Երուսաղէմի Մասին Ամերիկեան Որոշումին Դէմ Աուքարի Ցոյցը Վերածուեցաւ Ցուցարարներուն Եւ Ապահովութեան Ուժերուն Միջեւ Բախումներու
Պաղեստինեան խմբաւորումներ, ձախակողմեան երիտասարդական միութիւններ, Մուրապիթուն, Համայնավար եւ Ղովմի կուսակցութիւնները եւ շարք մը այլ շարժումներ երէկ առաւօտեան բողոքի ցոյց մը կատարեցին Աուքարի մէջ` ամերիկեան դեսպանատան դիմաց: Խաղաղօրէն սկսած ցոյցին ընթացքին ցուցարարները դատապարտեցին Երուսաղէմի վերաբերող Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը: Աուքարի հրապարակին վրայ կատարուած ցոյցին խաղաղութիւնը սակայն երկար չտեւեց, երբ երիտասարդները սկսան իրենց իսկ ապահովութեան հսկող ապահովութեան ուժերը քարկոծել, հետեւաբար...




















