Զինուորական ատեանին մօտ կառավարութեան ներկայացուցիչ, դատախազ Սաքըր Սաքըր երէկ ստացաւ 4 սուրիացիներու մահուան մասին բացուած հետաքննութեան արդիւնքները:
Դատախազ Սաքըրին յանձնուեցաւ բժշկական այն տեղեկագիրը, որ պատրաստուած էր Արսալի մէջ ձերբակալուած եւ նախքան հարցաքննուիլը մահացած 4 սուրիացիներուն մասին:
Լիբանանեան բանակին կողմէ բացուած հետաքննութեան համաձայն, 4 սուրիացիները բռնարարքի պատճառով չեն մահացած, այլ` իւրաքանչիւրը դիմագրաւած է առողջական տարբեր հարց:



