Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն Շնորհակալական Նամակ Մը Ստացաւ Մահմուտ Ապպասէն

December 12, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ Պաապտայի մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Պաղեստինեան իշխանութեան դեսպան Աշրաֆ Տապպուրը, որմէ ստանձնեց շնորհակալական նամակ մը` յղուած Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասէն:

Ապպաս շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունի, որ խստօրէն դատապարտած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատելու յայտարարութիւնը:

Ապպաս շնորհակալութիւն յայտնեց նախագահ Աունի Պաղեստինեան դատին ու պաղեստինցիներուն նկատմամբ անոր ցուցաբերած զօրակցութեան, ինչպէս նաեւ Արաբական լիկայի նիստին ընթացքին արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլի արտասանած խօսքին համար:

Տապպուր նախագահ Աունի փոխանցեց նաեւ Մահմուտ Ապպասի կատարած խորհրդակցութիւններուն մանրամասնութիւնները` ամերիկեան որոշումն ու անոր հետեւանքները հակակշռելու իմաստով:

Տապպուր ընդգծեց, որ արդէն իսկ կարեւոր է արաբական արտակարգ վեհաժողով մը գումարել` մէկտեղելու համար արաբական ճիգերը, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի հզօր կերպով պայքարիլ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարող ամերիկեան որոշումին դէմ:

Միւս կողմէ, նախագահ Աունի այցելեց նաեւ Հարաւային Քորէայի նախագահական յատուկ պատուիրակ Ճունկ Սուք Իմը, որ նախագահ Աունի փոխանցեց Հարաւային Քորէայի նախագահէն նամակ մը, որուն մէջ փափաք յայտնուած էր բարելաւելու երկկողմանի յարաբերութիւնները:

Նախագահ Աուն հանդիպումին ընթացքին շեշտեց, որ Թրամփի որոշումը սխալ է` աւելցնելով, որ այդ սխալը կը սրբագրուի այդ որոշումը յետս կոչելով:

Նախագահ Աուն շեշտեց նաեւ, որ Թրամփի որոշումը կը խախտէ ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդէն եւ ՄԱԿ-ի ընդհանուր ժողովէն բխած միջազգային բոլոր որոշումները:

Ան նշեց, որ Պոլսոյ մէջ գումարուելիք վաղուան վեհաժողովին ընթացքին ինք իսլամական պետութիւններուն նախագահներէն պիտի պահանջէ տալ անհրաժեշտ որոշումներ, որոնք կը պահպանեն Երուսաղէմի արաբականութիւնը, «իսկ ՄԱԿ պէտք է յանձնառու մնայ իր տուած որոշումներուն գործադրութեան, այլապէս ան ինքն իր դերակատարութիւնը ջնջած պիտի նկատուի: Անկարելի է, որ ժողովուրդ մը իր երկրէն եւ հողէն դուրս շպրտուի այլ ժողովուրդի մը հարցը լուծելու համար», հաստատեց նախագահ Աուն:

Նախորդը

Շարլ Արպիտ Ընտրուեցաւ Տնտեսական – Ընկերային Խորհուրդի Նախագահ

Յաջորդը

«Երուսաղէմն Ու Պաղեստինը Պիտի Դառնան Դիմադրութեան Առանցքին Առաջնահերթութիւնները» Շեշտեց Սէյիտ Նասրալլա

RelatedPosts

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային  Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք,  Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»
Գլխաւոր լուրեր

Քաց. «Հըզպալլայի Զինաթափումէն Առաջ Հարաւային Լիբանանի Մէջ Ապահովական Գօտիէն Պիտի Չհեռանանք, Պիտի Չնահանջենք Կամ Վերատեղակայում Պիտի Չկատարենք»

September 15, 2026
Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ  Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան  Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»
Լիբանանեան

Շենքըր. «Լիբանանի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Շրջագծային Համաձայնութիւնը Իսրայէլեան Ընտրութիւններէն Առաջ Պիտի Չվճռուի»

September 15, 2026
Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները`  Հոկտեմբերի՞ն
Լիբանանեան

Լիբանան-Իսրայէլ Բանակցութիւնները` Հոկտեմբերի՞ն

September 15, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.