Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Պերի. «Շարունակել Աշխուժ Աշխատանքը` 1701 Բանաձեւի Աննախատեսելի Խախտումներէն Խուսափելու Համար»

Դեկտեմբեր 16, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հարաւային Լիբանանի մէջ տեղակայուած ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու ընդհանուր հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերի, ՄԱԿ-ի Ռաս Նաքուրայի կեդրոնին մէջ, լիբանանեան բանակի բարձրաստիճան սպաներու եւ իսրայէլեան ուժերուն հետ 2017 թուականին կատարուելիք եռակողմ հանդիպումներուն եօթներորդ եւ եզրափակիչ հանդիպումը նախագահելու ընթացքին բարձր գնահատեց վերջին տասնմէկ տարիներուն ընթացքին սահմանային Կապոյտ գիծի երկայնքին եւ ՖԻՆԻՒԼ-ի գործողութիւններու տարածքին յարաբերական հանդարտութիւնն ու կայունութիւնը:

Ան մատնանշեց, որ այս աննախադէպ հանդարտութեան ժամանակահատուածը մեծապէս նպաստեց Կապոյտ գիծի երկայնքին ապրող հասարակութիւններուն:

Պերի նշեց, որ ՖԻՆԻՒԼ-ի ուժերուն համար կացութիւնը յստակ է, յատկապէս գործողութիւններու տարածքին մէջ, ուր բնակչութիւնը կը զարգացնէ իր տնտեսական ու ընկերային կարելիութիւնները, Ասիկա վկայութիւն է բոլոր քաղաքացիներուն խաղաղ ապրելու անկեղծ ցանկութեան` վստահելով կայուն եւ ապահով ապագայի մը: Ան կոչ ուղղեց երկու կողմերուն շարունակելու եռակողմ հանդիպումները եւ գործակցելու` Կապոյտ գիծի հանդարտութեան, ինչպէս նաեւ վերջին տասնամեակին իրագործուած ձեռքբերումները պահպանելու համար:

Պերի յստակացուց նաեւ, որ 8 նոյեմբեր 2017-ին վերջին եռակողմ հանդիպումէն ի վեր, Կապոյտ գիծի երկայնքին յարաբերաբար աւելի քիչ խախտումներ եւ ցամաքային միջադէպեր արձանագրուած են` մասնաւորելով, որ վերջին չորս շաբաթներուն ընթացքին ՖԻՆԻՒԼ-ի` շարժումին ազատութեան հետ առնչուած հարցեր տեղի չեն ունեցած: Վերջապէս, ան կոչ ուղղեց քաղաքական կողմերուն շարունակելու աշխուժ աշխատանքն ու ի գործ դրուած ջանքերը` 1701 բանաձեւի աննախատեսելի խախտումներէն խուսափելու համար:

Պերի նաեւ յոյս յայտնեց հասնելու ժամանակաշրջանի մը, ուր չըլլան տեղեկագրութեան արժանի միջադէպեր:

Նախորդը

Նախագահ Սերժ Սարգսեանի Գլխաւորութեամբ Ազգային Անվտանգութեան Խորհուրդի Նիստ

Յաջորդը

Վարչապետ Հարիրի Շնորհաւորեց Լիբանանցիները Լիբանանը Նաւթ Արտադրող Երկրի Մը Վերածուելուն Առիթով

RelatedPosts

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ.  Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աունին Յղած Իր Նամակին Մէջ. Մաքրոն. «Վճռակամ Ենք Բանակի Աջակցութեան Եւ Լիբանանի Վերականգնման Երկու Խորհրդաժողովները Կազմակերպելու»

Հոկտեմբեր 15, 2025
Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»
Լիբանանեան

Իզզէտտին. «Պատերազմը Բաց Է Բոլոր Կարելիութիւններուն Վրայ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»
Լիբանանեան

ՖԻՆԻՒԼ. «Խաղաղապահ Ուժերու 25 Առ Հարիւրով Կրճատումը Հարաւային Լիբանանի Մէջ Գործող Առաքելութիւնը Կը Դնէ Մեծ Մարտահրաւէրներու Առջեւ»

Հոկտեմբեր 15, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?