Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Լիբանան Կը Գտնուի Հսկայ Բարգաւաճումի Սեմին» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Դեկտեմբեր 13, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Զբօսաշրջութեան նախարար Աւետիս Կիտանեան նախանցեալ երեկոյեան այցելեց Պատարօ, ուր կազմակերպուած էր «Պատարօ մեճիքըլ քրիսմըս» անունը կրող  Ս. Ծննդեան տօնի փառատօն մը:

Նախարար Կիտանեան դիմաւորուեցաւ Պատարոյի առեւտրականներու միութեան նախագահ Ժորժ Պրաքսի կողմէ եւ շրջեցաւ փառատօնին բոլոր տաղաւարները` ընկերակցութեամբ ներքին ապահովութեան ուժերու շեփորախումբին:

Այցելութեան ընթացքին Պրաքս շնորհակալութիւն յայտնեց Ա. Կիտանեանի` փառատօնին ներկայ գտնուելուն առիթով եւ բարձր գնահատեց նախարար Կիտանեանի տարած լուռ եւ հսկայ աշխատանքը` երկրին զբօսաշրջութիւնը աշխուժացնելու նպատակով:

Իր կարգին, նախարար Կիտանեան շեշտեց, որ իր պարտականութիւնն է ժողովուրդի դէմքին ժպիտ գծել` աւելցնելով, որ Լիբանան կը գտնուի հսկայ բարգաւաճումի սեմին: Ա. Կիտանեան շեշտեց, որ յառաջիկայ վեց ամիսներուն ընթացքին Լիբանանի զբօսաշրջութեան մարզը որակական ոստում մը պիտի արձանագրէ` աւելցնելով, որ կառավարութիւնը իր յաջորդ նիստին ընթացքին արդէն իսկ երկրին տնտեսական կացութիւնը բարելաւելու իմաստով որոշումներ պիտի տայ: «Կառավարութեան վաւերացնելիք ծրագիրներուն մաս պիտի կազմեն նաեւ Լիբանանի բնական կազին եւ նաւթին վերաբերող աշխատանքները, սակայն մինչ այդ ներկայիս զբօսաշրջութեան բնագաւառն է երկրին բնական կազն ու նաւթը», ըսաւ ան` հաստատելով, որ նախարարութիւնը ամէն ջանք ի գործ կը դնէ տարբեր երկիրներէ կարելի եղածին չափ մեծ թիւով զբօսաշրջիկներու Լիբանան այցելութիւնը ապահովելու:

Նախարար Կիտանեան գնահատեց Պատարոյի շուկային եւ գործարարներուն ջանքերը, որոնց շնորհիւ շրջանը դիմափոխուեցաւ, այլ խօսքով` այցելուները վանող շրջանէ մը վերածուեցաւ մեծաթիւ այցելուներ հիւրընկալող շրջանի մը:

 

Նախորդը

«Միասնական Պիտի Մնանք` Ի Խնդիր Վեհ Լիբանանի Պաշտպանութեան» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

Յաջորդը

Պասիլ. «Երուսաղէմը Մեզի Համար Առաջնահերթութիւն Է, Եւ Զայն Քաոսի Մատնելը Շրջանին Վրայ Իր Հետեւանքները Պիտի Ունենայ»

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Նոյեմբեր 1, 2025
Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?