Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քաայի Մէջ. Ապպաս Իպրահիմ Բացումը Կատարեց Ընդհանուր Ապահովութեան Ուժերու Կեդրոնին

December 15, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ Քաայի մէջ բացումը կատարեց Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու կեդրոնին:

Այս առիթով ան բարձր գնահատեց Քաայի տոկալու եւ գոյատեւելու կամքը` հաստատելով, որ հակառակ բարգաւաճումի իմաստով անոր հսկայական կարիքներուն, Քաայի մէջ միշտ տիրական մնաց գոյատեւելու եւ դժուարութիւններուն տոկալու ու զանոնք յաղթահարելու կամքը:

Ապպաս Իպրահիմ նշեց, որ Քաա գիւղաքաղաքին անունը ուղղակիօրէն առնչուեցաւ նաեւ «Բարձունքներու արշալոյսը» գործողութեան յաջողութեան, Լիբանանը ահաբեկչութենէ մաքրագործելու ջանքերուն, ինչպէս նաեւ լիբանանեան ազգային համերաշխութեան պահպանումին:

Ապպաս Իպրահիմ դրուատեց նաեւ Պաալպեք-Հոմս սահմանին վրայ լիբանանեան վերջին գիւղին` Քաայի մէջ Ընդհանուր ապահովութեան ուժերու կեդրոնի բացումին որոշումը` հաստատելով, որ սահմանամերձ շրջանին մէջ այդ կեդրոնը արտակարգ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ` երկրին ապահովական կայունութիւնն ու քաղաքացիական անվտանգութիւնը պահպանելու իմաստով:

Ան ընդգծեց, որ այսպիսով այդ կեդրոնը Լիբանանի ու Սուրիոյ միջեւ կը նկատուի պատմական անցք մը եւ դարպաս մը:

Իպրահիմ շեշտեց, որ Քաայի բնակիչները պէտք է կառչած մնան իրենց դերակատարութեան, ազգային համերաշխութեան, աշխարհագրութեան, ինչպէս նաեւ երկրին օրինական, գործադիր եւ սահմանադրական իշխանութիւններուն գործունէութեան:

Ան շեշտեց օրէնքի գործադրութեան կարեւորութիւնը` հաստատելով, որ պէտք է գործել կատարեալ թափանցիկութեամբ եւ վերջ տալ փտածութեան` ամրապնդելով լիբանանեան բանակն ու ապահովական կառոյցները եւ նախանձախնդիր մնալով դատական իշխանութիւններուն անկախ գործունէութեան:

Նախորդը

Նեթանիահու Առանձնապէս Տպաւորուած Չէ Երուսաղէմի Հարցով Պոլսոյ Վեհաժողովէն

Յաջորդը

Ճոզըֆ Ֆոթել. «Միացեալ Նահանգներ Պիտի Շարունակեն Օժանդակութիւններ Տրամադրել Լիբանանեան Բանակին»

RelatedPosts

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
Լիբանանեան

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

October 10, 2026
Ժամացոյցին Սլաքները Մէկ Ժամ Ետ Տանիլ
Լիբանանեան

Ձմեռնային Ժամանակացոյցի Անցում` 24-25 Հոկտեմբերի Լուսցող Գիշերուան Ընթացքին

October 9, 2026
Այցելելով Նախագահ Աունին`  Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է  Լիբանանին Անհրաժեշտ  Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»
Գլխաւոր լուրեր

Այցելելով Նախագահ Աունին` Քալլաս. «Եւրոպական Միութիւնը Պատրաստ Է Լիբանանին Անհրաժեշտ Օժանդակութիւնները Տրամադրելու»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.