Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մաշնուք. «Լիբանան Իրականացուցած Է Բացառիկ Նուաճումներ` Շնորհիւ Իր Ապահովական Կառոյցներուն Զգաստութեան»

Դեկտեմբեր 14, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ շեշտեց, որ ապահովական առումով Լիբանան բացառիկ նուաճումներ իրականացուցած է` շնորհիւ իր ապահովական կառոյցներուն զգաստութեան:

Այս շրջագիծին մէջ Մաշնուք անդրադարձաւ ապահովական կառոյցներուն կողմէ կատարուած կանխարգելիչ գործողութիւններուն, որոնց շնորհիւ կարելի եղած էր մեծ թիւով քնացած ահաբեկչական բջիջներ կազմաքանդել, ինչպէս նաեւ ահաբեկիչներ ձերբակալել եւ անոնց զէնքերը, պայթուցիկ նիւթերն ու ականները գրաւել եւ վնասազերծել:

Մաշնուք շեշտեց նաեւ, որ լիբանանեան բանակը երկրին սահմաններուն հսկողութիւնը իր հակակշիռին տակ առած է եւ արգիլած ՏԱՀԵՇ-ի անդամներուն եւ ոեւէ ահաբեկիչի Լիբանան ապօրինի մուտքը:

Նշենք, որ Մաշնուք ընդունեց սուրիացի տեղահանուածներուն օժանդակութեան յատուկ սէուտական ազգային արշաւը ներկայացնող պատուիրակութիւն մը: Հանդիպումին ընթացքին Մաշնուք շեշտեց, որ Լիբանանի ներքին եւ արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միացեալ աշխատանքով կարելի եղած է սուրիացի տեղահանուածներու տունդարձի յատուկ ծրագիր մը մշակել` աւելցնելով, որ այդ ծրագիրը պիտի մշակուի սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծման յատուկ նախարարական յանձնախումբին կողմէ:

Մաշնուք յայտնեց, որ ինք լաւատես է այդ ծրագիրին վաւերացումին առումով:

Նախորդը

Իսլամական Համագործակցութեան Կազմակերպութեան Վեհաժողովը Երուսաղէմը Պաղեստինի Մայրաքաղաք Ճանչցաւ Եւ Կոչ Ուղղեց Ճանչնալու Պաղեստինեան Պետութիւնը

Յաջորդը

«Կառավարութիւնը Պիտի Ստորագրէ Կազի Եւ Նաւթի Բնագաւառին Վերաբերող Ներդրումի Առաջին Համաձայնագիրը» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

RelatedPosts

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն
Գլխաւոր լուրեր

Խորհրդարանի Փոխնախագահը Այցելեց «Շաղզոյեան» Կեդրոն

Հոկտեմբեր 18, 2025
Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»
Գլխաւոր լուրեր

Բագրատունի. «Քաղաքական Ընտրանքները Հաստատ Են, Իսկ Ընտրական Դաշինքները Փոփոխական Շահեր Են»

Հոկտեմբեր 18, 2025
Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ Աունի Եւ Պըրրիի Այցելեց

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?