Վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ լիբանանցիները շնորհաւորեց Լիբանանը` նաւթ արտադրող երկիր դառնալուն առիթով:
Միւս կողմէ, Հարիրի ընդունեց Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Պրունօ Ֆուշէն, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը եւ շրջանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի պետական հաստատութիւններուն, վարչութիւններուն եւ քաղաքապետարաններուն յղեց շրջաբերականներ, որոնց համաձայն` պետական հաստատութիւններուն եւ քաղաքապետարաններուն մէջ գործող պաշտօնեաներուն նուազագոյն աշխատավարձի յաւելում պէտք է ճշդուի:
Ըստ վարչապետին հրապարակած շրջաբերականին, 400.000 լ. ոսկիի նուազագոյն աշխատավարձ ստացող պաշտօնեան հարիւր առ հարիւր յաւելում կը ստանայ, պայմանով որ յաւելումը 375.000 լ. ոսկիի սահմանները չանցնի:
Իսկ 400.000-էն մինչեւ 1.500.000 լ. ոսկիի միջեւ ամսական աշխատավարձ ստացող պաշտօնեաները կը ստանան 9 առ հարիւրի յաւելում:
Այն պաշտօնեաները, որոնք 1.500.000 լ. ոսկի եւ աւելի աշխատավարձ ունին, ապա յաւելում չեն ստանար: