Լիբանանեան

Բանակին Եւ Քաղաքացիներուն Շարքերուն Մէջ  Արձանագրուած  Նահատակներուն Թափած Արիւնը  Սակարկութեան Կարելի Չէ Ենթարկել

Բանակին Դէմ Արիւնալի Ոճիրներ Գործած Հիւսնի Զայիմ Կալանաւորուեցաւ

Բանակի հրամանատարութիւնը երէկ հաղորդագրութեամբ մը յայտարարեց, թէ հետապնդումներէ ետք յաջողած է ձերբակալել Հիւսնի Զայիմ անունով ծանօթ ահաբեկիչը, որ գլխաւոր պատասխանատուներէն էր 2014-ին լիբանանեան բանակին դէմ գործուած արիւնալի յարձակումներուն: Խիստ խուզարկումներէ ետք բանակը յաջողած է յայտնաբերել անոր թաքստոցը, ուր ան պահուըտած էր առանձնասենեակի մը մէջ: Բանակը նախանցեալ օր նաեւ ձերբակալեց Ապտել Պասեթ Ամմուն անունով  փախստական յանցագործ մը, որ Պէյրութի Հարաւային արուարձաններու...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՏՕՆԱԿԱՆ օրերու սեմին, երէկ արտակարգ խճողում տիրեց մայրաքաղաքի թաղամասերուն, յատկապէս` գլխաւոր մայրուղիներու մուտքերուն: ԶԻՆՈՒՈՐԱԿԱՆ դատախազ Ֆատի Սաուան երէկ հարցաքննեց Ապու Թաքիէ անունով ծանօթ Մուսթաֆա Ահմետ Հուժէյրին: Ան կը մեղադրուի երիտասարդները ահաբեկչական խումբերու անդամակցութեան մղելու, ահաբեկիչները ֆինանսաւորելու եւ ահաբեկիչներու անձնաթուղթերու զեղծարարման ու ապօրինի զէնք կրելու յանցանքներով: Դատախազ Սաուան ձերբակալման հրամանագիր արձակեց Ապու Թաքիէի դէմ: ԱՐԴԱՐԱԴԱՏՈՒԹԵԱՆ նախարար Սելիմ Ժրայսաթի կոչ ուղղեց բոլորին`...

Հետզհետէ Շեշտուող Արտաքին Զօրակցութեամբ Ամրապնդուած.  Լիբանան Կը Ջանայ Ամրագրել Ներքին Ճակատի Կայունութիւնը

Հետզհետէ Շեշտուող Արտաքին Զօրակցութեամբ Ամրապնդուած. Լիբանան Կը Ջանայ Ամրագրել Ներքին Ճակատի Կայունութիւնը

«Ձեր արձակելիք վճիռներուն սկզբունքները թող ըլլան օրէնքը, արդարութիւնն ու ձեր խիղճը», յայտարարեց նախագահ Միշել Աուն երէկ` ընդունելով դատական պատուիրակութիւն մը: Նախագահ Աուն ընդգծեց, որ լրատուական ազատութեան գերագոյն չափանիշը պէտք է ըլլայ նոյնինքն ազատութիւնը: Օրէնք, արդարութիւն, ազատութիւն. բառեր, որոնց լիիրաւ գործադրման ու որդեգրման համար Լիբանան ցարդ շատ սուղ գին վճարած է: Ու այսօր այս քանի մը բառերը իրենց մէջ կը խտացնեն...

Խորհրդարանական Չորեքշաբթի Օրուան Հերթական  Հանդիպումին  Պըրրի. «Առկախ Հարցերուն Լուծումը Կը Թողում Նախագահի Հայեցողութեան»

Խորհրդարանական Չորեքշաբթի Օրուան Հերթական Հանդիպումին Պըրրի. «Առկախ Հարցերուն Լուծումը Կը Թողում Նախագահի Հայեցողութեան»

«Հակառակ սպաներու հարցի կարեւորութեան, այդ հարցին գծով ոչինչ կ՛ուզեմ աւելցնել եւ անոր լուծումը կը թողում նախագահ Աունի հայեցողութեան», յայտարարեց երեսփոխան Ալի Պեզզի երէկ` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի վերագրելով իր խօսքերը: Արդարեւ, չորեքշաբթի օրուան հերթական խորհրդարանական հանդիպումին ներկայ գտնուած երեսփոխաններուն հետ խորհրդակցելով` Պըրրի քննարկած է երկրին ընդհանուր իրավիճակը, վերջին իրադարձութիւններուն լոյսին տակ: Այս ծիրին մէջ երեսփոխան Ալի Ամմար խորհրդարանի նախագահին ներկայացուցած...

Ընկերային-Տնտեսական Պահանջները Կը Շարունակուին

Ընկերային-Տնտեսական Պահանջները Կը Շարունակուին

Ընկերային, կրթական եւ տնտեսական պայմաններու պահանջներն ու յատկապէս`   աշխատավարձերու հետապնդման ճիգերը օրըստօրէ սաստիկ բնոյթ կը ստանան մէկէ աւելի բնագաւառներու մէջ: Արդարեւ, Ժունիէի Սայտեթ Լուէյզէ վարժարանի տնօրէնութիւնը այսօր` հինգշաբթի փակ պիտի պահէ իր դռները, խուսափելու համար հաւանական որեւէ անբաղձալի քայլերէ: Վարժարանին ծնողական խորհուրդը երէկ Զուք Մուսպեհի մայրուղիին վրայ նստացոյց մը կազմակերպեց` իբրեւ բողոք կրթաթոշակի գիներու յաւելման դէմ: Աւելի ուշ վարժարանի տնօրէն...

«Կայ Այլ ՏԱՀԵՇ Մը, Որ Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժեր Կը Կոչուի» Ըսաւ Մըքտատ

«Կայ Այլ ՏԱՀԵՇ Մը, Որ Սուրիոյ Ժողովրդավարական Ուժեր Կը Կոչուի» Ըսաւ Մըքտատ

Սուրիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Ֆայսալ Մըքտատ յայտնեց, որ Սուրիան տակաւին կը գտնուի ճակատամարտի մէջ, «եւ մեր ուշադրութիւնը գրաւեց Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքը աջակցութիւն ստացող ահաբեկչական նոր ՏԱՀԵՇ խմբաւորում մը»: «Կայ այլ ՏԱՀԵՇ մը, որ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժեր կը կոչուի, եւ Ամերիկան կը փորձէ անոր աջակցիլ` ընդդէմ սուրիացի ժողովուրդին կամքին: Անոնք կը ծառայեն Միացեալ Նահանգներուն, Սուրիոյ ժողովուրդին ու պետութեան դէմ արեւմտեան ծրագիրներուն», նշեց...

Երեսփոխան Ապու Ֆաուր Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

Երեսփոխան Ապու Ֆաուր Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

Երեսփոխան Ուաէլ Ապու Ֆաուր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պետ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ գործուղուելով, այցելեց Այն Թինէ, ուր խորհրդարանի նախագահին հետ քննարկեց օրուան հրատապ հարցերը: Այս առիթով Ապու Ֆաուր յայտնեց, թէ խորհրդարանի նախագահին եւ երեսփոխան Ժոմպլաթի միջեւ կը տիրէ հասկացողութիւն եւ համաձայնութիւն` հարցերը քննելու եւ տնօրինելու` մեկնելով սահմանադրական սկզբունքներու տրամադրութիւններէն:

Փորձառուներու Կարծիքով…

Փորձառուներու Կարծիքով…

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ Իսկական դալար ծառը աւելի կը դիմանայ եւ փուշերը նուազ կը թափին, եթէ անոր բունը խաչաձեւ ճեղքենք եւ զայն տնկենք խոնաւ հողով դոյլի մը մէջ: * * * Նախքան տօնածառը զարդարելը, թելադրելի է անոր վրայ սրսկել հաւասար համեմատութեամբ կլիսերինի եւ ջուրի խառնուրդ մը: * * * Որպէսզի տօնածառը երկար դիմանայ, անոր հողին կոճղին շուրջը 3-4 օրը անգամ մը...

Մոկերինիի Այցելութեամբ` Միջազգային  Զօրակցութեան Մթնոլորտի Մէջ.  Կառավարութիւնը Վերահաստատեց Իր Յանձնառութիւնը`  Երկրի Առկախ Հարցերու Լուծման  Եւ Վստահութեան Ամրագրման Խոստումով

Մոկերինիի Այցելութեամբ` Միջազգային Զօրակցութեան Մթնոլորտի Մէջ. Կառավարութիւնը Վերահաստատեց Իր Յանձնառութիւնը` Երկրի Առկախ Հարցերու Լուծման Եւ Վստահութեան Ամրագրման Խոստումով

Լիբանանի կայունութեան եւ անդորրութեան ամրապնդման գծով արտաքին, յատկապէս` միջազգային երաշխիքներու եւ յանձնառութեան իբրեւ ցուցանիշ, Եւրոպական Միութեան բարձրաստիճան յանձնակատար Ֆրետերիքա Մոկերինի երէկ` Լիբանան կատարած իր այցելութեան ընթացքին, վերահաստատեց միջազգային այս կազմակերպութեան զօրակցութիւնը Լիբանանի կայունութեան ու բարգաւաճման ճիգերուն: Մոկերինի, որուն կ՛ընկերանար Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան դեսպան Քրիստինա Լասըն, իր գլխաւորած պատուիրակութեան ընկերակցութեամբ անջատ հանդիպումներ ունեցաւ երկրի երեք իշխանութեանց եւ արտաքին գործոց նախարարին...

Մերժելով  Աշխատավարձերու Որեւէ Յաւելում.    Վարչապետ Հարիրի. «Յառաջիկայ Տարի  Մեծ Ժամկէտներ Ունինք  Իրագործելիք»

Մերժելով Աշխատավարձերու Որեւէ Յաւելում. Վարչապետ Հարիրի. «Յառաջիկայ Տարի Մեծ Ժամկէտներ Ունինք Իրագործելիք»

«Հպարտ եմ, որ գործակցեցայ այս կառավարութեան հետ, որ ի շահ Լիբանանի որդեգրեց ինքզինք զանց կացուցելու քաղաքականութիւնը», երէկ յայտարարեց վարչապետ Սաատ Հարիրի: Իր գլխաւորած կառավարական նիստին սկզբնաւորութեան արտասանած իր խօսքին մէջ վարչապետ Հարիրի յայտնեց, թէ յառաջիկայ տարի մեծ ժամկէտներ ունինք գործադրելիք, որոնց առաջինը երեսփոխանական ընտրութիւններն են: Ընդգծելով, որ այդ ընտրութիւնները տեղի պիտի ունենան ճշդուած թուականին, վարչապետ Հարիրի կտրուկ կերպով մերժեց աշխատավարձի...

Պասիլ Ամոլը Այցելեց Երեսփոխան  Ուալիտ Ժոմպլաթի

Պասիլ Ամոլը Այցելեց Երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի

Արտաքին գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ երէկ երեկոյ իր կնոջ` Շանթալի հետ, այցելեց Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան պետ, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպաթի, Քլեմանսոյի անոր բնակարանին մէջ: Խորհրդակցութիւնները կեդրոնացան երկրի ընդհանուր իրավիճակին եւ երկկողմանի յարաբերութեանց վրայ: Իր տղուն` Թէյմուրի եւ կնոջ` Նուրա Ժոմպլաթի ներկայութեան կայացած խորհրդակցութեանց աւարտին, Ժոմպլաթ Թուիթըրի իր էջին վրայ գրառում մը արձանագրեց` յայտնելով, որ նախարար Պասիլի հետ քաղաքական անկեղծ ու սիրալիր...

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի  Հերթական Նիստի Աւարտին.  Քանաան. «2018-ի Պիւտճէն Ռազմավարական  Անհրաժեշտութիւն Է»

Փոփոխութիւն Եւ Բարեկարգում Համախմբումի Հերթական Նիստի Աւարտին. Քանաան. «2018-ի Պիւտճէն Ռազմավարական Անհրաժեշտութիւն Է»

«2018-ի պետական պիւտճէն ռազմավարական անհրաժեշտութիւն է», ընդգծեց Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան երէկ` համախմբումի հերթական նիստի աւարտին: Ան յայտնեց, թէ տօնական օրերուն առիթով լիբանանցիներուն նուէրը այն է, որ համախմբումը պիտի մնայ անոնց իրաւունքներու հետապնդման երաշխիքը գործնապէս եւ ոչ միայն կարգախօսներով: Քանաան նշեց, որ ժողովականները քննած են շրջանի ու Լիբանանի նորագոյն իրադարձութիւնները, յատկապէս` Երուսաղէմի հարցը եւ այս...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ՇԱԲԱԹ օրէն ի վեր անյայտացած լիբանանցի ոսկերիչ Ժոզեֆ Ժորժ Ուարտի անշնչացած մարմինը երէկ առաւօտ գտնուեցաւ Պէյթ Միսք շրջանի ձորին մէջ, ուր ան իր ինքնաշարժով միասին ամբողջովին հրկիզուած վիճակի մէջ էր: Նախնական տեղեկութիւններու համաձայն, կ՛ենթադրուի, որ Ուարտ զոհ գացած է ինքնաշարժի արկածի մը: ՑՈՒՑԱՐԱՐՆԵՐ երէկ անջատեցին Աքքարի Պէյթ Մալլաթ շրջանի ելեկտրական հոսանքը` իբրեւ բողոք իրենց պահանջներու անտեսման դէմ: ՆԱՅԻՄԱ ընտանիքէն անդամ...

Դիւանագիտական Զօրակցութեան  Մթնոլորտի Մէջ.  Լիբանան Կը Փորձէ Ամրագրել  Իր Դիրքը Բոլոր Ճակատներուն Վրայ

Դիւանագիտական Զօրակցութեան Մթնոլորտի Մէջ. Լիբանան Կը Փորձէ Ամրագրել Իր Դիրքը Բոլոր Ճակատներուն Վրայ

Հետզհետէ դէպի կայունութիւն ընթացող շրջանային իրադրութեան լոյսին տակ, լիբանանեան իշխանութիւնները կը փորձեն ճիգ չխնայել իրենց միամեայ գործունէութեան էջը յաջողութեամբ պսակելու եւ ամրագրելու գերիշխանութեան եւ բարգաւաճման լիբանանեան սկզբունքներն ու ճիգերը: Այս ծիրին մէջ հանրապետութեան նախագահ Միշել Աուն երէկ վերահաստատեց Լիբանանի անզիջող կեցուածքը իսրայէլեան ոտնձգութիւններուն նկատմամբ: Նախագահ Աուն բուռն կերպով դատապարտեց հարաւային Լիբանանի Կապոյտ գիծի արեւելեան եւ արեւմտեան կողմերուն Իսրայէլի կողմէ բաժանման...

Դատապարտումի Խոր Ալիք Յառաջացուցած  Ոճիրին Շարժառիթները Քաղաքական Չեն.  Բրիտանիոյ Դեսպանը Այցելեց  Հազարապետ- Զօրավար Օսմանի

Դատապարտումի Խոր Ալիք Յառաջացուցած Ոճիրին Շարժառիթները Քաղաքական Չեն. Բրիտանիոյ Դեսպանը Այցելեց Հազարապետ- Զօրավար Օսմանի

Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըր երէկ այցելեց ներքին ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Օսմանի: Այս առիթով Բրիտանիոյ դեսպանը բարձր գնահատեց լիբանանեան ապահովական ուժերու աշխուժ գործունէութիւնը, որ կրցաւ ամէնէն կարճ ժամանակին քողազերծել եւ յայտնաբերել  շաբաթավերջին սպաննուած բրիտանացի երեսնամեայ պաշտօնեայ Ռեպեքա Տայքսի ոճրագործը: Դեսպան Շորթըր  շնորհակալութիւն յայտնեց հազարապետ-զօրավար Օսմանին` ներքին ապահովութեան ուժերու արագ գործելաձեւին համար: Ըստ լրատուական աղբիւրներու, ոճրագործը երթեւեկի «Իւպեր» թաքսիի ընկերութեան...

Հակառակ Ամերիկեան Վեթոյին.  Լիբանան Ողջունեց 14 Երկիրներու   Ի Նպաստ Երուսաղէմին Քուէարկութիւնը

Հակառակ Ամերիկեան Վեթոյին. Լիբանան Ողջունեց 14 Երկիրներու Ի Նպաստ Երուսաղէմին Քուէարկութիւնը

Լիբանան երէկ ողջունեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդին անդամ երկիրներէն 14-ին ի նպաստ Երուսաղէմի քուէարկութիւնը, որ սակայն մերժուեցաւ ամերիկեան վեթոյին պատճառով: Իր կարգին, Լիբանանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը ցաւ յայտնեց ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի նիստին ի նպաստ Երուսաղէմի որոշումի եզրայանգումին ձախողութեան համար: Արդարեւ, արաբական երկիրները ներկայացնող Եգիպտոսի ներկայացուցիչին եւ այլ անդամ երկիրներու ներկայութեան Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք ճանչցող ամերիկեան որոշումը բեկանելու ճիգերը ձախողեցան երէկ, երբ...

Բաց Գործադուլ` Զանազան Մարզերու Մէջ

Ընդառաջելով Աշխատաւորական ընդհանուր համադաշնակցութեան կոչին` ընկերային թէ կրթական բնագաւառներու պաշտօնեաներ երէկ սպառնացին բաց գործադուլ յայտարարել մինչեւ իրենց աշխատավարձերուն արդար կիրարկումը: Պետական մարզի ուսուցիչներու սենտիքայի պատասխանատուն մերժեց վարչապետ Սաատ Հարիրիի հրապարակած վերջին որոշումը` ամսաթոշակներու յաւելման հատուցման գծով, որ «մեծապէս կ՛անտեսէ ուսուցիչներու արդար իրաւունքները»: Նմանապէս, պետական հիւանդանոցներու պաշտօնեաներ եւ առողջապահական անձնակազմեր երէկ բաց գործադուլ  յայտարարեցին` սպասելով իրենց պահանջներու կատարման: Անոնք պիտի մերժեն...

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

ԼԵՌՆԱԼԻԲԱՆԱՆԻ դատախազ Նիքոլա Մանսուր երէկ մերժեց ընդունիլ պատկերասփիւռի հաղորդավար Մարսել Ղանեմի իրաւաբան երեսփոխան Պութրոս Հարպի ներկայացուցչութիւնը եւ բերման գիր հրապարակեց Ղանեմի դէմ: Ղանեմի դէմ նիստի թուական որոշուած է 4 յունուար 2018-ն: Հարպ այս գծով մամլոյ ասուլիս պիտի տայ այսօր: ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Պահիա Հարիրի երէկ հարաւի Մաժտելիուն շրջանի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Սայտայի Ապրա շրջանի դէպքերուն գծով արգելափակեալներու ընտանեկան պարագաներէն պատուիրակութիւն մը:...

Տօնական Օրերու Նախօրեակին Երկրին  Իշխանութիւնները Լծուած Են Տարեկան  Հաշուեփակի Եւ Խոստմնալից Նոր Էջ Բանալու

Տօնական Օրերու Նախօրեակին Երկրին Իշխանութիւնները Լծուած Են Տարեկան Հաշուեփակի Եւ Խոստմնալից Նոր Էջ Բանալու

Տօնական օրերու նախօրեակին երկրին իշխանութիւնները լծուած են փակելու միամեայ գործունէութեան էջը եւ նոր եռանդով դիմաւորելու խոստմնալից ծրագիրներու սկզբնաւորումը` քաղաքական, ընտրական, զբօսաշրջային, տնտեսական եւ այլ կենսական բնագաւառներու մէջ: Բնականաբար շրջանային քաղաքական թէ ապահովական արագընթաց դրական թէ ժխտական զարգացումներն ու անոնց հետեւող  փոփոխութիւնները իրենց համապատասխան արձագանգները կ՛ունենան նաեւ լիբանանեան հրապարակին վրայ: Այս առումով երէկ լիբանանեան զանազան շրջաններու մէջ յատուկ հաւաքներ եւ բողոքի...

Մաշնուք Ընտրական Խորհուրդները Հրաւիրեց  Աշխատանքի. 6 Մայիսին Լիբանանի Մէջ Կատարուելիք  Ընտրութիւններուն Համար, Իսկ 22 Եւ 27 Ապրիլին`  Արտերկրի Լիբանանցիներուն Համար

Մաշնուք Ընտրական Խորհուրդները Հրաւիրեց Աշխատանքի. 6 Մայիսին Լիբանանի Մէջ Կատարուելիք Ընտրութիւններուն Համար, Իսկ 22 Եւ 27 Ապրիլին` Արտերկրի Լիբանանցիներուն Համար

Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութեանց հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ կազմեց ընտրական խորհուրդները եւ զանոնք հրաւիրեց աշխատանքի` Լիբանանի մէջ տեղի ունենալիք երեսփոխանական ընտրութիւններուն եւ արտերկրի լիբանանցիներուն համար: Մաշնուքի ստորագրած հրամանագիրին համաձայն, Լիբանանի մէջ երեսփոխանական ընտրութիւնները պիտի կատարուին 6 մայիսին, իսկ արտերկրի լիբանանցիներուն համար 22 եւ 27 ապրիլը ճշդուած են Լիբանանի երեսփոխանական ընտրութիւններուն մասնակցելու օրեր: Մաշնուք այս որոշումները վերջնականացուց երեսփոխանական ընտրութիւնները կազմակերպող`...

Page 682 of 987 1 … 681 682 683 … 987

Արխիւներ