Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Աուն. «Թրամփի Քայլը Կը Ջլատէ Միացեալ Նահանգներու Մեծ Պետութիւն Ըլլալու Իրականութիւնը»

December 14, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աուն երէկ ուղղուեցաւ Պոլիս, ուր մասնակցեցաւ Երուսաղէմի նուիրուած Իսլամական համագործակցութեան կազմակերպութեան արտակարգ վեհաժողովին` ներկայացնելով Լիբանանը:

Նախագահ Աունի ընկերակցեցաւ արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ, որ իբրեւ Լիբանանի ներկայացուցիչ մասնակցեցաւ վեհաժողովը կանխող նախարարական նիստին:

Պասիլ ընդգծեց վեհաժողովէն յստակ ու քաջ որոշումներով դուրս գալու կարեւորութիւնը` լաւապէս ըմբռնելով Երուսաղէմին հասած վտանգին չափն ու կշիռը:

Իր կարգին, նախագահ Աուն նշեց, որ հակառակ անոր որ Պելֆորի ուխտը կոչ ուղղած է ոչ հրեայ համայնքներուն քաղաքացիական եւ կրօնական իրաւունքները յարգելու, սակայն գետնի վրայ Իսրայէլ ամէն տեսակի իրաւունք ոտնահարած եւ պաղեստինեան հողերուն վրայ ամէն տեսակի մաքրագործում կատարած է:

Նախագահ Աուն յայտնեց, որ այսօր Իսրայէլ պատմութեան հունին հակառակ ուղղութեամբ թիավարող յղացքով կը գործէ` սպառնալով մարդկութեան եւ ժողովուրդներուն պատմութեան: Նախագահ Աուն շեշտեց, որ ոչ ոք առանձինն կրնայ ապրիլ` աւելցնելով, որ աշխարհը կ՛ուղղուի դէպի բազմազանութիւն:

«Իսրայէլեան պետութեան հրէացումով եւ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք յայտարարելով ջնջուած կ՛ըլլան երկու հիմնական կրօններ, որոնց կը հաւատան աշխարհի բնակչութեան աւելի քան կէսը: Կրնա՞ք երեւակայել քրիստոնեաներն ու իսլամները առանց Ս. Յարութեան եկեղեցւոյ, Բեթղեհէմին եւ Աքսայի մզկիթին եւ պաղեստինեան սրբավայրերուն», հարց տուաւ նախագահ Աուն:

Ան շեշտեց, որ Երուսաղէմը իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաքը հռչակելու իմաստով Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի քայլը կը ջլատէ Միացեալ Նահանգներու մեծ պետութիւն մը ըլլալու իրականութիւնը, այլ խօսքով` ան կը կորսնցնէ պաղեստինեան դատի խաղաղ լուծման նպատակով կատարուող բանակցութիւններուն օժանդակելու իր հեղինակութիւնը:

Նախագահ Աուն խստիւ դատապարտեց Իսրայէլի հիմնուած օրէն ի վեր գործուած իսրայէլեան բռնարարքները, ինչպէս նաեւ անոր նկատմամբ ցուցաբերուած միջազգային բարեացակամութիւնը եւ յղփացման քաղաքականութիւնը:

Ան լուսարձակի տակ առաւ արաբական երկիրներուն միջեւ տարակարծութիւններն ու լարուածութիւնները` շեշտելով, որ արաբեւիսրայէլեան տագնապը վերածուած է միջարաբական եւ միջիսլամական տագնապի մը` ընդգծելով անոր վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը: «Տիրող այս կացութենէն միակ օգտուողը Իսրայէլն է», ըսաւ ան:

Նախագահ Աուն նաեւ ընդգծեց, որ տնտեսական եւ դիւանագիտական մակարդակի վրայ անհրաժեշտ է պատժական խիստ միջոցներ որդեգրել այն երկրին նկատմամբ, որ Երուսաղէմը կը ճանչնայ իբրեւ Իսրայէլի մայրաքաղաք:

«Մեր նպատակը կը մնայ խաղաղութիւնը, իսկ առանց արդարութեան խաղաղութիւն անկարելի է հաստատել, ինչպէս նաեւ առանց իրաւունքները յարգելու անկարելի է արդարութիւն պարտադրել: Հետեւաբար մենք կառչած կը մնանք Խաղաղութեան արաբական նախաձեռնութեան», ըսաւ ան:

Նշենք նաեւ, որ նախագահ Աուն Պոլսոյ մէջ հանդիպումներ ունեցաւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի, Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի, Յորդանանի Ապտալլա Բ. թագաւորին, Քաթարի իշխան շէյխ Թամիմ պըն Համատ Ալ Թանիի, Քուէյթի իշխան Սապահ Ահմետ Ժապեր Սապահի, ինչպէս նաեւ Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանիի հետ:

Նախորդը

Պըրրի. «Լիբանան Արաբներուն Ձայնն Է` Ամերիկեան Որոշումին Դէմ»

Յաջորդը

Հայ Սպան Կացինահարած Սաֆարովի Զինուորական Կոչումը Կը Բարձրանայ

RelatedPosts

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը,  Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները  Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը  Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Սէուտական Արաբիան, Քաթարը, Քուէյթն Ու Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները Ինձմէ Խնդրեցին Իրանի Կացութիւնը Որոշ Ատեն Այսպէս Պահել»

November 14, 2026
Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան  Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ  Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»
Գլխաւոր լուրեր

Քուշներ. «Առանց Եւրոպացիներու Ներկայութեան Մոսկուայի Եւ Քիեւի Միջեւ Համաձայնութիւն Կարելի Չէ Կնքել»

November 14, 2026
Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն  Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական  Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան
Գլխաւոր լուրեր

Եւրոպական Երկիրները Պատրաստակամութիւն Յայտնած Են Աջակցելու Հայաստանի Տնտեսական Եւ Ուժանիւթային Անկախութեան

November 14, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.