Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Միասնական Պիտի Մնանք` Ի Խնդիր Վեհ Լիբանանի Պաշտպանութեան» Շեշտեց Վարչապետ Հարիրի

December 13, 2017
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Նախկին երեսփոխան Ժըպրան Թուէյնիի նահատակութեան 12-րդ տարելիցին առիթով, վարչապետ Սաատ Հարիրի երէկ հաստատեց, որ իրենք կառչած կը մնան Թուէյնիի ուխտին, հետեւաբար յանձնառու են միասնական մնալու` ի խնդիր վեհ Լիբանանի պաշտպանութեան:

Միւս կողմէ, վարչապետ Հարիրի երէկ կէսօրէ ետք Կեդրոնական Պէյրութի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէն` ընկերակցութեամբ անոր զաւկին` Թոնի Ֆրենժիէի:

Հանդիպումէն ետք Սլէյման Ֆրենժիէ յայտնեց, որ Մարատա հոսանքը Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան հետ ընտրական դաշինք գոյացնելու կարգավիճակին մէջ չէ, այլ` երկխօսութեան ու խորհրդակցութեան կարգավիճակին մէջ:

«Մարատա հոսանքը կը գործէ ի խնդիր իր շահերուն ապահովումին, յատկապէս երբ հարցը կը վերաբերի երեսփոխանական ընտրութիւններուն», ըսաւ Ֆրենժիէ:

Ան նշեց, որ վարչապետին հետ քննարկած են շարք մը հարցեր, որոնք անցեալին եւ ապագային կը վերաբերին, եւ գրեթէ համաձայնած են մեծ թիւով թղթածրարներու շուրջ:

Ֆրենժիէ ըսաւ, որ մինչեւ երեսփոխանական ընտրութիւններուն թուականը տակաւին շատ բաներ կը փոխուին` աւելցնելով, որ իրենց դռները բոլորին դիմաց բաց են:

Վարչապետ Հարիրի նախագահեց նաեւ Մուսթաքպալ պլոքի նիստին, որուն ընթացքին շեշտուեցաւ, որ արաբական երկիրները ոչ մէկ ջանք պէտք է խնայեն` դէմ դնելու համար Երուսաղէմը Իսրայէլի մայրաքաղաք նկատող Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի որոշումին:

Մուսթաքպալ պլոքը գնահատեց Փարիզի մէջ Լիբանանի օժանդակ երկիրներու խորհրդաժողովին արդիւնքները, ինչպէս նաեւ դրուատեց յառաջիկայ տարուան ընթացքին ծրագրուած երեք խորհրդաժողովները, որոնք պիտի գումարուին Լիբանանի զօրակցութեան եւ սուրիացի տեղահանուածներու թղթածրարին լուծման նպատակով:

Նշենք, որ վարչապետ Հարիրի երէկ հրապարակեց պաշտօնական շրջաբերականներ, որոնց համաձայն, Ս. Ծննդեան եւ Նոր տարուան տօներուն առիթով լիբանանեան պետական հաստատութիւններն ու քաղաքապետարանները փակ պիտի պահեն իրենց դռները 25 դեկտեմբեր 2017-ին եւ 1 յունուար 2018-ին:

Պէտք է աւելցնել, որ նախանցեալ գիշեր վարչապետ Հարիրի ընդունած էր Պէյրութի բնակիչները ներկայացնող մեծաթիւ պատուիրակութիւն մը, որուն ներկայութեան հաստատած էր, որ երեսփոխանական ընտրութիւնները ճակատագրական պիտի ըլլան` աւելցնելով, որ քաղաքական կողմ մը փորձած է իրենց կռնակէն հարուածել` նշելով միաժամանակ, որ այդ եւ այլ հարցերու մասին ինք հինգշաբթի գիշեր սփռուելիք «Քալամ Նաս» յայտագիրին ընդմէջէն ունենալիք հարցազրոյցին ընթացքին բացայայտումներ պիտի կատարէ:

 

Նախորդը

Ռուհանի Յառաջիկայ Օրերուն Պիտի Այցելէ Ազրպէյճան

Յաջորդը

«Լիբանան Կը Գտնուի Հսկայ Բարգաւաճումի Սեմին» Շեշտեց Նախարար Կիտանեան

RelatedPosts

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու  Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի  Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Սալամ. «Լիբանանը Թմրեցուցիչներու Մաքսանենգման, Դրամ Լուալու Կամ Որեւէ Ապօրինի Գործունէութեան Միջանցք Պիտի Չըլլայ»

November 2, 2026
«Նախագահի Ընտրութեան Խնդիրը Անոր  Ինքնութեան Շուրջ Է, Եւ Առանց Ազգային Ինքնութեան  Կշիռ Ունեցող Նախագահ Մը Կարելի Չէ Ընդունիլ»  Կ՛ըսէ Շէյխ Քապալան
Լիբանանեան

Շէյխ Քապալան. «Լուծումը Ժողովրդային Լայնածաւալ Բողոքի Մէջ Է` Պատասխանատուութեան Ենթարկելու Լիբանանի Գոյութեան Սպառնացող Խմբակը»

November 2, 2026
Անդրադառնալով Տահր Պայտարի  Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին`  Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է  Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»
Լիբանանեան

Անդրադառնալով Տահր Պայտարի Պայթուցիկ Նիւթերու Հարցին` Հաժ Հասան. «Մեղադրանքը Անիրաւ Է Եւ Հիմնուած Քաղաքական Թելադրանքներու Վրայ»

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.