Լիբանանեան

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Ճակատաբաց Մնաց`  Առանց Ճնշումներու Ենթարկուելու»

Նախագահ Աուն. «Լիբանան Ճակատաբաց Մնաց` Առանց Ճնշումներու Ենթարկուելու»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Պէյրութի իրաւաբաններու սենտիքան` գլխաւորութեամբ սենտիքայի նախագահ Անտրէ Շիտիաքի: Հանդիպումին ընթացքին նախագահ Աուն շեշտեց, որ Լիբանան կրցած է իրեն սպառնացող տագնապը դիմագրաւել շնորհիւ իր ազգային միասնականութեան, որ բացայայտ էր բոլորին համար: Նախագահ Աուն հաստատեց, որ այդ միասնականութեան շնորհիւ կարելի եղաւ պահպանել երկրին ապահովական, տնտեսական եւ ելեւմտական կայունութիւնը: «Լիբանան ճակատաբաց մնաց` առանց...

Վարչապետ Հարիրի Շնորհաւորեց  Լիբանանցիները  Լիբանանը Նաւթ Արտադրող  Երկրի Մը Վերածուելուն Առիթով

Վարչապետ Հարիրի Շնորհաւորեց Լիբանանցիները Լիբանանը Նաւթ Արտադրող Երկրի Մը Վերածուելուն Առիթով

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ լիբանանցիները շնորհաւորեց Լիբանանը` նաւթ արտադրող երկիր դառնալուն առիթով: Միւս կողմէ, Հարիրի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս երկկողմանի յարաբերութիւնները: Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի պետական հաստատութիւններուն, վարչութիւններուն եւ քաղաքապետարաններուն յղեց շրջաբերականներ, որոնց համաձայն` պետական հաստատութիւններուն եւ քաղաքապետարաններուն մէջ գործող պաշտօնեաներուն նուազագոյն աշխատավարձի յաւելում պէտք է ճշդուի: Ըստ...

Պերի. «Շարունակել Աշխուժ Աշխատանքը`  1701 Բանաձեւի Աննախատեսելի  Խախտումներէն Խուսափելու Համար»

Պերի. «Շարունակել Աշխուժ Աշխատանքը` 1701 Բանաձեւի Աննախատեսելի Խախտումներէն Խուսափելու Համար»

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերի, ՄԱԿ-ի Ռաս Նաքուրայի կեդրոնին մէջ, լիբանանեան բանակի բարձրաստիճան սպաներու եւ իսրայէլեան ուժերուն հետ 2017 թուականին կատարուելիք եռակողմ հանդիպումներուն եօթներորդ եւ եզրափակիչ հանդիպումը նախագահելու ընթացքին բարձր գնահատեց վերջին տասնմէկ տարիներուն ընթացքին սահմանային Կապոյտ գիծի երկայնքին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի գործողութիւններու տարածքին յարաբերական հանդարտութիւնն ու կայունութիւնը: Ան մատնանշեց, որ այս աննախադէպ...

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Նաւթի  Պեղման Աշխատանքները  Սկսելու Զոյգ Արտօնագիրները

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Նաւթի Պեղման Աշխատանքները Սկսելու Զոյգ Արտօնագիրները

Կառավարութիւնը երէկ կէսօրէ առաջ նախագահական պալատին մէջ գումարեց իր ընթացիկ նիստը` նախագահութեամբ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի: Նախքան նիստին գումարուիլը, նախագահ Աուն եւ վարչապետ Սաատ Հարիրի ունեցան դռնփակ հանդիպում մը: Կառավարութիւնը անդրադարձաւ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաքը նկատող Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումին` զայն նկատելով ինքնագլուխ որոշում մը, որ միջազգային օրինականութիւն չի ներկայացներ եւ անհիմն կը նկատուի: Նախարարաց խորհուրդը հաստատեց, որ...

Լիբանանի Հոգեւոր Պետերու Վեհաժողով.  «Երուսաղէմի Մասին Ամերիկեան Որոշումը  Ընդվզեցուցիչ Մարտահրաւէր Մըն Է»

Լիբանանի Հոգեւոր Պետերու Վեհաժողով. «Երուսաղէմի Մասին Ամերիկեան Որոշումը Ընդվզեցուցիչ Մարտահրաւէր Մըն Է»

Երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հոգեւոր պետերու վեհաժողով մը` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին: Նիստին ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան, շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ...

Ճոզըֆ Ֆոթել. «Միացեալ Նահանգներ  Պիտի Շարունակեն Օժանդակութիւններ  Տրամադրել Լիբանանեան Բանակին»

Ճոզըֆ Ֆոթել. «Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն Օժանդակութիւններ Տրամադրել Լիբանանեան Բանակին»

Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ ընդունեց Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Ճոզըֆ Ֆոթելը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտին: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորապէս Լիբանանի մէջ դէպքերու զարգացումները` կեդրոնանալով Միացեալ Նահանգներու կողմէ Լիբանանի յատկացուած զինուորական օժանդակութեան ծրագիրին վրայ: Ֆոթել յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են Լիբանանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ զինուորական համագործակցութեան գոյատեւումին:...

Քաայի Մէջ.   Ապպաս Իպրահիմ Բացումը Կատարեց  Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերու Կեդրոնին

Քաայի Մէջ. Ապպաս Իպրահիմ Բացումը Կատարեց Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերու Կեդրոնին

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ Քաայի մէջ բացումը կատարեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու կեդրոնին: Այս առիթով ան բարձր գնահատեց Քաայի տոկալու եւ գոյատեւելու կամքը` հաստատելով, որ հակառակ բարգաւաճումի իմաստով անոր հսկայական կարիքներուն, Քաայի մէջ միշտ տիրական մնաց գոյատեւելու եւ դժուարութիւններուն տոկալու ու զանոնք յաղթահարելու կամքը: Ապպաս Իպրահիմ նշեց, որ Քաա գիւղաքաղաքին անունը ուղղակիօրէն առնչուեցաւ նաեւ «Բարձունքներու արշալոյսը»...

Նախագահ Աուն. «Թրամփի Քայլը Կը Ջլատէ  Միացեալ Նահանգներու Մեծ Պետութիւն  Ըլլալու Իրականութիւնը»

Նախագահ Աուն. «Թրամփի Քայլը Կը Ջլատէ Միացեալ Նահանգներու Մեծ Պետութիւն Ըլլալու Իրականութիւնը»

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ուղղուեցաւ Պոլիս, ուր մասնակցեցաւ Երուսաղէմի նուիրուած Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտակարգ վեհաժողովին` ներկայացնելով Լիբանանը: Նախագահ Աունի ընկերակցեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, որ իբրեւ Լիբանանի ներկայացուցիչ մասնակցեցաւ վեհաժողովը կանխող նախարարական նիստին: Պասիլ ընդգծեց վեհաժողովէն յստակ ու քաջ որոշումներով դուրս գալու կարեւորութիւնը` լաւապէս ըմբռնելով Երուսաղէմին հասած վտանգին չափն ու կշիռը: Իր կարգին, նախագահ Աուն նշեց, որ...

Պըրրի. «Լիբանան Արաբներուն Ձայնն Է`  Ամերիկեան Որոշումին Դէմ»

Պըրրի. «Լիբանան Արաբներուն Ձայնն Է` Ամերիկեան Որոշումին Դէմ»

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց չորեքշաբթի օրուան երեսփոխանական հանդիպումին, որուն ընթացքին ողջունեց Երուսաղէմի մասին լիբանանեան միացեալ եւ համախոհական կեցուածքը: Պըրրի շեշտեց, որ Լիբանան իր բոլոր հաստատութիւններով եւ քաղաքական ուժերով ցուցաբերեց միացեալ կեցուածք, պէտք է պահպանել այդ կեցուածքը եւ անոր հիման վրայ դէմ դնել բոլոր մարտահրաւէրներուն: Պըրրի անդրադարձաւ Երուսաղէմի վերաբերեալ խորհրդարանին գումարած արտակարգ նիստին ընթացքին բոլոր երեսփոխաններուն արտասանած խօսքերուն` ընդգծելով,...

«Կառավարութիւնը Պիտի Ստորագրէ Կազի  Եւ Նաւթի Բնագաւառին Վերաբերող  Ներդրումի Առաջին Համաձայնագիրը»    Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

«Կառավարութիւնը Պիտի Ստորագրէ Կազի Եւ Նաւթի Բնագաւառին Վերաբերող Ներդրումի Առաջին Համաձայնագիրը» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ վարչապետարանին մէջ ընդունեց մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները: Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը շեշտեց, որ Լիբանան պէտք է կառչած մնայ իր չէզոքութեան եւ շրջանային տագնապներէն ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութեան գործադրութեան, որպէսզի կարենայ արաբական բոլոր երկիրներուն ծառայել խաղաղութեամբ եւ արդարութեամբ, առանց այս կամ այն առանցքին միջամուխ դառնալու: Ռայի պատրիարքը հաստատեց, որ...

Մաշնուք. «Լիբանան Իրականացուցած Է  Բացառիկ Նուաճումներ` Շնորհիւ  Իր Ապահովական Կառոյցներուն Զգաստութեան»

Մաշնուք. «Լիբանան Իրականացուցած Է Բացառիկ Նուաճումներ` Շնորհիւ Իր Ապահովական Կառոյցներուն Զգաստութեան»

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ շեշտեց, որ ապահովական առումով Լիբանան բացառիկ նուաճումներ իրականացուցած է` շնորհիւ իր ապահովական կառոյցներուն զգաստութեան: Այս շրջագիծին մէջ Մաշնուք անդրադարձաւ ապահովական կառոյցներուն կողմէ կատարուած կանխարգելիչ գործողութիւններուն, որոնց շնորհիւ կարելի եղած էր մեծ թիւով քնացած ահաբեկչական բջիջներ կազմաքանդել, ինչպէս նաեւ ահաբեկիչներ ձերբակալել եւ անոնց զէնքերը, պայթուցիկ նիւթերն ու ականները գրաւել եւ վնասազերծել: Մաշնուք...

Նախագահ Աուն Այսօր Լիբանանը Կը Ներկայացնէ  Իսլամական Գործակցութեան  Խորհուրդի Արտակարգ Վեհաժողովին

Նախագահ Աուն Այսօր Լիբանանը Կը Ներկայացնէ Իսլամական Գործակցութեան Խորհուրդի Արտակարգ Վեհաժողովին

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն այսօր Լիբանանը պիտի ներկայացնէ Թուրքիոյ մէջ տեղի ունենալիք Իսլամական գործակցութեան խորհուրդի արտակարգ վեհաժողովին, որուն ընթացքին պիտի քննարկուին Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչնալու յայտարարութեան հետեւանքները: Նախագահ Աունին պիտի ընկերակցի արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, որ իբրեւ Լիբանանի ներկայացուցիչ պիտի մասնակցի վեհաժողովը կանխող նախարարական նիստին: Կը նախատեսուի, որ Պոլսոյ մէջ տեղի...

Պասիլ. «Երուսաղէմը Մեզի Համար  Առաջնահերթութիւն Է,  Եւ Զայն Քաոսի Մատնելը Շրջանին Վրայ  Իր Հետեւանքները Պիտի Ունենայ»

Պասիլ. «Երուսաղէմը Մեզի Համար Առաջնահերթութիւն Է, Եւ Զայն Քաոսի Մատնելը Շրջանին Վրայ Իր Հետեւանքները Պիտի Ունենայ»

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի յայտարարութիւններուն` վերահաստատելով, որ Երուսաղէմը Լիբանանի համար առաջնահերթութիւն է: Ան աւելցուց, որ Երուսաղէմը քաոսի մատնելը շրջանին վրայ պիտի ունենայ իր հետեւանքները: Պասիլ շեշտեց, որ շրջանին մէջ մեկուսացումը լուծում չէ, այլ` իրարու բացուելու եւ բազմազանութիւն ապրելու ճշմարտութիւնն է իսկական լուծումը: «Եթէ մենք չկարենանք Երուսաղէմը ընդունիլ իբրեւ...

«Լիբանան Կը Գտնուի Հսկայ  Բարգաւաճումի Սեմին»   Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

«Լիբանան Կը Գտնուի Հսկայ Բարգաւաճումի Սեմին» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան նախանցեալ երեկոյեան այցելեց Պատարօ, ուր կազմակերպուած էր «Պատարօ մեճիքըլ քրիսմըս» անունը կրող  Ս. Ծննդեան տօնի փառատօն մը: Նախարար Կիտանեան դիմաւորուեցաւ Պատարոյի առեւտրականներու միութեան նախագահ Ժորժ Պրաքսի կողմէ եւ շրջեցաւ փառատօնին բոլոր տաղաւարները` ընկերակցութեամբ ներքին ապահովութեան ուժերու շեփորախումբին: Այցելութեան ընթացքին Պրաքս շնորհակալութիւն յայտնեց Ա. Կիտանեանի` փառատօնին ներկայ գտնուելուն առիթով եւ բարձր գնահատեց նախարար Կիտանեանի տարած լուռ եւ...

«Միասնական Պիտի Մնանք` Ի Խնդիր  Վեհ Լիբանանի Պաշտպանութեան»    Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

«Միասնական Պիտի Մնանք` Ի Խնդիր Վեհ Լիբանանի Պաշտպանութեան» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Նախկին երեսփոխան Ժըպրան Թուէյնիի նահատակութեան 12-րդ տարելիցին առիթով, վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հաստատեց, որ իրենք կառչած կը մնան Թուէյնիի ուխտին, հետեւաբար յանձնառու են միասնական մնալու` ի խնդիր վեհ Լիբանանի պաշտպանութեան: Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն` ընկերակցութեամբ անոր զաւկին` Թոնի Ֆրենժիէի: Հանդիպումէն ետք Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ...

«Երուսաղէմն Ու Պաղեստինը  Պիտի Դառնան  Դիմադրութեան Առանցքին  Առաջնահերթութիւնները»  Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

«Երուսաղէմն Ու Պաղեստինը Պիտի Դառնան Դիմադրութեան Առանցքին Առաջնահերթութիւնները» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

Ընդառաջելով Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կոչին` երէկ հազարաւոր քաղաքացիներ ուղղուեցան Պէյրութի հարաւային արուարձաններ մասնակցելու Երուսաղէմի եւ Պաղեստինի զօրակցութեան խաղաղ ցոյցին, որուն ընթացքին դատապարտուեցաւ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարելու Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը: Այս առիթով սէյիտ Նասրալլա երէկ յետմիջօրէին արտասանեց պատկերասփռուած ճառ մը, որուն մէջ ան շեշտեց, որ Թրամփի յայտարարութիւնը պիտի ըլլայ Իսրայէլի աւարտը ճշդող սկիզբը: Սէյիտ Նասրալլա...

Նախագահ Աուն Շնորհակալական  Նամակ Մը Ստացաւ Մահմուտ Ապպասէն

Նախագահ Աուն Շնորհակալական Նամակ Մը Ստացաւ Մահմուտ Ապպասէն

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրը, որմէ ստանձնեց շնորհակալական նամակ մը` յղուած Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասէն: Ապպաս շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունի, որ խստօրէն դատապարտած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատելու յայտարարութիւնը: Ապպաս շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունի Պաղեստինեան դատին ու պաղեստինցիներուն նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան,...

Շարլ Արպիտ Ընտրուեցաւ  Տնտեսական – Ընկերային  Խորհուրդի Նախագահ

Շարլ Արպիտ Ընտրուեցաւ Տնտեսական – Ընկերային Խորհուրդի Նախագահ

Շարլ Արպիտ երէկ միաձայնութեամբ ընտրուեցաւ Տնտեսական - ընկերային խորհուրդի նախագահ: Այս առիթով Արպիտ յայտնեց, որ խորհուրդը իր աշխատանքներով, ծրագիրներով եւ ներդրումներով պէտք է հարստացնէ Լիբանանը: Ան նշեց, որ Տնտեսական - ընկերային խորհուրդը կը գտնուի քանի մը տարի առաջ սկսած նոր փուլի մը սեմին: Արպիտ շեշտեց, որ իրենք պատրաստ են դիմագրաւելու տնտեսական սպառնալիքներն ու մարտահրաւէրները, որոնց դիմագրաւման առումով ինք ինքնավստահ է,...

Մաշնուք Մեկնարկը Կատարեց  «2018. Լիբանան Կ՛ընտրէ» Կարգախօսին

Մաշնուք Մեկնարկը Կատարեց «2018. Լիբանան Կ՛ընտրէ» Կարգախօսին

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ պաշտօնապէս մեկնարկը կատարեց «2018. Լիբանան կ՛ընտրէ» կարգախօսին, որ յառաջիկայ երեսփոխանական ընտրութիւններու բոլոր փուլերուն ընթացքին ինքզինք պիտի պարտադրէ: Մաշնուք երէկ նախագահեց երեսփոխանական ընտրութիւններուն գումակային, վարչական, թեքնիք եւ օրինական հարցերը քննարկող պատասխանատուներու ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին որոշուեցաւ ընտրողները մեկուսացնող դրութիւնը պահել: Մաշնուք շեշտեց, որ ներքին գործոց նախարարութիւնը կազմ ու պատրաստ է երեսփոխանական ընտրութիւնները...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախագահ Նեպիհ Պըրրի հաստատեց, որ Լիբանանի դէմ սանձազերծուելիք նոր պատերազմ մը չէ նախատեսուած, հակառակ անոր որ անիկա մնայուն կերպով իսրայէլացիին մտասեւեռումը կը նկատուի: ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ զգուշացուց նախքան բարեկարգումը այլ ծրագիրներու մէջ ներգրաւուելէ: Ան շեշտեց, որ Լիբանան իր ազգային միասնականութեամբ եւ միջազգային զօրակցութեամբ կրցաւ տապալել փոթորիկը, սակայն ան պէտք է պատրաստ ըլլայ այլ փոթորիկներու դէմ...

Page 683 of 987 1 … 682 683 684 … 987

Արխիւներ