Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Հոգեւոր Պետերու Վեհաժողով. «Երուսաղէմի Մասին Ամերիկեան Որոշումը Ընդվզեցուցիչ Մարտահրաւէր Մըն Է»

December 15, 2017
| Գլխաւոր լուրեր, Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երէկ առաւօտեան Պքերքէի մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի հոգեւոր պետերու վեհաժողով մը` նախագահութեամբ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին:

Նիստին ներկայ գտնուեցան հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Ապտել Լաթիֆ Տըրիան, շիիներու գերագոյն խորհուրդի նախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան, տիւրզի համայնքի հոգեւոր պետ շէյխ Նայիմ Հասան, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս, Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ հայոց Գրիգոր Պետրոս Ի. կաթողիկոս պատրիարքը, Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, Պէյրութի հայ կաթողիկէ պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Գէորգ եպս. Ասատուրեան, Միջին Արեւելքի եկեղեցիներու խորհուրդին մէջ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ներկայացուցիչ, համալսարանի դասախօս դոկտ. Ժան Սալմանեան եւ լիբանանեան այլ համայնքները ներկայացնող հոգեւոր պետեր:

Նիստէն բխած պաշտօնական հաղորդագրութիւնը նշեց, որ իսլամ եւ քրիստոնեայ հոգեւոր պետերուն վեհաժողովը Երուսաղէմի մասին ամերիկեան որոշումը կը նկատէ ընդվզեցուցիչ մարտահրաւէր մը:

Հոգեւոր պետերը կտրականապէս մերժեցին այդ որոշումը եւ պահանջեցին յետս կոչել զայն` նկատի ունենալով, որ անիկա ապօրինի է եւ միջազգային ուխտերուն դէմ որոշում մը կը նկատուի:

Հաղորդագրութեան մէջ նշուեցաւ, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումը` Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաքը նկատելու եւ ամերիկեան դեսպանատունը հոն փոխադրելու մասին յայտարարութիւնները անհեթեթ են, նկատի ունենալով, որ Երուսաղէմ Պաղեստինի մայրաքաղաքն է:

Հոգեւոր պետերը նշեցին, որ Երուսաղէմը տարբեր ու բազմաթիւ սրբավայրեր կը պարունակէ եւ անիկա իւրաքանչիւր կրօնի համար խորհրդանիշ կը նկատուի, «իսկ Թրամփի որոշումը կ՛ընդվզեցնէ աւելի քան 3 միլիառ մարդ»:

Հոգեւոր պետերը հաստատեցին, որ Թրամփի ինքնագլուխ որոշումը կրնայ պատճառ դառնալ նաեւ, որ միջազգային օրինականութիւն վայելող այլ որոշումներ, ինչպէս` պաղեստինցի գաղթականներուն վերաբերող որոշումները փոփոխութեան ենթարկուին:

Լիբանանի հոգեւոր պետերը կոչ ուղղեցին արաբական երկիրներու ղեկավարներուն, ինչպէս նաեւ միջազգային հեղինակութիւններուն ճնշում բանեցնելու ամերիկեան վարչակազմին վրայ, որպէսզի ան հրաժարի այդ որոշումէն:

Անոնք շեշտեցին, որ իրենք կառչած կը մնան իսլամ-քրիստոնեայ համակեցութեան ու համերաշխութեան` տէր կանգնելով բոլորին իրաւունքներուն ու պարտականութիւններուն հանդէպ ցուցաբերուած յարգանքին, ինչպէս նաեւ ընդգծելով լիբանանեան սահմանադրութեան եւ Ազգային ուխտին նկատմամբ իրենց յանձնառութիւնը:

Հոգեւոր պետերը համաձայնութիւն յայտնեցին նաեւ հանրապետութեան նախագահ զօր. Միշել Աունի ներկայացուցած այն առաջարկին, թէ ՄԱԿ-ի հովանաւորութեամբ Լիբանանը պէտք է վերածել կրօններու եւ քաղաքակրթութիւններու միջեւ երկխօսութեան միջազգային կեդրոնի, համաձայն ազգային համերաշխութիւնը եւ կրօնական ու քաղաքակրթական բազմազանութիւնը յարգելու անոր արժանիքներուն:

Նախորդը

Ճոզըֆ Ֆոթել. «Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն Օժանդակութիւններ Տրամադրել Լիբանանեան Բանակին»

Յաջորդը

Կառավարութիւնը Վաւերացուց Նաւթի Պեղման Աշխատանքները Սկսելու Զոյգ Արտօնագիրները

RelatedPosts

Հանդիպում Հայ Ազգային Քոնկրեսի  Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան  Ներկայացուցիչներուն Միջեւ
Գլխաւոր լուրեր

Հանդիպում Հայ Ազգային Քոնկրեսի Եւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Ներկայացուցիչներուն Միջեւ

January 16, 2026
Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի
Գլխաւոր լուրեր

Յ. Բագրատունի Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահ Նեպիհ Պըրրիի

January 16, 2026
Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի Հետ  6 Նոր Համաձայնութիւններ Կնքեց
Լիբանանեան

Եւրոպական Միութիւնը Լիբանանի Հետ 6 Նոր Համաձայնութիւններ Կնքեց

January 16, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.