Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հարիրի – Թրամփ Հանդիպում

Յուլիս 26, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ երէկ երեկոյեան ժամը 9:00-ին (Պէյրութի ժամանակացոյցով) Սպիտակ տան մէջ ընդունեց վարչապետ Սաատ Հարիրին, որուն հետ քննարկեց շարք մը հարցեր:

Հարիրին ընդունած պահուն Թրամփ ըսաւ. «Գիտեմ, որ Լիբանանի մէջ դժուար կացութիւն կը տիրէ»:

Շուրջ 45 վայրկեան տեւած հանդիպումէն ետք Թրամփ եւ Հարիրի միացեալ մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին կատարեցին յայտարարութիւններ:

Թրամփ նշեց, որ Լիբանան կը գտնուի ՏԱՀԵՇ-ի, Քայիտայի, Ժապհաթ Նուսրայի եւ Հըզպալլայի դէմ պատերազմի առաջնագիծին վրայ:

Թրամփ շեշտեց, որ Լիբանանի կառավարութիւնը պատասխանատու է լիբանանցիներուն անվտանգութեան եւ երկրին ապահովական կայունութեան:

Այս շրջագիծին մէջ Թրամփ շնորհաւորեց լիբանանցիներուն գոյատեւելու կամքը` բարձր գնահատելով լիբանանեան-ամերիկեան պատմական յարաբերութիւնները:

Թրամփ դրուատեց լիբանանեան բանակին կողմէ երկրին խաղաղութեան պահպանումն ու երկրին սահմաններուն պաշտպանութիւնը: Ան նշեց, որ Միացեալ Նահանգներ կը հպարտանան ահաբեկչութեան դէմ մղուած պայքարին զօրակցելով:

«Լիբանան կարիք ունի միայն իր բանակին, իսկ Հըզպալլա կը սպառնայ լիբանանեան պետութեան եւ ամբողջ շրջանին, յատկապէս իր զինումով եւ Իսրայէլի դէմ պատերազմ յայտարարելու վտանգ հանդիսանալով: Թէեւ Հըզպալլա ինքզինք կը ներկայացնէ իբրեւ լիբանանցիներու շահերու պաշտպան, սակայն խորքին մէջ ան իր սեփական եւ Իրանի շահերը կը պաշտպանէ», ըսաւ Թրամփ:

Անդրադառնալով սուրիացի տեղահանուածներու հարցին` Թրամփ շնորհակալութիւն յայտնեց Լիբանանին, որ հիւրընկալած է մեծ թիւով տեղահանուածներ. ան աւելցուց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն օժանդակել Լիբանանին:

«Կը խոստանամ օժանդակել սուրիացի տեղահանուածներու մարդկային կարիքներուն եւ յարմար կը գտնեմ, որ լաւագոյն ձեւը իրենց երկրին մօտ մնալն է», ըսաւ Թրամփ:

Ան ողջունեց լիբանանցիներուն պայքարը ահաբեկչութեան դէմ:

Թրամփ շեշտեց, որ 24 ժամէն պիտի յայտարարէ Հըզպալլայի դէմ պարտադրուելիք պատժամիջոցներուն մասին իր որոշումը:

Հարիրի շեշտեց, որ հանդիպումին ընթացքին շնորհակալութիւն յայտնած է Լիբանանի քաղաքական եւ տնտեսական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով թափուած ամերիկեան ջանքերուն համար:

Ան նշեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերը կը պահպանեն հարաւային Լիբանանի ապահովական կայունութիւնն ու սահմանային խաղաղութիւնը` աւելցնելով, որ Լիբանանի կառավարութիւնը յանձնառու կը մնայ Ապահովութեան խորհուրդի թիւ 1701 բանաձեւին գործադրութեան:

Հարիրի յայտնեց, որ Թրամփի հետ քննարկած է Լիբանան հասած սուրիացի տեղահանուածներուն ունեցած հետեւանքները Լիբանանի վրայ եւ անոր ներկայացուցած տեղահանուածներուն հարցը լուծելու Լիբանանի կառավարութեան պատկերացումը:

Վարչապետը աւելցուց նաեւ, որ Թրամփի հետ քննարկած է իր կառավարութեան ի գործ դրած ճիգերը` լիբանանցի երիտասարդներուն աշխատանք հայթայթելու նպատակով:

Հարիրի ընդգծեց, որ լիբանանցիները կը պայքարին պահպանելու համար Լիբանանի ժողովրդավարական համակարգը:

Քաթարի տագնապին մասին հարցումի մը պատասխանելով` Հարիրի ըսաւ, որ Քուէյթ ճիգ չի խնայեր Ծոցի տագնապը լուծելու իմաստով` աւելցնելով, որ երկխօսութիւնը լաւագոյն ձեւն է Քաթարի եւ Սէուտական Արաբիոյ միջեւ տագնապի լուծման:

Հարիրի յայտնեց, որ հաւանաբար Ուաշինկթըն եւս կրնայ օժանդակել Ծոցի երկիրներուն միջեւ տագնապը լուծելու առումով:

Անդրադառնալով ամերիկեան պատժամիջոցներուն` Հարիրի ըսաւ, որ Լիբանան գործակցած է ամերիկեան պատժամիջոցներու թղթածրարին հարցով: Ան նշեց, որ գործակցութիւնը պիտի շարունակուի նաեւ Քոնկրեսի հետ, որպէսզի կարելի ըլլայ Քոնկրեսին որոշումներուն գծով համաձայնութիւններ գոյացնել:

Հարիրի իր յայտարարութիւնները եզրափակեց հաստատելով, որ լիբանանեան բանակին նկատմամբ ամերիկեան զինուորական օժանդակութիւնը պիտի շարունակուի, ինչպէս որ էր պարագան անցեալին:

 

Նախորդը

Պըրրի. «Բանակ, Ժողովուրդ, Դիմադրութիւն» Եռեակ Տարազը Այսօր Ինքզինք Լաւագոյնս Կը Փաստէ»

Յաջորդը

Դիմադրութիւնը Աւելի Եւս Սեղմած Է Ժապհաթ Նուսրայի Ահաբեկիչներուն Շրջափակման Օղակը. Լիբանան Կը Պատրաստուի Տօնելու Յուլիսեան Այլ Յաղթանակ Մը

RelatedPosts

Վարչապետարանին Մէջ.   Լիբանանեան Ջուրերուն Մէջ Գտնուող  Թիւ 4 Եւ Թիւ 9 Նաւթահորերը Հորատելու  Համաձայնագիրի Բարեփոխուած  Տարբերակի Ստորագրութիւն
Լիբանանեան

Վարչապետարանին Մէջ. Լիբանանեան Ջուրերուն Մէջ Գտնուող Թիւ 4 Եւ Թիւ 9 Նաւթահորերը Հորատելու Համաձայնագիրի Բարեփոխուած Տարբերակի Ստորագրութիւն

Յունուար 30, 2023
Պըրրի Հալապիի Հետ Կը Քննարկէ  Կրթական Մարզը Յուզող Հարցեր
Լիբանանեան

Պըրրի Հալապիի Հետ Կը Քննարկէ Կրթական Մարզը Յուզող Հարցեր

Յունուար 30, 2023
«Մեր Ճիգերուն Ձախողութեան Պարագային  Լրջօրէն Պիտի Մտածեմ Նախագահական Ընտրութեան  Իմ Թեկնածութիւնս Առաջադրելու Մասին»  Շեշտեց Պասիլ
Լիբանանեան

«Մեր Ճիգերուն Ձախողութեան Պարագային Լրջօրէն Պիտի Մտածեմ Նախագահական Ընտրութեան Իմ Թեկնածութիւնս Առաջադրելու Մասին» Շեշտեց Պասիլ

Յունուար 30, 2023

Leave a Reply Cancel reply

Your email address will not be published. Required fields are marked *

  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Միջազգային
    • Հայ Դատ
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • Լիբանանեան Կեանք
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In