Պէյրութի քաղաքապետարանին կից գտնուող խորհրդարանի մուտքը երէկ դարձեալ վերածուեցաւ լիբանանցիներուն բողոքը արտայայտող վայրի մը, երբ Փաղանգաւոր կուսակցութեան եւ Քաղաքացիական ընկերութեան անդամներն ու համակիրները մերժեցին միջին եւ աղքատ դասակարգերուն վրայ խորհրդարանին պարտադրած տուրքերը:
Պէյրութի քաղաքապետարանին դիմաց համախմբուած ցուցարարները քալեցին դէպի Դրամատուներու փողոց` պահանջելով ջնջել համեստ դասակարգին վրայ պարտադրուած տուրքերը, ինչպէս նաեւ պահանջեցին չքողարկել աւազակութիւնը` ընդգծելով, որ կը մերժեն տուրքերուն ենթարկուիլ:
Շարունակելով իրենց երթը` ցուցարարները հասան Նահատակաց հրապարակ, շեշտելով, որ իրենց լռութիւնը նոյնիսկ տուրք է:
Փաղանգաւոր կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ Փաթրիք Ռիշա վերահաստատեց, որ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունէն կը պահանջուի չվաւերացնել տուրքերուն գծով խորհրդարանին տուած որոշումները, այլ` խորհրդարանէն պահանջել այդ տուրքերուն վերատեսութեան ենթարկումը:
Իր կարգին, Համայնավար կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Հաննա Ղարիպ շեշտեց, որ խորհրդարանին վաւերացուցած տուրքերը մերժելի են, եւ կոչ ուղղեց վաւերացնելու հարկային արդար համակարգ մը: