ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի ստորագրեց աշխատավարձի յաւելումներն ու զանոնք ֆինանսաւորելու իմաստով տրուած որոշումները, որոնք վաւերացուած էին խորհրդարանի օրէնսդրական նիստին կողմէ: Այդ որոշումները փոխանցուեցան հանրապետութեան նախագահին եւ կառավարութեան` վաւերացուելու եւ պետական պաշտօնաթերթով հրապարակուելու նպատակով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աուն Եարզէի մէջ ընդունեց հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերին, որուն հետ քննարկեց հարաւային Լիբանանի մէջ տիրող իրավիճակը:
ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, առողջապահութեան նախարար Ղասսան Հասպանի շեշտեց, որ Հըզպալլայի մղած ճակատամարտը լիբանանեան հողերէն դուրս է եւ կարեւորագոյնը այն է, որ լիբանանեան բանակը կը հսկէ Լիբանանի սահմաններուն:
ՏԵՂԱՀԱՆՈՒԱԾՆԵՐՈՒ հարցերու պետական նախարար Մույին Մերեհպի շեշտեց, որ անկարելի է ընդունիլ Հըզպալլայի զինուած ըլլալու իրողութիւնը, նոյնիսկ եթէ այսօր բանեցուած ճնշումին նպատակը այս ճանաչումը ըլլայ: Ան Հըզպալլայէն պահանջեց իր զէնքը յանձնել բանակին:
ՀԱՂՈՐԴԱԿՑՈՒԹԵԱՆ միջոցներու նախարար Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ երկրին ենթակառոյցը արդիականացնելու, որպէսզի քաղաքացիներուն համար կարենայ լաւագոյն ծառայութիւնը ապահովել:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ հաստատեց, որ հակառակ ճշմարտութիւնները դրժող կեցուածքներուն, Դիմադրութեան մարտիկներն են Լիբանանը պահպանողները: Ան շեշտեց, որ ժամանակն է արդէն, որ ամերիկեան ուժերը լիբանանեան բանակը զինելու իրենց խոստումը կատարեն:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պլոքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի շեշտեց, որ մսխումի նուազեցումն ու պետութեան կատարուելիք նիւթական պարտաւորութիւններուն ապահովումը նիւթական կարեւոր մուտքեր կը նկատուին:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Աքրամ Շեհայէպ հաստատեց, որ աշխատավարձի յաւելումներու վաւերացման գծով վերապահ գտնուած են` նկատի ունենալով Յունաստանի փորձառութիւնը:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքին կողմէ հրապարակուած հաղորդագրութիւն մը հաստատեց, որ Թաուհիտ հոսանքի ղեկավար, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ իր թեկնածութիւնը պիտի առաջադրէ Շուֆ-Ալէյ ընտրաշրջանին մէջ` նախագահելով ամբողջ ընտրացանկ մը:
Միւս կողմէ, Ուահապ դատապարտեց Հըզպալլայի զինուորական քայլերուն նկատմամբ քննադատութիւնները` շեշտելով, որ այդ իրականութիւնը մերժողները կրնան բողոքել ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին եւ Արաբական լիկային մօտ:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի հիւսիսային Լիբանանի պատասխանատու, նախկին երեսփոխան Մուսթաֆա Ալլուշ հաստատեց, որ Հըզպալլա զինեալ միլիս մըն է, որ լիբանանեան պետութեան ենթակայ չէ:
ԿԱԹՈՂԻԿԷ վարժարաններու ընդհանուր քարտուղար հայր Պութրոս Ազար շեշտեց, որ լիբանանեան պետութիւնն է պատասխանատուն աշխատավարձի յաւելումները տասը տարի ետք վաւերացնելու եւ ոչ թէ դպրոցները:
ՆԱԽԿԻՆ երեսփոխան Էմիլ Էմիլ Լահուտ շեշտեց, որ «Ժողովուրդ, բանակ, Դիմադրութիւն» տարազը այսօր կը մարմնաւորուի Արսալի ազատագրումին համար մղուած ճակատամարտով:
ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի շեշտեց, որ Արսալի մէջ տիրող իրավիճակին վերաբերեալ Լիբանանի կառավարութեան հրապարակած պաղ կեցուածքին պատճառը շրջանային տագնապն է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Նիքոլա Սահնաուի շեշտեց, որ Արսալի բարձունքներուն մէջ տիրող կացութիւնը դժուար է` աւելցնելով, որ անիկա վատ ազդեցութիւն պիտի չունենայ վարչապետ Սաատ Հարիրիի Միացեալ Նահանգներ կատարելիք այցելութեան վրայ:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութիւնը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստը, որուն աւարտին հրապարակուած հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, թէ կուսակցութիւնը երկրին քաղաքական իշխանութիւնը Լիբանանի գերիշխանութենէն զիջելու պատասխանատու կը նկատէ:


