի շէյխ Մուսթաֆա Հուժէյրիէն (Ապու Թաքիէ) խնդրած է իր եւ Հըզպալլայի միջեւ բանակցութիւններ վարել, ինչպէս նաեւ իր զինեալներուն թելադրած է ազատ զգալ` անձնատուր ըլլալու պարագային:
Ժապհաթ Նուսրայի մեծ թիւով անդամներ փախուստ տուին դէպի արեւելեան Արսալ` Զամարանիէն անդին, ուր կը գտնուին ՏԱՀԵՇ-ի ահաբեկիչները:
Նախորդ չորս օրերուն մղուած կռիւներուն ընթացքին Դիմադրութեան շարքերուն մէջ արձանագրուեցան 21 նահատակներ:
Ժապհաթ Նուսրայի դէմ Դիմադրութեան արձանագրելիք ամբողջական յաղթանակը կը մնայ ժամերու հարց եւ շատ հաւանական է, որ այսօր իրականանայ:
Նշենք, որ լիբանանեան բանակը շարունակեց հսկել Արսալի սահմաններուն ու գաղթակայաններուն ապահովութեան:
Բանակը երէկ դիւրացուց 79 կիներու եւ երեխաներու Արսալ մուտքը: