Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պասիլ. «Երուսաղէմը Մեզի Համար Առաջնահերթութիւն Է, Եւ Զայն Քաոսի Մատնելը Շրջանին Վրայ Իր Հետեւանքները Պիտի Ունենայ»

Դեկտեմբեր 13, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ հարցազրոյցի մը ընթացքին անդրադարձաւ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի յայտարարութիւններուն` վերահաստատելով, որ Երուսաղէմը Լիբանանի համար առաջնահերթութիւն է: Ան աւելցուց, որ Երուսաղէմը քաոսի մատնելը շրջանին վրայ պիտի ունենայ իր հետեւանքները:

Պասիլ շեշտեց, որ շրջանին մէջ մեկուսացումը լուծում չէ, այլ` իրարու բացուելու եւ բազմազանութիւն ապրելու ճշմարտութիւնն է իսկական լուծումը: «Եթէ մենք չկարենանք Երուսաղէմը ընդունիլ իբրեւ բոլորին քաղաքը, ապա ինչպէ՞ս պիտի կարենանք խաղաղութեամբ ապրիլ», հարց տուաւ Պասիլ:

Միւս կողմէ, երեսփոխան Ժըպրան Թուէյնիի նահատակութեան 12-ամեակին առիթով Պասիլ ընդգծեց, որ անոր յիշատակը վառ կը մնայ լիբանանցիներուն յիշողութեան մէջ` լուսաւորելով Լիբանանը:

Նշենք, որ Ազգային ազատ հոսանք կուսակցութեան ղեկավար Պասիլի նախագահութեամբ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումը երէկ գումարեց իր ընթացիկ նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները:

Նիստէն ետք արդարութեան նախարար Սելիմ Ժրայսաթի յայտնեց, որ Արաբական լիկայի նիստին ընթացքին Պասիլ հաստատած է Երուսաղէմի արաբական ինքնութիւնն ու պաղեստինցի գաղթականներու տունդարձի արդար իրաւունքը:

Ժրայսաթի ընդգծեց, որ Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաքը նկատող ինքնագլուխ որեւէ որոշում, այս պարագային ամերիկեան որոշումը, կը հակադրուի միջազգային օրինականութեան, ինչպէս նաեւ ՄԱԿ-ի, Ապահովութեան խորհուրդի, ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի եւ Արդարութեան միջազգային ատեանի որոշումներուն հետ:

Ժրայսաթի յայտնեց, որ անցնող մէկ տարուան ընթացքին Լիբանան իր հանրապետութեան հզօր նախագահով եւ իշխանութիւններուն միամեայ աշխատանքով կրցած է ինքզինք փաստել ու նուաճումներ իրագործել, յատկապէս լիբանանեան ներքին քաղաքական կայունութիւնն ու երկրին ապահովական անդորրը պահպանելու իմաստով:

Ան նշեց, որ այս աշխատանքը արդիւնաւէտ է` աւելցնելով, թէ Լիբանան յանձնառու է, որ մարտահրաւէրներ դիմագրաւելու պարագային միջազգային ընտանիքը օժանդակէ այդ հարցերուն լուծման:

Ժրայսաթի ըսաւ, որ կառավարութեան գումարելիք վաղուան նիստը բազմաթիւ աշխատանքներ կ՛ընդգրկէ` աւելցնելով, որ Լիբանան ինքզինք աշխարհի քարտէսին վրայ դարձեալ կրցած է պարտադրել:

 

Նախորդը

«Լիբանան Կը Գտնուի Հսկայ Բարգաւաճումի Սեմին» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

Յաջորդը

Նախագահ Աուն Այսօր Լիբանանը Կը Ներկայացնէ Իսլամական Գործակցութեան Խորհուրդի Արտակարգ Վեհաժողովին

RelatedPosts

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը
Գլխաւոր լուրեր

Նախարարաց Խորհուրդը Գումարեց Իր Նիստը

Հոկտեմբեր 30, 2025
Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ  Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»
Լիբանանեան

Օրթէյկըս. «Լիբանանեան Բանակը Այժմ Պէտք Է Իր Ծրագիրը Ամբողջութեամբ Գործադրէ»

Հոկտեմբեր 30, 2025
Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Պըրրի. «Պատերազմ Չկայ, Եւ Մթնոլորտը Դրական Է»

Հոկտեմբեր 30, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?