Պաշտպանութեան նախարար Եաագուպ Սարրաֆ ընդունեց Միջին Արեւելքի մէջ ամերիկեան բանակի կեդրոնական հրամանատարութեան ղեկավար զօր. Ճոզըֆ Ֆոթելը` ներկայութեամբ Լիբանանի մէջ Միացեալ Նահանգներու դեսպան Էլիզապեթ Ռիչըրտին:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցաւ ընդհանրապէս Միջին Արեւելքի եւ մասնաւորապէս Լիբանանի մէջ դէպքերու զարգացումները` կեդրոնանալով Միացեալ Նահանգներու կողմէ Լիբանանի յատկացուած զինուորական օժանդակութեան ծրագիրին վրայ:
Ֆոթել յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ յանձնառու են Լիբանանի եւ Ուաշինկթընի միջեւ զինուորական համագործակցութեան գոյատեւումին:
Բանակի Հրամանատարին Մօտ
Ամերիկեան պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժոզեֆ Աունի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան երկու երկիրներու բանակներուն միջեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ լիբանանեան բանակի տարբեր կարիքները` ամերիկեան զինուորական օժանդակութեան ծրագիրին լոյսին տակ:
Կողմերը այլ հանդիպում մը ունեցան` ներկայութեամբ սպայակոյտի պետ հազարապետ-զօրավար Հաթեմ Մալլաքի, Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Հիւկօ Շորթըրի, ինչպէս նաեւ Լիբանանի մէջ ՖԻՆԻՒԼ-ի միջազգային խաղաղապահ ուժերու հրամանատար զօր. Մայքըլ Պերիի: Հանդիպումին ընթացքին զեկուցուեցաւ Լիբանանի սահմաններու իրավիճակին, ցամաքային սահմաններու եւ Լիթանիի հարաւային հատուածի ջոկատներու առաջադրանքներուն, ինչպէս նաեւ այս միաւորներուն թեքնիք, մարտական եւ գումակային պէտքերուն մասին:
Ֆոթել հաստատեց, որ Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն օժանդակել լիբանանեան բանակին` տրամադրելով «Սքան Իկըլ» տիպի 6 ուղղաթիռներ եւ MD530G տիպի առանց օդաչուի վեց օդանաւեր` դրուատելով լիբանանեան բանակին արձանագրած յաջողութիւնը «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան ընթացքին:
Հանդիպումէն ետք, ամերիկեան պատուիրակութիւնը բանակի հրամանատարին ընկերակցութեամբ այցելեց Ֆիյատիէի Սպայից վարժարանը, ուր դիմաւորուեցաւ վարժարանի հրամանատարին եւ խումբ մը սպաներու կողմէ: Պատուիրակութիւնը ունկնդրեց զեկուցում մը` վարժարանի բաժիններուն, ինչպէս նաեւ վարժարանին մէջ դասաւանդուող նիւթերուն մասին, ապա այցելեց Միացեալ Նահանգներու բանակին կողմէ ընծայուած լեզուի աշխատանոցը, ինչպէս նաեւ վարժարանին մնացեալ բաժինները:
Վերջաւորութեան, զօր. Ֆոթել հանդիպեցաւ եւ զրոյց մը ունեցաւ Սպայից վարժարանի ուսանողներուն հետ, ապա ստորագրեց վարժարանի ոսկեմատեանին մէջ, եւ ստանձնեց շնորհակալութեան վահանակ մը` վարժարանի հրամանատարին կողմէ: